«Ֆայնանշըլ Թայմզ» թերթի Իսթանպուլի թղթակցին համաձայն` վերջին բանավէճերը կրնան պատրաստելվարչապետ Էրտողանի անկումը
Ֆայնանշըլ Թայմզ թերթը Վարչապետ Էրտողանի քաղաքական ապագան վտանգի տակ կը տեսնէ։ Նշանաւոր թերթը իր այս ենթադրութիւնը հիմնած է քանի մը օրէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ բանավէճի նիւթ դարձած «Տէրսհանէ»-ներու խնդրի պատճառաւ։
«Տէրսհանէ» կոչուած դասաւանդութեան տուները մեծ փոթորիկ ստեղծած են երկրին մէջ, բայց անկէ առաջ օրակարգի եկած էին երկու այլ խնդիրներն ալ, մէկը՝ մանչ-աղջիկ խառն կացարաններու դէմ Էրտողանի հնչեցուցած ահազանգը, ապա դպրոցները երկսեռ ըլլալէ դադրեցնելու մասին Ա-Գէ-Փէցի երեսփոխանի մը առաջարկը։ Ասոնց յաջորդեց «Տէրսհանէ»-ներու խնդիրը, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ նաեւ որ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն Հոճայի հետ Էրտողանին յարաբերութիւնները վնասուին, քանի որ կ՚ըսուի, որ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի համայնքը ունի մօտաւորապէս 3.600 «Տէրսհանէ»։
Ֆայնանշըլ Թայմզ թերթի Իսթանպուլի թղթակից Տանիէլ Տոմպիի կարծիքով այս հարցերը ճեղքեր գոյացնել սկսած են Ա-Գէ-Փէի պահպանողական շրջանակներուն մէջ, եւ ասիկա կրնայ մեծ վտանգ սպառնալ Էրտողանի քաղաքական ապագային համար։ Տոմպիի համաձայն` Էրտողան այժմ Կէզի Հանրապարտէզի շրջանին եղածէն ալ աւելի շատ յանձնառու վիճակ ունի։
Ֆէթհուլլահ Կիւլէն, որ ատենօք ըսած էր որ “Մեռեալներն անգամ պէտք է քուէարկեն Ա-Գէ-Փէի ի նպաստ”, հիմա Էրտողանի դէմ դարձած ըլլալ կը թուի։ Արդարեւ Կիւլէն “Տէրսհանէ”ներու խնդրին մէջ ըսաւ որ ասիկա իրենց սրտին տրուած դանակի հարուած մըն է։ Լրագրողը դիտել կուտայ որ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները վտանգաւոր փորձաքար մը պիտի ըլլան Էրտողանին համար։ Այդ ընտրութիւններէն առաջ Էրտողան պիտի կարենա՞յ բարելաւել իր յարաբերութիւնները իր նախկին դաշնակիցներուն հետ, պիտի ենթարկուի՞ անոնց, կամ պիտի յաջողի՞ զանոնք իրեն ենթարկել։ Այսօրուան կացութիւնը արդեօք առաջին ազդանշա՞ն մըն է Էրտողանի մօտալուտ անկումին մասին։ Տոմպի այս հարցադրումներով է որ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Վարչապետին այժմու կացութիւնը։
Արեւմտեան պետութիւնները իրենց կը ծառայեցնէին օսմանեան շրջանի փոքրամասնական վարժարանները
«Հապէր 3» լրատու կայքէջի վրայ կը գտնենք լրատուութիւն մը, որ դարձեալ կը քրքրէ հին հաշիւներ եւ օսմանեան շրջանի եբեմնի փոքրամասնական դպրոցները կը դնէ կասկածելի հաստատութիւններու շարքին մէջ։ Լուրը հետեւեալն է. Մալաթիոյ նահանգի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան հետազօտիչներէն Վահապ Պէկէչ բանախօսութիւն մը սարքեց Գուպիլայ Լիսէի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն ուղղեալ։ Բանախօսութեան նիւթն էր «Հայկական խնդրի մէջ միսիոնարներու եւ օտար վարժարաններու ազդեցութիւնը»։ Վահապ Պէկէչի համաձայն` արեւմտեան երկիրներ օսմանեան պետութեան վրայ իրենց ուժն ու ազդեցութիւնը զօրացնելու համար իրենց պաշտպանութեան տակ առին ոչ իսլամները եւ զանոնք ուզեցին գործածել իրենց նպատակներուն եւ շահերուն ի նպաստ։ Արեւմուտքի կայսերապաշտ երկիրներուն այս քաղաքականութիւնը իր ծուղակին մէջ կ՚առնէր օսմանեան պետութենէն բաժնուիլ ուզող ոչ իսլամները, քանի որ անոնց քաղաքական, տնտեսական եւ կրօնական նպատակներուն զուգահեռ կերպով կը գործէր։ Արեւմտեան պետութիւնները հիմնեցին օտար վարժարաններ եւ ապահովեցին ամէն տեսակ օժանդակութիւն, որպէսզի փոքրամասնութեան այդ վարժարաններէն ներս, ուսուցման առընթեր, ստեղծուի նաեւ իրենց նպատակներուն ծառայելու պատրաստ սերունդներու մթնոլորտ։ Այս կերպով արեւմտեան պետութիւնները իրենց ազդեցութեան տակ առած էին յոյները, հայերը եւ հրեաները։
Իբրեւ արդիւնք` ֆրանսացիները օգնեցին կաթոլիկ վարժարաններուն, անգլիացիները` հայ բողոքական վարժարաններուն, ռուսերը` օրթոտոքս վարժարաններուն, ամերիկացիները` հայ բողոքական վարժարաններուն, Յունաստան` յունական վարժարաններուն։
Պէկէչ իր մեկնաբանութիւնները այս ուղղութեամբ շարունակելով ըսաւ. «Արեւմտեան երկիրներուն նպատակն էր այս դպրոցներուն միջոցաւ փոքրամասնութիւններու ազգային զգացումներն ու գիտակցութիւնը արթնցնլ եւ ապահովել, որ անոնք փրթին օսմանեան պետութենէն, ոչ քրիստոնեաները քրիստոնեայ դառնան, քրիստոնեաները չմոռնան իրենց կրօնական ինքնութիւնը, նաեւ իրենց կրօնքին կողմնակիցներ գտնեն, օսմանեան պետութեան առեւտուրը, ճարտարարուեստը եւ տնտեսութիւնը իրենց մենաշնորհը դարձնել, մեծ թիւով քրիստոնեայ կրօնաւոր հասցնել եւ անոնց միջոցաւ մահմետական թուրքերն ալ փրցնել իրենց ինքնութենէն եւ կրօնքէն։ Արեւմտեան պետութիւնները բոլոր այս միջոցներով կը ջանային օսմանեան պետութիւնը առնել իրենց նպատակներուն եւ շահերուն շրջագծին մէջ»։
Leave a Reply