Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն կը դատապարտէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը

%d5%a9%d5%b8%d6%82%d6%80%d6%84%d5%ab%d5%b8%d5%b5-%d5%a1%d5%a3%d5%b6Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ դատապարտած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի Ընդունումը։ Ան Ֆրանսայի Խորհրդարանին այս քայլը կ՚ընկալէ 2017-ի նախագահական ընտրութեան սեմին՝ քաղաքական շահադիտական նպատակներէ ծնունդ առած նախաձեռնութիւն մը, կը գըրէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Ան կ՚ըսէ, որ այսպէսով Ֆրանսա ցոյց տուաւ, թէ իր ներքին քաղաքական շահերը կը գերադասէ արդարադատութեան եւ համաշխարհային արժէքներուն: Ապա, ինքն իրեն հակասելով՝ ան նաեւ կ՚ըսէ, թէ հակառակ շատերու պնդումներուն, այս նոր օրէնքին մէջ «1915-ի դէպքերուն» ուղղակի ակնարկութիւն չկայ: Կը յիշեցնէ, թէ արդէն ըստ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (կ՚ակնարկէ Փերինչէքի դատավարութեան վճիռին)՝ այս հարցին արծարծումը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ խօսքի ազատութիւնը, եւ թէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը մերժելով առաջին փորձին արդիւնքը (2012-ին), յայտնած է, թէ Խորհրդարանը իրաւասու չէ նման հարցի մասին արտայայտուելու:

Պիլկիչ անդրադարձած է նաեւ քանի մը օր առաջ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Յատուկ յանձնաժողովին կողմէ՝ օրինագիծէն խնդրոյ առարկայ յօդուածներու զեղչումին, պնդելով, թէ այս նոր կարգադրութեամբ օրինագիծը ընդունուած է անտեսելով հոն հնչած մտահոգութիւնները եւ իրաւաբանականօրէն խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող տարբերակով, ինչ որ լուրջ հարցերով յղի է

http://www.yerakouyn.com/?p=119134

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ