Փայլան դատ պիտի բանայ Էրտողանի համակիրներուն հակահայ կոչերուն դէմ

%d6%83%d5%a1%d5%b5%d5%ac%d5%a1%d5%b6ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Տրապիզոնի մէջ անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի համար կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ընթացքին, Էրտողանի համակիրները հայերուն հասցէագրուած վիրաւորական կարգախօսներ վանկարկած են:

Թրքական «Հապերսօլ» լրատուական կայքին համաձայն՝ Էրտողան իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած է. «Յիշեցէք, թէ օր մը պիտի մեռնինք: Բայց կայ մարդու պէս, կամ՝ կնոջ պէս մեռնիլ… Բան մը պիտի ըսէի, բայց պիտի չըսեմ»:

Էրտողանի այս խօսքերուն ընթացքին հանրութիւնը սկսած է պոռալու՝ «Հայ փիճերը (ապօրինի զաւակ) մեզի չեն վախցներ»: Ելոյթի տեսագրութեան մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ նախագահը ոչ միայն չի փորձեր դադրեցնել այս աղաղակները, այլ անուղղակիօրէն կը քաջալերէ զանոնք՝ քիթին տակէն ծիծաղելով:

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան իր կարգին յայտարարած է, որ հանրահաւաքին ընթացքին հնչեցուած այդ ցեղապաշտ վանկարկումներուն համար դատական հայց պիտի ներկայացնէ:

 Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ