ՎԷՏԱԹ ԹԻՒՐՔԱԼԻ. «1915-Ը ԱՅՍՕՐ Է / ՎԵՐՋԱՑԱՒ ՎԵՐՋԱՑԱՒ ՉՎԵՐՋԱՑԱՒ»

%d5%be%d5%a7%d5%bf%d5%a1%d5%a9-%d5%a9%d5%ab%d6%82%d6%80%d6%84%d5%a1%d5%ac%d5%abԳրեց` ՍԱԻԹ ՉԷԹԻՆՕՂԼՈՒ

Թարգմանեց` Հրանդ Գասպարեան

Հայկական Հարցը եւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը գրեթէ ամբողջական մակարդակով առաջին անգամ թրքերէն վէպի մը մէջ արծարծուեցաւ Վէտաթ Թիւրքալիի կողմէ: Վէտաթ Թիւրքալին թէ՛ այս նիւթին, թէ՛ փոքրամասնութիւններու առընչութեամբ անտարբեր գրող մը չէ: 2004 թուականին «Կորսուած վէպեր» [i] անուամբ հրատարակ ուած իր գիրքը, փոքրամասնութիւններու յիշողութեան մէջ անմոռանալի հետքեր թողած եւ «օրինական» շղարշով գործադրուած թալանելու գործողութեան` Ունեցուածքի Տուրքին պատճառած վէրքերը կը բնորոշէ.

«Ովսաննան մի քանի բառէ զատ թրքերէն չէր գիտեր: Միայն «վարնոց-ստորին» բառը չէր մոռնար եւ երբ մէկու մը բարկա նար այս բառը կը կրկնէր կիսատ հեգնելով: Ունեցուածքի Տուրքի ժամանակ, սեփական ամէն ինչը յափշտակուելու եւ դէպի Աշքալէ ուղարկուելու դէպքի պատճառով իր հօր` Սիրակ Յովսէբեանի զայրոյթի խօսքն էր «ստորին-ստորաբար» բառը»: Վարպետ հեղինակի վերջին ստեղծագործութիւնն է «Վերջացաւ վերջացաւ չվերջացաւ»[ii] անուամբ վէպը, որու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրուականը կը շրջի: Վէպի պատմական ակնարկին մէջ քօղարկուած է Ցեղասպանութիւնը: Վէպին մէջ կը պատմուի, երկրի իւրաքանչիւր թիզ հողի վրայ իր արիւնը ունեցող ժողովուրդի մը ինքնավստահ աղջկան մը հետ, 12 Սեպտեմբեր 1980-ի զինուորական յեղաշրջումի օրերուն Տիգրանակերտի մէջ բանտարկուած եւ այս պատճառով ալ ցնցուած Սեւ Ծովեան երիտասարդի մը սիրոյ մասին պատ մութիւնը: Վէպին մէջ նշուած պատմական անդրադարձերով մեր աշխարհագրութեան պատմական յիշողութիւնը կը վերակենդանա նայ եւ ներկայիս կը հասնի: Հակիրճ ձեւով արձանագրուած հայոց պատմութեան հետ միատեղ կը նշուի նաեւ Հայկական Հարցը: Միայն հայեր չեն, այլեւ սեփական աշխարհագրութենէն խլուած միւս բոլոր զոհ ժողովուրդները: Պէտիրհանականներ, Համիտեաններ, Երիտթուրքեր/Իթթիհաթականներ, Քէմալականներ յանցագործ եւ ողջ պատմութեան թառուած ագռաւներ են: Այս աշխարհագրութեան դաժաններն են` Մօրուսաւոր Նուրէթթին Փաշա, Ապտուլլահ Ալփտողան, Թոփալ Օսման Աղա, Էսադ Օքթայ Եըլտըրան…

Օսմանեան կայսրութեան փլուզման հակիրճ պատմութեան մէջ Պէտիրհանականներ… Երբ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւն ները վատթարացման փուլին մտան, երբ փակուեցաւ արտաքին թալանելու դուռը, սկսաւ ներքին թալանելու գործընթա ցը ներքին համագործակիցներուն հետ միասին: Պէտիրհանականներ ի յայտ եկան եւ Օսմանեան պալատին ուղարկուող տուրքէն զատ սեփական կողոպուտին համար հազարաւոր տեղացի քրիստոնեայ սպաննեցին:

Համիտեան ջարդերը… Քիւրտեր, Ապտիւլհամիտին անուանեցին «Պավէ Քուրտան» որ կը նշանակէ քիւրտերու հայր: Քիւրտերու իսկական հօր դերը խաղացող Ապտիւլհամիտ ստեղծեց Համիտեան խմբակներ, ջարդեր եւ կոտորածներ գործադրեց: Քիւրտերուն թշնամութիւնը նախ կը հիմնաւորուէր

կրօնքի տարբերութեան վրայ, անոնց մէջ ալեւիներ եւ սուննիներ ալ կային: Ալեւիները էապէս թշնամութիւն չունէին հայերուն հանդէպ, սակայն սուննիները կրօնական բարիք կը համարէին երբ հայ մը կը սպաննէին: Այս կացութիւնը տարածւեցաւ ողջ մուսլուման զանգուածին մէջ: Ուրֆա քաղաքի մէջ, եօթը հայ երիտասարդ իրար կապած կրօնամոլ մը իսլամական աղօթքներ կարդալով գլխատած է զանոնք: Կը կարծէր որ կրօնական բարիք կը գործէ:  Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն (Իթթիհաթ վէ Թերաքքի) կուսակցութիւնը, իր տեղական անձնակազմերով եւ պետա կան բանակին Տէտէաղաչ զօրախումբերու համագործակցութեամբ նախ իրականացուց 1915-ի Ցեղասպանութեան փորձը` 1909-ի Կիլիկեան Ջարդը:

Անոր յաջորդեց 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, որ Խարբերդի նման սպանդանոց դարձած նահանգներով ամբողջ տարածաշրջանը վերածեց գերեզմանատունի մը` զանգուածային սպանդներով, կոտորածներով, բռնի տեղահանութեամբ, թալաններով, բռնի իսլամացումներով, «անյայտ» կորածներով, կրօնափոխներով եւ «փրկուած» վերապրողներով, Տէր Զորով եւ Հայոց Գողգոթայով… Թալաթ, Էնվեր, Ճէմալ… Ճէմալ փաշան Թիֆլիսի մէջ, Թալա թը Պերլինի մէջ, Սաիթ Հալիմը Հռոմի մէջ սպաննուեցան հայերու կողմէ: Իսկ Էնվեր խենթը իր իսկ պատիժը գտաւ Պասմաճըլար ապստամբութեան ընթացքին: Էսադ Օքթայ Եըլտըրըմ… Ձեր կեղտոտ հազարապետը մաքրագործուած է… Նէմէսիս: Թանաթոսի վերջին համբոյրը. Գրիգոր Զոհրապ իրաւաբան էր, լրագրող, ճարտարագէտ, գրող եւ պատգամաւոր էր: Ինքզինք կը համարէր հայ ու Օսմանցի եւ «Օսմանցիութեան» հիմքին վրայ տարբեր ժողովուրդներու համակեցութիւնը կը պաշտպանէր: Առաջին ձերբակալուածներու մէջ չէր: Հերթը իրեն հասաւ 2 Յունիսին: Այդ գիշեր Պոլսոյ «Իսթիքլալ» պողոտային վրայ «Cercle d’ Orient» ակումբին մէջ Թալաթին հետ միասին ընթրած էին: Տուն երթալու համար երբ սեղանէն ելաւ, Թալաթն ալ կանգնեցաւ եւ համբուրեց Զոհրապ Էֆէնտիին: Զոհրապը զարմա ցած հարցուց. «Ինչո՞ւ է այս մեծարանքը»: Թալաթը պատաս խանեց. «Սրտի ցանկութիւնս էր»: Գրիգոր Զոհրապ իր ճամբուն վրայ ձերբակալուեցաւ եւ Էրզրումի պատգամաւոր Վարդգէս Սէրենկիւլեանի հետ միասին դէպի Տիգրանակերտ ուղեւորուեցաւ: Ուրֆա քաղաքի մօտ Իթթիհատականներու մարդասպան` Չէրքեզ Ահմէդի կողմէ վայրագօրէն սպաննուեցաւ: Պոնտոս… Հայրենիքը Պոնտոսցիներէն ազատագրած, յոյ նե րը ջարդող, քարայրներու եւ կամ նաւերու ստորաբաժիններու մէջ ողջակիզող Թոփալ Օսման Աղա մըն ալ ունինք: Մար դասպա՛ն Օսման Աղա: Փաշաները, Անկախութեան դատարանի մէջ որուն որ չկարողացան կախաղան բարձրացնել, սպաննել կու տային այս մարդուն: Ամենա դաժան ձեւերով մեր հայերը սպաննող, կողոպտող Իթթիհաթա կաններու վիժուածք` Թոփալ Օսման: Քոչկիրի, Տէրսիմ 1938, Կիպրոս, 12 Սեպտեմբեր 1980 Զինւորական յեղաշրջում… Մամաք` Տիգրանակերտի բանտը… Եւ մինչեւ իսկ թլփա տեցին հայ երիտասարդ մը: Անոր հագցուցին պարեգօտ եւ գլխուն զետեղեցին «մաշալլահ» գրուած աւանդական գլխարկ մը, յետոյ հանդիսաւորապէս կտրեցին անոր առնանդամը: Ապտիւլհամիտի դէմ մահափորձ, Պանք Օթոմանի գրաւումը, մահափորձ Իթթիհատականներու դէմ… Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակ եան կուսակցութիւն, հայոց 15 Յունիսը, Փարամազ (գլխաւոր պատասխանատու) եւ անոր հետ միասին կախաղան բարձ րացած 19 ընկերները… Յունիս 1914-ին Թալաթ, Էն վեր եւ Ճէմալ փաշաներու դէմ մահափորձ սարքելու մասին մատնութիւնէն յետոյ Հնչակեան կուսակցութեան 120 անդամը բերման ենթարկուեցաւ: Ձերբակալուեցան 49 կուսակցա կան ներ: Անոնց դատավարութիւնը տեւեց մէկ տարի: Փարամազն ալ անոնց մէջն էր: Մեր կուսակցութեան գերագոյն մարնի անդամ Փարամազ, 15 Յունիս 1915-ին Պոլսոյ Պէյազըթ հրապարակի վրայ կախաղան բարձրացաւ: Նոյն ձեւով մահապատիժի ենթարկուողներուն ականատեսը` Տէր Գալուստ Պօղոսեան գրի առած է այս բոլորը: Նախ Փարամազը կախաղան բարձրացուցին: Իր վերջին խօսքերը եղան. «Դուք միայն մեր մարմինները կրնաք կախել, իսկ մեր գաղափարը` ոչ: Ողջ հայութիւնը երկրի արեւելքին մէջ պիտի ողջունէ ազատ եւ սոցիալիստ Հայաստանը: Կեցցէ սոցիալիզմ, կեցցէ Հայաստան»: Նոյնիսկ այսօր գերազանց են Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կուսակցական ծրագրի կէտերը…

Վաքըֆլը գիւղ, Ֆրանց Վերֆէլ, Մուսա Լերան հերոսամարտ[iii]…

Մուսա լերան շրջակայքը գտնուող հայկական գիւղերու բնակիչները, հասկնալով որ աքսորի ճամբուն վրայ իրենք արդէն պիտի սպաննուին, ինքնապաշպանութեան որոշում կայացուցին` մինչեւ վերջ: Շուրջ հինգ հազար հայեր, իրենց քով առնելով սննդեղէն, կին, տղամարդ, երախայ, ծերունի անխտիր բոլորը բարձրացան դէպի Մուսա Լերան գագաթը: Այստեղ շուրջ երկու ամիս գոյատեւած եւ Օսմանեան զինուորներու դէմ պայքար մղած են:

Վէպը, ինքնապաշպանութեան պատմութեան հետ միասին կը պատմէ նաեւ դիմադրութենէն խուսափողները, իր միտքէն դիմադրելը չանցնողներուն թշուառ վիճակը եւ անոնց բնաջնջումը: Իսկ ինչ կը վերաբերի ինքնապաշպանութեան փաստաթուղթը հասնդիսացող այս վէպին գլխուն եկածներուն… Վէպին մերօրեայ շրջանը հասնելու ճանապարհը… Կարծես, սա ինքնին վէպ մըն է: Գողգոթայի ճամբուն վրայ, Գրիգոր Պալաքեանին կ’ուղեկցեր նաեւ հայ երգահան, երաժիշտ-ազգագրագէտ, երաժշտագէտ Կոմիտաս Վարդապետը: Իրեն այցելեցի Փարիզի հիւանդանոցին մէջ, ուր իր վերջին օրերը կ՚ապրէր: Կ՚ապրէ՞ր իրօք: Գողգոթայի ճանարպարհը կը շարունակուէր` Իթթիհատական Մասոն Թալաթը հայերը աքսորած է Տէր Զորի անապատները: Պետութեան հրահանգով շուրջ մէկ միլիոն հայ սպաննուած է այս անապատներուն մէջ: Գերմանացի հոգեւորական Եօհաննէս Լէփսիուս կը պատմէ Էնվեր փաշայի մասին. «Այլեւս իր դէմքին վրայ չկար ամչկոտ ժպիտը: Ուղիղ եւ սառած ձեւով կը նայէին աչքերը: Շրթունքները հազիւ թէ զատուեցան խոշոր եւ սոսկալի ատամներէն ու

ըսաւ. «Մարդու եւ ժանտախտի միջեւ հաշտութիւն չկրնար ըլլալ»»:

Լէփսիուս անմիջապէս պատասխանեց. «Ուրեմն, դուք կ՚ընդունի՞ք որ պատերազմը որպէս միջոց օգտագործել ուզեցիք հայերը ամբողջութեամբ ոչնաչացնելու համար»: Վէտադ Թիւրքալի, որ սիրոյ մասին իր վէպին մէջ, մինչեւ մեր օրերուն հասած կարեւորագոյն հարցերը կ՚արծարծէ, հարցումներ կ՚ուղղէ, ընթերցողներուն կարիք չի թողեր հարցում ուղղել վէպի հերոսները հանդիսացող հայ աղջիկ Լուսի եւ Սեւ Ծովեան երիտասարդ Թարըքի միջեւ ապրուած սիրոյ մասին:

ՎԷՏԱԹ ԹԻՒՐՔԱԼԻ.

«1915-Ը ԱՅՍՕՐ Է / ՎԵՐՋԱՑԱՒ ՎԵՐՋԱՑԱՒ ՉՎԵՐՋԱՑԱՒ»

[i] Vedat Turkali, «Kayip Romanlar», «Everest» Հրատարակ չութիւն

– 2004

[ii] Vedat Turkali, «Bitti Bitti Bitmedi», «Ayrinti» Հրատարակչութիւն

– 2014

[iii] Franz Werfel, «Musa Dagda 40 Gun», «Belge»

http://hyetert.blogspot.am/2016/10/1915.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ