Ուրֆայի մէջ յայտնաբերուած է Եդեսիոյ Աբգար թագաւորի ընտանիքին ժայռափոր դամբարանը

%d5%a5%d5%a4%d5%a5%d5%bd%d5%ab%d5%b8%d5%b5-%d5%a1%d5%a2%d5%a3%d5%a1%d6%80-%d5%a5-%d5%a9%d5%a1%d5%a3%d5%a1%d6%82%d5%b8%d6%80Պատմական Ուրֆայի ամրոցի տարածքին մէջ, վերջերս յայտնաբերուած մեծաքանակ ժայռափոր դամբարաններու շարքին, յայտնաբերուած է նաեւ Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորի ընտանիքին դամբարանը:

«Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ հնագէտներու կարծիքով, յայտնաբերուած ժայռափոր դամբարանախումբը աշխարհին մէջ մեծագոյնը կրնայ ըլլալ:

45.000 քառ. մեթր տարածքի մը մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ` մօտ 80 դամբարան վերականգնուած է:

Նոր յայտնաբերուած դամբարաններէն մէկը տեղակայուած է բլուրի ամէնէն վերի մասին մէջ եւ միւս դամբարաններէն աւելի մեծ է: Կը նշուի, որ անիկա պատկանած է Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորի ընտանիքին: Դամբարանը ունի 10 մարդու համար նախատեսուած սենեակներ: Ի դէպ, դամբարաններէն մէկուն յատակին խճանկար յայտնաբերուած է:

Նշենք, որ հայոց Աբգար թագաւորին հետ կապուած շարք մը աւանդազրոյցներ կան: Ըստ այդ աւանդազրոյցներուն, Աբգար անբուժելի հիւանդացած է եւ նամակ ուղարկած է Յիսուս Քրիստոսին` խնդրելով գալ իր քաղաքը, բժշկել զինք եւ բնակիլ հոն: Յիսուս մերժած է անոր հրաւէրը, բայց Աբգարին ուղարկած է իր անձեռակերտ պատկերը, որ Յիսուս իր դէմքին հպումով պատճէնահանուած էր դաստառակի վրայ:

http://www.yerakouyn.com/?p=118148

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ