Մուշի մէջ կը բնակի աւելի քան տասը հազար հայ

SONY DSC

«Պի.Պի.Սի.»-ի լրագրող Լարա Պետրոսեանի մեծհօր հայրը այն քիչերէն էրորոնք փախուստ տուին եւ արտասահմանի մէջ նոր կեանք սկսան։ Մէկ դար ետքԼարա կայցելէ Թուրքիոյ մէջ իր հայ ընտանիքին քանդուած թաղամասը։

«Անատոլուի ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող հայերը տեղահանուեցան ու սպաննուեցան։ Եկած եմ մօտակայ Մուշ քաղաքը։ 1915-ին անոր բնակչութեան շուրջ կէսը հայ էր։ Այսօր քաղաքը մեծաւ մասամբ քրտական է։

«Նոր մզկիթներ կան։ Հայկական շատ քիչ շէնքեր կը մնան։ Սակայն կ’ուզեմ տեսնել‚ եթէ տակաւին այս իսլամական քաղաքին մէջ ապրող թաքնուած հայեր կան։

«Մուշի հետին թաղերուն մէջ‚ կ’այցելեմ նոր բացուած Հայկական մշակութային կեդրոնը։ Անոր հիմնադիրը ինծի կը պատմէ‚ թէ ինչպէս ծնունդով հայ ըլլալուն համար իր կեանքը վախով ապրած է։

«Նախահայրերս հայերու ջարդին ընթացքին սուրէ անցուած են»‚ կ’ըսէ Հայկական մշակութային կեդրոնի հիմնադիր Հայրեթթին Արսլան՝ աւելցնելով. «Ցեղասպանութենէն ետք մեր երիտասարդ աղջիկները ամուսնութեան տրուեցան ոչ-հայերու։ Անոնք ստիպուեցան իսլամանալ‚ որովհետեւ Մուշի մէջ քրիստոնէութիւն գոյութիւն չունի։ Այս կեդրոնը բանալնէս ետք‚ շատեր եկան եւ ըսին. «Մեծ մայրս հայ է»։ «Գիտենք‚ որ այս շրջանին մէջ անոնց շարաւիղ եղող թերես 10 կամ 15 հազար հոգի կայ»։

Պատասխանելով այն հարցումին թէ Մուշի մէջ տակաւին հայերու համար վտանգ գոյութիւն ունի՞ Արսլան կ’ըսէ. «Այո՛‚ այդպէս է։ Մուշի հայերը վախի մէջ են։ Հակառակ անոր‚ որ այս կեդրոնը տեղական է‚ անոնք այստեղ չեն գար։ Անոնցմէ ոմանք մինչեւ իսկ չեն համարձակիր այստեղէն անցնիլ»։

http://horizonweekly.ca/news/details/93284

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ