Թուրքիա հետզհետէ կ՚առանձնանայ արտաքին քաղաքականութեան մէջ
Վարչապետ Էրտողանի կառավարութիւնը Միջին Արեւելքի իր քաղաքականութեամբ որոշապէս մնացած է առանձնութեան մէջ։ Սուրիոյ նկատմամբ գործադրուած քաղաքականութիւնը արդէն հաշտ աչքով չէր դիտուած Արեւմուտքին կողմէ, հիմա ասոր վրայ աւելցաւ նաեւ Եգիպտոսի խնդիր մը։ Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիա կանգնեցաւ Եգիպտոսի մէջ պետական հարուած իրականացնելով իշխանութեան գլուխ եկած ընդդիմութեան դէմ, մինչ Արեւմուտքն ու ԱՄՆ արդէն ճանչցած էին ընդդիմութիւնը ու երկխօսութիւն հաստատած էին նոր իշխանութեան հետ։ Վարչապետ Էրտողան վերջին անգամ շատ խիստ խօսեցաւ անոնց մասին, ու ասիկա յորդեցուց բաժակը։ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւնները շաբաթավերջին իրենց մօտ կանչեցին Թուրքիոյ Գահիրէի Դեսպանը ու զայն, «Անբաղձալի անձ» հռչակելով, պահանջեցին, որ ան հեռանայ Եգիպտոսէ։ Այս կերպով Եգիպտոս շատ կտրուկ դիրքաւորում ցոյց տուաւ Թուրքիոյ դէմ։
Թուրքիա չուշացաւ փոխադարձելու ու նմանապէս անբաղձալի անձ հռչակեց Եգիպտոսի Թուրքիոյ մօտ դեսպանը, որ արդէն Եգիպտոս կանչուած էր իր կառավարութեան կողմէ։ Այս կերպով Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Եգիպտոսի հետ իջան գործակատարի մակարդակի, այլ ոչ թէ դեսպաններու։ Այնուհանդերձ Թուրքոիոյ Արտաքին նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ Թուրքիա որեւէ խնդիր չունի Եգիպտոսի ժողովուրդին հետ, որուն նկատմամբ Թուրքիա միշտ կը պահէ վառ բարեկամութիւն։
Էրտողան կը շարունակէ պահել իր կարծր դիրքորոշումը ու ըսաւ, որ ասիկա իր քաղաքական գիծն է, եւ մինչեւ վերջ ալ ինք պիտի ընթանայ այդ գծին վրայէն։ Բայց Արեւմտեան մամուլը դիտել կուտայ, որ Թուրքիա հետզհետէ կ՚առանձնանայ իր քաղաքականութեան մէջ։
Leave a Reply