ՊԸՐՊԵՆՔ.- ՀԲԸՄի 110ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Կիրակի, Հոկտեմբեր 23ին, կ.ե. ժամը 5ին, «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր» սահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական «Անապատի ագռաւներ» («Crows of the Desert») վաւերագրական ֆիլմի յատուկ ցուցադրութիւնը։
Մարթա Հուսքէի բեմադրած սոյն ֆիլմը հիմնուած է Ցեղասպանութենէն վերապրած Լեւոն Եօթնաղբարեանի յուշերուն վրայ եւ կը պատմէ այլ վերապրողներ փրկելու անոր արկածախնդրութիւնները։ Ֆիլմին մէջ գործածուած են վերջերս բացայայտուած հազուագիւտ փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ ֆիլմեր։
«Անապատի ագռաւներ» հատորը լոյս տեսած էր 2012ին, Եօթնաղբարեանի թոռան՝ Լեւոն Բարեանի խմբագրութեամբ։
Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում, մասնակցութեամբ դոկտ. Քարլա Կարապետեանի, Մարթա Հուսքէի, փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանի եւ Փօլ Թրբանճեանի։
Asbarez.com
Leave a Reply