Գերմանացի պատգամաւորները Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսած են Ցեղասպանութեան մասին

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ինճիրլիքի ռազմակայանը այցելելու համար Թուրքիա գտնուող Գերմանիոյ խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ պատգամաւորները, որոնք նաեւ հայկական Վագըֆ գիւղ այցելեցին, Հոկտեմբեր 5ին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հանդիպած են իրենց պաշտօնակիցներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին կայացած քննարկման հիմնական նիւթը եղած է Յուլիս 15ի ռազմական յեղաշրջման ձախող փորձը:

Հանդիպումէն ետք, գերմանական պատուիրակութեան ղեկավար Քարլ Լամերս խստօրէն դատապարտած է յեղաշրջման փորձին նախաձեռնողները եւ աջակցութիւն յայտնած է թուրք ժողովուրդին:

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Գերմանիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած բանաձեւին եւ անոր յաջորդած թուրք-գերմանական լարուած յարաբերութիւններուն՝ Լամերս տեղեկացուցած է, որ այս գծով երկու երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարները նամակագրութիւն մը ունեցած են, ապա յոյս յայտնած է, որ այդ նամակագրութիւնը կը նպաստէ կողմերուն միջեւ փոխըմբռնման ջանքին։

«Գերմանիոյ դաշնակցային խոր-հրդարանը բնականաբար իրաւունք ունի որոշ դիրքորոշում մը ունենալու 100 տարի առաջ տեղի ունեցած այդ դէպքերուն վերաբերեալ: Մենք կը հաւատանք, որ ապագային պէտք է նայիլ այդ որոշումի սկզբունքներէն մեկնելով եւ պէտք է միջոցներ ձեռք առնել, որպէսզի նման դէպքեր չկրկնուին։ Թուրքիա կը շարունակէ պնդել, որ խնդիրը պէտք է ուսումնասիրուի պատմաբաններու կողմէ, իսկ մենք նշեցինք, որ այս հարցով խորհրդարանները եւս խօսքի իրաւունք ունին», ըսած է Լամերս:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ