Իտալիոյ Պազիլիքաթայի մարզային խորհուրդը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

%d5%ab%d5%bf%d5%a1%d5%ac%d5%ab%d5%b8%d5%b5-%d5%ba%d5%a1%d5%a6%d5%ab%d5%ac%d5%ab%d6%84%d5%a1%d5%a9%d5%a1%d5%b5%d5%ab-%d5%b4%d5%a1%d6%80%d5%a6%d5%ab-%d5%bf%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%ae%d5%a1%d5%b7%d6%8027 Սեպտեմբեր 2016-ին, ի շառս իտալական այլ քաղաքական կառոյցներու, Իտալիոյ Պազիլիքաթայի մարզի տարածաշրջանային խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իր զօրակցութիւնը այտնելով հայ ազգի բոլոր զաւակներուն։

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդմամբ՝ վերոնշեալ բանաձեւը ներկայացուցած է Պազիլիքաթա մարզի վարչական խորհուրդի անդամ` Տիար Աուրելիօ Փաչէ, ընդառաջելով Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի խնդրանքին։

Բանաձեւին մէջ կը նշուի թէ այս պատմական իրականութիւնը ճանչցուած է միջազգային բազմաթիւ  կազմակերպութիւններու կողմէ ու թէ հարկաւոր է, որ հասարակաց կարծիքը ծանօթանայ հայ ազգի պատմական այս եղելութեան, որպէսզի պատմութեան սոյն ողբերգութիւնը ըլլայ ազդակ` յատկապէս նոր սերունդին համար, չկրկնելու համար նման անմարդկային ոճիրներ։

Նշենք թէ Իտալիոյ Պազիլիքաթա մարզը կը հանդիսանայ 105-րդ իտալական քաղաքական վարչութիւնը որ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ընդհանուր ցանկը կարելի է գտնել http://www.comunitaarmena.it/i l-genocidio-armeno/italia-rico rda/  կայքին վրայ;

http://www.yerakouyn.com/?p=117940

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ