ՄԷ-ՀԷ-ՓԷ տակաւին պատրաստ չէ քրտերէնի գործածութիւնն ընդունելու

ՄԱՐՄԱՐԱ

Երբ քրտերէնը այլեւս կերպով մը ընդունուած լեզու դարձած  է, եւ կառավարութիւնն ալ դէմ չէ մայրենի լեզուներու գործածութեան, Մէ-Հէ-Փէ  կուսակցութիւնը կը շարունակէ դիրք գրաւել քրտերէն լեզուի հրապարակաւ  գործածութեան դէմ։ Այս կարգէն նոր օրինակ մը եկաւ Ֆէթհիյէի  Մէ-Հէ-Փէ-ցի  քաղաքապետ Պէհչէթ Սաաթճիի դէմ կուսակցութեան կեդրոնէն արձակուած արտաքսումի  որոշումով։ Պէհչէթ Սաաթճի կուսակցութենէն արտաքսուեցաւ անոր համար, որ  ան Գուրպան Պայրամի օրերուն քրտերէն ու թրքերէն լեզուներով խառն շնորհաւորագիրներ  հրատարակած էր։ Մէ-Հէ-Փէ կուսակցութեան կեդրոնը չէր կրցած հանդուրժել  քրտերէնով կատարուած այս շնորհաւորագրին ու կարգապահութեան յանձնախումբին  յանձնած էր խնդիրը։ Քաղաքապետն ալ կուսակցութենէն հրաժարած էր` առանց  սպասելու յանձնախումբին որոշումին։

Հակառակ որ արդէն կուսակցութենէն հրաժարած էր, նախկին քաղաքապետ  Սաաթճըին դէմ, ձեւակերպական ալ ըլլայ, արտաքսումի որոշում հրատարակուեցաւ։  Մէ-Հէ-Փէ տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու Քքտերէն լեզուի հրապարակաւ գործածութիւնը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ