Կոչ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն

sevan-__a__r__” Կրօնական արժէքները վարկաբեկելու ” մեղադրանքով  2013թ. բացուած դատէն յետոյ ապօրինի շինարարութեան պատրուակով բացուած իրարայաջորդ  դատերու հետևանքով 2 Յունուար 2014 էն մինչև օրս բանտարկեալ է Սևան Նշանեան: Երկրի պաշտօնական տեսակէտին ընդիմադիր, լուսամիտ հայ մըն է ան և  ճիշդ այս պատճառաւ է, որ ազատազրկուած կ’ապրի մօտ 3 տարի:  

Նոյն մեղադրանքով  դատապարտուած էր դաշնակահար Ֆազըլ Սայը, որու վճիռը չեղեալ նկատուեցաւ վճռաբեկ ատեանի կողմէ: Իսկ Սևան Նշանեանը  իր հայ ինքնութեան պատճառաւ մնացած է  այս դատապարտութեան ենթական  և  դեռ կը շարունակուի իր դատաստանը: Սևան Նշանեան ենթարկուած է իրաւաբանական հանրասպանութեան, ի ցոյց մարդկանց առաջ քշուած ապօրինի շինարարութեան պատրուակով:

Եթէ իրավիճակն այսպէս չէ, ուրեմն Արդարադատութեան նախարարութիւնը կը հրաւիրենք ստանձնելու  իր պատասխանատոութիւնը: Սևան Նշանեանը  Թուրքիոյ սահմաններու մէջ միակ անձն է, որ դատապարտուած է  ապօրինի  շինարարութեան պատճառաւ: Ուստի՝ Արդարադատութեան նախարարութենէն կը պահանջենք Սևան Նշանեանին համար արդարութիւն:

Մենք ” Սևան Նշանեանի ազատութիւն և արդարութիւն  միջազգային կոմիտէ” ի անդամներս,  անոր բանտարկութեան պատիժը –մտքի և արտայայտութեան ազատութեան իրաւունքը– բնագրի շուրջ,  կը սահմանենք  իբր  անընդունելի պատժամիջոց:

Սևան Նշանեան միշտ պաշտպանած է Թուրքիոյ մէջ բազմամշակութային կեանքը և ջանք թափած է այդ գաղափարը տարածելու համար: Յատկապէս այդ ուղղութեամբ երկրի քաղաքացիներուն առաջարկելով թանկարժէք աւանդութիւն մը: Թուրքիայի հայրենակիցներուն կոչ կ’ընենք, որպէսզի տէր կանգնին այն լուսամիտ անձնաւորութեան,  որը պետութեան պատժական  յօրինուածքի  զոհը եղաւ:

Մարդկային իրաւունքներն ու մտքի արտայայտութեան ազատութիւնը պաշտպանող անձերն ու  հաստատութիւններու ներկայացուցիչները կը հրաւիրենք միջամուտ ըլլալու՝  25 հոկեմբեր 2016թ. երեքշաբթի օր, ժամը 11.45ին Սթանպուլ Չաղլաեանի Արդարադատութեան պալատի 70.րդ քրէական ատեանի մէջ տեղի ունենալիք դատական նիստին:

Սևան Նշանեանին ազատութիւն և արդարութիւն միջազգային կոմիտէ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ