Թուրքիոյ մէջ 1.5 ամսուն ընթացքին սպաննուած է 417 քիւրտ զինեալ, 88 թուրք զինուոր

kurtlerԹուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը (ԶՈՒ ԳՇ) վիճակագրական տուեալներ հրապարակած է երկրի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ: Վկայակոչելով թրքական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան տեղեկութիւնները՝ Ermenihaber.amկը նշէ, թէ ԶՈՒ ԳՇ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Թուրքիոյ զինուած ուժերն ու անվտանգութեան ծառայութիւնները վերջին ամիսներուն ամենահամառ ու վճռական պայքար մղած են «անջատողական ահաբեկչական խմբաւորումներ»ուն դէմ:

Ըստ աղբիւրին` Օգոստոս 29-էն մինչ օրս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ, Թուրքիոյ մէջ վնասազերծուած է 537 քիւրտ զինեալ: Անոնցմէ 417-ը զոհուած են զինուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք: Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներն ու անվտանգութեան ծառայութիւնները առգրաւած են Թուրքիոյ մէջ իբրեւ ահաբեկիչ որակուող քիւրտ զինեալներուն պատկանող մեծ քանակով զէնք ու զինամթերք:

Նոյն ժամանակահատուածին՝ զինուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ սպաննուած է 88, վիրաւորուած 152 զինուոր:

http://www.yerakouyn.com/?p=118738

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ