Տիարպեքիրի մէջ ապրող Շահէ Թայուրաքը, ըստ ենթադրութիւններու, 115 տարեկան է: Ունի 415 թոռ, ծոռ ու կոռ: Շահէն ամուսնացած եղած է 3 անգամ:
Թրքական «Memurlar» լրատուական կայքի տեղեկացմամբ` անոր առաջին ամուսինը հայ եղած է: Առաջին ամուսնութենէն երկու զաւակ ունեցած է, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:
Անոր փոքր որդին` Ճեմալ Թայուրաքը, որ արդէն 60 տարեկան է, կ՛ըսէ, որ արդէն թոռներուն հաշիւը կորսնցուցած են. «Երէք տարի առաջ 415 թոռ ունէր, իսկ այժմ չեմ գիտեր, թէ քանի են: Յստակ թիւը ճշտելու համար, ինչպէս երկու տարի առաջ, հիմա ալ պիտի բոլոր եղբայրներս, քոյրերս, զարմիկներս ու թոռները հաւաքեմ ու նորէն ցուցակագրեմ: Բայց մէկ բան հաստատ կրնամ ըսել, այս 3 տարուայ ընթացքին 15 թոռ լոյս աշխարհ եկած է եւ թոռներուն թիւը 430-ը անցած է»:
Շահէի աւագ դուստրը` 90-ամեայ Թելին, մօր մասին շատ քիչ յիշողութիւններ ունի, քանի որ իրեն ու եղբօրը մեծցուցած է տատիկը (մօրական տատիկը` խմբ.): «Մենք գիտէինք, թէ մեր տատիկը մեր մայրն է: Երբ 6 տարեկան էի, տատիկս ըսաւ, որ մեր իսկական մայրը ամուսնացած է մօտիկ գիւղերէն մէկուն մէջ»:
Թելին պատմած է, որ իրենց հայրը աքսորէն փրկուած իսլամացուած հայ եղած է, որուն անունը Իպրահիմ էր: Մօր եւ հօր ամուսնութեան մասին պատմելու ատեն` ան նշած է, որ ատիկա եղած է տատիկին որոշումը. «Պապիկս (մօրական) 7 տարի էր` կը ծառայէր Արաբիոյ մէջ: Երբ արդէն իրենց խնամող չէ եղած, տատիկս մայրս ամուսնացուցած է հարեւան գիւղի մէջ ապրող հօրս հետ, որ որբ էր, ոչ մէկ բարեկամ ունէր»:
Թելին պատմած է, որ հայրը իսմացած հայ եղած է, իսկ հօրական կողմի բարեկամները, որոնք կ՛ապրէին Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքին մէջ, տարիներ ետք գտած ու կապ հաստատած են իրենց հետ:
«Տարիներ առաջ անոնք կապ հաստատած էին եղբօրս հետ: Եղբայրս ինծի պատմած է, որ մեր հօր զարմիկները մեզ Սուրիա հրաւիրած են: Պէտք է երթայինք անոնց հետ ծանօթանայինք, բայց ոչ մէկ կերպ չի հաստատուեցաւ»,-յայտնած է Թելին` նշելով, որ շատ կ՛ափսոսայ, որ չէ կրցած ծանօթանալ անոնց հետ։
Leave a Reply