Փոխքաղաքապետը ատենագրութիւններէն ջնջել տուաւ իր ցեղապաշտական արտայայտութիւնը
«Րատիքալ» այսօր կը հրատարակէ թղթակցութիւն մը, որ անգամ մը եւս ցոյց կուտայ, թէ երկրի մէջ տակաւին որքան տարածուն է հայերու, յոյներու կամ հրեաներու դէմ վերապահութիւնը` չըսելու համար թշնամութիւն։ Այս անգամ լուրը կուգայ Կազիօսմանփաշայի Սարըկէօլ թաղամասէն, ուր 600 շէնքեր պարպուեցան ու փլցուեցան, որպէսզի անոնց տեղ կառուցուին երկրաշարժի դէմ դիմացկուն նոր շէնքեր։ Այս շէնքերը պարպելու ընթացքին իշխանութիւնները թաղի 2500 բնակիչներուն ապահովութիւն տուած էին, որ նորակառոյց շէնքերը դարձեալ թաղամասի բնակիչներուն եւ միայն թաղամասի բնակիչներուն պիտի վաճառուէին։ Մինչդեռ հիմա Քաղաքապետութիւնը այս խոստումը ջնջեց ու որոշեց բոլոր փափաքողներուն վաճառել, ինչ որ դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուց թաղամասին մէջ։ Քաղաքապետի փոխանորդ Եըլմազ Էօզքան պատասխանեց այս դժգոհութիւններուն եւ ըսաւ. «Ինչո՞ւ կ՚առարկեն, մենք այս շէնքերը արտասահմանի հայերուն, հելլէններուն կամ իսրայէլցիներուն չէ, որ կը ծախենք»։
Այս արտայայտութիւնն ալ իր կարգին դժգոհութիւն ստեղծեց, ու փոխքաղաքապետը ստիպուեցաւ վերի նախադասութիւնը ջնջել տալ ատենագրութիւններէն։ Բայց ի՞նչ բան կը փոխուի։ Յայտնի է, որ յիշուած ժողովուրդներու դէմ վերապահութիւն մը կայ, կարծես թէ թաղի բնակիչներուն կ՚ուզեն տալ ապահովութիւն, որ անոնք հայ, յոյն կամ հրեայ դրացի պիտի չունենան։
Տեղացի ժողովուրդին վախը ուրիշ է։ Ժողովուրդը կը վախնայ, որ իրմէ առնուած ու վերակառուցուած շէնքերը հիմա պիտի վաճառուին հարուստներու։ Այս թաղամասին մօտիկ կը կառուցուի Թուրքիոյ ամենամեծ զուարճութեան կեդրոնը, որ Վիալանտ կոչուած է։
Leave a Reply