ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Տրապիզոնի մէջ անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի համար կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ընթացքին, Էրտողանի համակիրները հայերուն հասցէագրուած վիրաւորական կարգախօսներ վանկարկած են:
Թրքական «Հապերսօլ» լրատուական կայքին համաձայն՝ Էրտողան իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած է. «Յիշեցէք, թէ օր մը պիտի մեռնինք: Բայց կայ մարդու պէս, կամ՝ կնոջ պէս մեռնիլ… Բան մը պիտի ըսէի, բայց պիտի չըսեմ»:
Էրտողանի այս խօսքերուն ընթացքին հանրութիւնը սկսած է պոռալու՝ «Հայ փիճերը (ապօրինի զաւակ) մեզի չեն վախցներ»: Ելոյթի տեսագրութեան մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ նախագահը ոչ միայն չի փորձեր դադրեցնել այս աղաղակները, այլ անուղղակիօրէն կը քաջալերէ զանոնք՝ քիթին տակէն ծիծաղելով:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան իր կարգին յայտարարած է, որ հանրահաւաքին ընթացքին հնչեցուած այդ ցեղապաշտ վանկարկումներուն համար դատական հայց պիտի ներկայացնէ:
Asbarez.com
Leave a Reply