«…Եթէ երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները յարգուած ըլլային, բնականաբար հայութիւնն ալ պիտի օգտուէր այդ բարիքներէն»

%d5%a1%d5%ac%d5%a5%d6%84%d5%bd%d5%ab%d5%bd-%d6%84%d5%a1%d5%ac%d6%84Զրուցեց՝ ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ «ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ» ՇԱՐԺՈՒՄԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔԻ ՀԵՏ

Եւրոպայի տարածքին հակացեղապաշտ EGAM (European Grassroots Antiracist Movement) կազմակերպութիւնը Փարիզի «Քրտական հիմնարկ»ի եւ Թուրքիոյ ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան դէմ պայքարող «ՏուրՏէ» հարթակի զօրակցութեամբ Փարիզի մէջ կազմակերպած էր համաժողով մը (Սեպտեմբեր 21), «Face a la tentation totalitaire en Turquie, comment resister democratiquement» նիւթին շուրջ: Sciences Po-ի սրահին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանին մասնակցեցան «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան, «Նոր Զարթօնք» շարժումի անունով Ալեքսիս Քալք եւ Ֆրանսայի քաղաքական գլխաւոր կուսակցութիւններու ուսանողական ներկայացուցիչները: Այս վերջինները բացատրութիւններ տուին Միջին Արեւելքի եւ Թուրքիոյ զարգացումներուն վերաբերեալ իրենց վարած քաղաքականութեան մասին:

Այս կլոր սեղան-հանդիպումին երկրորդ նիստը վարեց Collectif VAN-ի պատասխանատու հիմնադիր Սեդա Փափազեան, որ խօսք տուաւ նաեւ CCAF-ի համանախագահ եւ NAM-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանին:

Ստորեւ կը հրատարակենք «Նոր Զարթօնք» շարժման ներկայացուցիչ Ալեքսիս Քալքի հետ «Նոր Յառաջ»ի հարցազրոյցը.

 ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ.- Թուրքիոյ յեղաշրջումի փորձէն ետք այսօր ինչպէ՞ս է կացութիւնը յատկապէս Պոլսոյ մէջ, գիտնալով որ արեւելեան շրջանները վերածուած են պատերազմական դաշտի: Այդ իրադարձութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ համայնքին վրայ:

 ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔ.- Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան պատճառով հայերը փոքրամասնութիւն են: Համայնքի թիւին մասին յստակ տուեալներ չունինք, նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը ճիշդ տեղեկութիւններ չի փոխանցեր: Բայց մեր հաշիւներով, կարելի է ըսել, թէ մօտաւորապէս 50էն 60 հազար է քրիստոնեայ հայերուն թիւը: Ինչպէս տեղեակ էք, վերջին տարիներուն շատ կը խօսուի «իսլամացուած հայեր»ու մասին եւ կ՛ըսուի թէ երկուքէն երեք միլիոն է անոնց թիւը՝ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Անշուշտ եթէ երկրին մէջ ժողովրդավարական կարգեր հաստատուած եւ մարդկային իրաւունքները յարգուած ըլլային բնականաբար հայութիւնն ալ պիտի օգտուէր այդ բարիքներէն: Բայց ներկայիս գէշ է կացութիւնը, եւ նախագահ Էրտողան լայն իրաւասութիւններ ունի եւ կը շարունակէ իր բռնատիրական քաղաքականութիւնը: Թուրքիոյ խորհրդարանը, արդարադատութեան ատեանները, մամուլը եւ լրասփիւռները իր անմիջական հսկողութեան տակ կը գտնուին: Ան տեսակ մը սուլթանական վարչակարգ հաստատած է: Իսկ ընդդիմութեան ձայնն ալ կը խեղդուի: Ինչպէս գիտէք, անհիմն մեղադրանքներով Թուրքիոյ մէջ թերթեր գոցուած են: Հիմա ալ պետութիւնը քրտական շարժումին դէմ յարձակումներ կը գործէ, անոնց լրագիրներն ալ կը փակէ, ինչ որ հայերուն ի վնաս է, որովհետեւ գոնէ այդ միջոցաւ հայերուն ձայնը լսելի կը դառնար: Միւս կողմէ հայ ուսուցիչներուն վրայ ալ ճնշումը զգալի է: Մէկ խօսքով ժողովրդավարական շարժումները իրենց սաղմին մէջ կը խեղդուին, եւ այս կացութեան ծայրը չ՛երեւիր: Երկիրը ընդհանրապէս բռնատիրութեան ուղղութեամբ կը քալէ:

 ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ.- Ըսել է թէ հայ համայնքը ահ ու սարսափի մէջ կ՛ապրի…

 ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔ.- Հայերը վախի մէջ են, որովհետեւ օրինակ՝ եթէ մէկը թշնամութեան համար քեզ «ահաբեկչ»ի անուանէ, դուն յաջորդ օրը առանց որեւէ փաստի կրնաս բանտ նետուիլ, իսկ հոն ալ ամիսներ կրնաս արգելափակուած մնալ, մինչեւ որ դատարանի թուական որոշուի եւ դուն կարողանաս ապացուցել անմեղութիւնդ: Հիմա հայուն առաջին մտահոգութիւնը այն է, թէ ինչպէ՛ս կրնայ այդ երկրին մէջ ապրիլ: Բայց այս պարագան յատուկ չէ միայն հայերուն: Ժողովրդավարութեան համար պայքարող, կիրթ եւ երիտասարդ թուրքերն ալ նոյն կացութեան մէջ են եւ երկընտրանքի առջեւ կը գտնուին՝ մնա՞լ, թէ՝ գաղթել…

 ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ.- Այս պայմաններուն մէջ «Նոր Զարթօնք»ը կամ նման շարժումներ ինչպէ՞ս կը գործեն:

ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔ.- Երիտասարդական շարժումները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, սակայն կազմակերպուած ձեռնարկներուն շատ աւելի քիչ թիւով մարդ կը մասնակցի: Օրինակ, եթէ անցեալին Պոլսոյ մէջ դասախօսական ձեռնարկի մը 100 հոգի կը մասնակցէր, այսօր այդ թիւը իջած է 20ի… քանի որ ժողովուրդը կը վախնայ: Միւս կողմէ, այսօր ժողովրդավարական բոլոր շարժումները այլեւս հրապարակէն քաշուած են, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, փողոցը կազմակերպուած ցոյցերու ընթացքին ահաբեկչական արարքներ տեղի ունեցան, եւ անմեղներ զոհուեցան կամ վիրաւորուեցան: Վերջին յեղաշրջման փորձէն ետք կացութիւնը աւելի վատթարացաւ: Չմոռնանք նաեւ, որ թրքական պետութիւնը ուղղակի պատերազմ յայտարարած է քիւրտերուն դէմ, եւ քրտական քաղաքները օր ու գիշեր կը ռմբակոծուին:

 ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ.- Արդէն տարի մըն է, որ Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ թրքական բանակին եւ քրտական ուժերուն միջեւ, ինչպէս ըսիք, բախումներ տեղի կ՛ունենան: «Նոր Զարթօնք»ը այնտեղի քրտական շարժումին հետ հաղորդակցական որեւէ կապ ունի՞, թէ՝ ոչ:

 ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔ.- Մենք արդէն Քրտական ժողովրդական կուսակցութեան (HDP) մաս կազմելով բնականաբար կապի մէջ ենք այդ շարժումին հետ: Կապ ունինք նաեւ Եւրոպայի նմանօրինակ շարժումներուն հետ: Պէտք է ըսել, թէ թուրք-քրտական պատերազմը ուղղակի կապուած է Սուրիոյ խնդիրներուն, որովհետեւ այդ երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ ապրող քիւրտերը կը պայքարին ինքնավար պետութիւն մը հաստատելու հեռանկարով: Ակնյայտ է, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ Էրտողանը «մատ» ունի, եւ ամէն մարդ տեղեակ է, որ ան աւելի քան երկու հազար բեռնակառքերով զէնք փոխադրած է այդ երկիրը եւ ուղղակի կը զինէ ահաբեկիչները: Այդուհանդերձ տակաւին չէ կրցած Պաշար Ասատը հեռացնել իր պաշտօնէն, քանի որ այս վերջինը կը պաշտպանուի Ռուսիոյ նախագահ Փութինի կողմէ: Յամենայն դէպս Էրտողան Սուրիոյ նկատմամբ «ախորժակներ» ունի եւ իր նպատակին հասնելու համար կը ճնշէ քիւրտերը, որոնք կը բնակին սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

 ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ.- Հրանդ Տինքի դատավարութեան հետքերով, վերջերս մամուլով բացայայտումներ եղան, որոնց համաձայն հիմա այդ հարցով կ՛ամբաստանուի «կիւլենական» շարժումը: Դուք ի՞նչպէս կը մեկնաբանէք այս պարագան:

 ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔ.- Արդէն Հրանդ Տինքի սպանութեան յաջորդ օրն իսկ մենք յայտարարեցինք, թէ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, քանի որ բուն ոճրագործը պետութիւնն է եւ ոչ թէ 17 տարեկան այդ տղան… Սպանութեան նախորդող օրերուն արդէն Հրանդ Տինք հարցաքննուած էր Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան (ՄԻԹ) կողմէ, որ նաեւ սպառնացած էր, թէ իր որդեգրած կեցուածքը շարունակելու պարագային կեանքը վտանգի կ՛ենթարկուի: Հրանդ Տինք հրապարակի վրայ բացէ ի բաց կը խօսէր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եւ հազարաւոր մարդիկ կը լսէին ու կը հետեւէին իրեն: Պէտք է գիտնալ, որ Թուրքիոյ մէջ պետութեան վարած քաղաքականութեան ընդդիմացողը կա՛մ կը բանտարկուի, կամ ալ կը սպաննուի: Այլ ճամբայ չկայ: Ըսել կ՛ուզեմ, որ Տինքի հարցով այս նոր բացայայտումներու ետին ալ կանգնած է Էրտողանի իշխանութիւնը: Մեր կարծիքով, թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ «կիւլենական»ները եւ թէ ալ ծայրայեղ ազգայնական շարժումները մեղսակից են Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէ յանցանքը միւսին վրայ նետել:

 ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ.- Թուրքիոյ խորհրդարանը վերջերս HDP-ի երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը ջնջած է: Վստահաբար հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանն ալ ենթարկուած է այդ որոշումին: Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այս երեւոյթը:

 ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔ.- Նախ ըսեմ, թէ ոչ բոլոր երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը ջնջուած է: Որքան որ տեղեակ եմ Կարօ Փայլան տակաւին անձեռնմխելի է: Հաւանաբար տեղեակ էք, որ վերջին շրջանին խորհրդարանին մէջ ծեծկռտուք եղաւ, եւ Փայլան պարզապէս հայ ըլլալուն համար յարձակման թիրախ դարձաւ: Ներկայիս խորհրդարանը դադրեցուցած է իր աշխատանքը՝ ամբողջ երկրի տարածքին հաստատուած արտակարգ իրավիճակին (etat d՛urgence) պատճառով:

 ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ.- «Նոր Զարթօնք»ի տղոց յարատեւ պայքարին շնորհիւ «Քամփ Արմէն»ը վերադարձուեցաւ իր իրաւատիրոջը: Այսօր այդ կայանը ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի:

 ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔ.- Կայանը քարուքանդ վիճակի մէջ է եւ կարելի չէ զայն վերանորոգել: Մասնագէտներու կարծիքով պէտք է նախկին շինութիւնը քանդել եւ ամբողջովին նորը կառուցել, անշուշտ նոյն ճարտարապետական ոճով: Հիմա որ կալուածագիրը մեր ձեռքն է, ի վիճակի ենք ծրագիրներ մշակել ապագայի համար:

 ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ.- Պատրիարքի տեղապահ Աթէշեան սրբազանին վերջին յայտարարութենէն ետք ինչպէ՞ս են ձեր յարաբերութիւնները պատրիարքարանին հետ:

 ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔ.- Մենք որեւէ խնդիր չունինք պատրիարքարանին հետ: Մենք պարզապէս կ՛ըսենք, թէ պատրիարքարանը պէտք է զբաղի կրօնական-եկեղեցական հարցերով եւ զերծ մնայ քաղաքական խնդիրներուն միջամտելէ:

 ԱՐԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ.- Սա պահուս հրատապ ի՞նչ հարցեր կան, որոնց մասին կ՛ուզէիք խօսիլ:

 ԱԼԵՔՍԻՍ ՔԱԼՔ.- «Նոր Զարթօնք»ը ունի նաեւ մշակութային միութիւն մը՝ «Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութիւն» անունով: Միութիւնը Պոլսոյ մէջ կեդրոն մը ունի, եւ մենք կ՛ուզէինք բանալ նաեւ Տիարպաքըրի մասնաճիւղը՝ իսլամացուած հայերուն համար հայերէնի դասընթացքներ կազմակերպելու նպատակով: Պատերազմի պատճառով այս աշխատանքը ներկայիս կարելի չէ իրագործել: Այս պահուն մեր գործունէութիւնը կեդրոնացուցած ենք Պոլսոյ մէջ, ուր բանախօսական երեկոյթներ կը կազմակերպենք՝ այժմէական նիւթերու շուրջ: Հրատարակչական աշխատանք ալ կը կատարենք: Կը պատրաստենք հայ երաժիշտներու մասին հատոր մը՝ հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն: Կը շարունակենք նաեւ հայոց լեզուի դասընթացքները:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ