Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանի համաձայն՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտը այս շաբաթ պիտի քննարկէ ի միջի այլոց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը:
Անդրադառնալով օրինագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դրոյթին նկատմամբ ծերակուտականներու տրամադրութիւններուն՝ Մուրատ Փափազեան նշած է, որ դժուար է ստոյգ բան ըսել: «Ամէն պարագայի, խորհրդարանականներուն հետ հետեւողական աշխատանք կը տարուի. կ՛ակնկալենք յաջող ընթացք»,- ըսած է CCAF-ի համանախագահը:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ծերակոյտը կը վաւերացնէ նախագիծին այն տարբերակը, որ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած էր Յուլիս 1-ին:
http://www.yerakouyn.com/?p=118801
Leave a Reply