19 Հոկտեմբեր 2016-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին, ուր ներկայ կը գտնուէր Կապի եւ Ճարտարագիտութեան նախարար Ալի ալ–Զաֆիրը, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունեցաւ եւ պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած դրոշմաթուղթ թողարկելու: Այս մասին կը հաղորդէ Perio News-ը։
Իր դիմումին մէջ դոկտ. Արիսեան ըսած է. «Առաջարկով կը դիմեմ Փոստային հաստատութեան յատուկ թեմաներով դրոշմաթուղթեր թողարկելու, որոնք նուիրուած ըլլան Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ասորիներու Սէյֆոյին»:
Նախարար ալ-Զաֆիրը, երեսփոխան դոկտ. Արիսեանին դիմումը իրականացնելու իր համաձայնութիւնը յայտնած է:
Նշենք, որ դրոշմաթուղթեր թողարկելու պատասխանատու մարմինը՝ Փոստային հաստատութիւնը կը պատկանի Կապի եւ Ճարտարագիտութեան նախարարութեան:
http://www.yerakouyn.com/?p=119415
Leave a Reply