Եգիպտոս Թուրքիոյ հետ իր դիւանագիտական կապերու մակարդակը նուազեցուց

Hüseyin Avni BotsalıԵգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի շաբաթ օր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ Եգիպտոսի դեսպանը տուն կանչուած է, եւ այդ երկրին հետ դիւանագիտական յարաբերութեանց մակարդակը` նուազեցուած: Ան ըսաւ, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Աւնի Պոթսալըէն պահանջած է հեռանալ երկրէն եւ զինք անբաղձալի անձ մը նկատած:

Ապտելաթի երէկ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը շարունակուին, բացի եթէ Թուրքիա որոշէ զանոնք խզել, «այդ ատեն կը նայինք»: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը ներկայիս չի մտածեր Եգիպտոսի կեդրոնական դրամատան մօտ պահ դրուած թրքական միլիառ տոլարի պահեստը վերադարձնելու մասին` աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մնայուն կապի մէջ է Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպանատան գործավարին հետ` հետեւելու համար վերջին զարգացումներուն:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ մաղթեց, որ «Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները անգամ մը եւս իրենց հունին վերադառնան»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Տրապիզոնի մէջ ըսաւ, որ «ես ունիմ կեցուածք մը, որ ծանօթ է, անոնք ատիկա պատճառաբանեցին: Ասիկա բան մըն է, որ միշտ կ՛ըսեմ եւ արձանագրուած է: Պիտի շարունակեմ նաեւ ըսել այսուհետեւ: Երբեք պիտի չյարգեմ անոնք, որոնք զինուորական յեղաշրջումի ճամբով իշխանութեան կը հասնին»` աւելցնելով, որ «երբեք չեմ յարգած անոնք, որոնք ժողովուրդին գերիշխանութիւնը չեն յարգեր, այլ մենք միշտ կը յարգենք անոնք, որոնք ժողովուրդին կամքը կը յարգեն»:

«Մենք լաւ յարաբերութեանց մէջ պիտի ըլլանք անոնց հետ, որոնք մեզի հետ դրական կը վարուին: Բարեկամ պիտի ըլլանք անոնց, որոնք կ՛ուզեն բարեկամ ըլլալ, եւ մեր դռները պիտի բանանք: Երբեմն վէճեր կրնան ըլլալ, սակայն անոնք հետագային կրնան դարմանուիլ», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ «մենք զգուշ կերպով եւ վերահսկուած ձեւով կրնանք խզել մեր լաւ յարաբերութիւնները անոնց հետ, որոնք վատ են: Նոր յարաբերութիւններու կրնանք սկսիլ, երբ լաւ եղողներու հետ յարաբերութիւնները վատ են: Ասիկա դիւանագիտութեան օրէնքն ու արտաքին քաղաքականութեան տրամաբանութիւնն է»:

http://www.aztagdaily.com/archives/161948

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ