Թրքական բանակին մէջ ծառայող հայերու առօրեան

Aris NalciԱՐԻՍ ՆԱԼԸՃԸ

Պոլսահայ լրագրող Արիս Նալճը 24 Ապրիլ 2011ի նախօրեակին թրքական բանակին մէջ ծառայող՝ սպաննուած հայ զինուոր, Սեւակ Պալըքճըի պարագան աւելի լաւ հասկնալու համար «Թի 24»ի պլոկին մէջ անդրադարձած է թրքական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող երկրի քաղաքացի հայերուն: Բոլորը զինուորական ծառայութենէն յուշեր ունին: Ոմանք կ՛ըսեն. «Այդտեղ զիս տղամարդ դարձուցին», ոմանք ալ ծառայել չեն ուզեր: Նալճը կը գրէ. «Այստեղ կ՛ըսեն, թէ՝ «Ամէն թուրք զինուոր կը ծնի», սակայն մեր հայկական ինքնութիւնը չի համապատասխաներ այդ կարգախօսին: Թերեւս եթէ ծառայութեան ընթացքին հայերու ապրածը հասկնանք, աւելի լաւ պիտի հասկնանք Սեւակ Պալըքճըի հետ տեղի ունեցածը»:

ՍԵՒԱՆ Ք.- 19 Յունուար 2007, ճաշասրահի մէջ ենք: Հայաստանի սահմանին մօտ գտնուելու պատճառով ինքնութիւնս այստեղ յաճախ կը յիշեն: Այդ օր ճաշասրահի պատկերասփիւռի կայանէն լսեցինք Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին:
Միացեալ Նահանգներու մէջ դպրոցը աւարտելով վերադառնալէ ետք, կը մտածէի՝ այստեղ շատ բան փոխուած է: Այդ օր աչքովս տեսայ, որ ոչինչ փոխուած է: Ճաշասրահին մէջ Հրանդի սպանութիւնը ժպիտով լսող զինուորները քիչ կը մնար ուրախութենէն պարէին: Ոմանք կը խօսէին: Անոնց ամէն խօսքը տակաւին ականջիս է: Գիտեմ՝ դիտմամբ կ՛ընեն, որ լսեմ: Ինքզինքս կը զսպեմ, կը կլլեմ: Յաջորդ օրը հրամանատարը կը կանչէ. «Տղա՛ս, տե՛ս, եթէ բան մը ըսեն, մօտս եկուր»:

ԳԷՈՐԳ Դ.- Ճաշասրահի մէջ եմ: Ճաշասրահը ինծի վստահած են, հաշիւները ես կ՛ընեմ: Կիպրոսի մէջ (Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ) եմ: Վերադաս սպան ամէն օր ինձմէ հաշիւ կը պահանջէ: Ամէն հաշիւ պահանջելու ատեն ալ թոսթ կ՛ուզէ: Երբեմն կը վճարէ, իսկ շատ անգամ՝ ոչ: Ամէն շաբաթ կու գայ հաշիւը ստուգելու եւ թոսթին գինը չվճարելուն պատճառով գումարը պակաս կ՛ըլլար: «Ինչո՞ւ գումարը պակաս է», կը բարկանար: Հայ ըլլալս անունէս յայտնի է, նոյնիսկ եթէ մականունս «եան» չունի: Այդ թոսթի գումարին պատճառով ծնօտս կոտրեցին: Քանի մը շաբաթ հիւանդանոց մնացի: Ծնօտս կտրողն ալ հիւանդանոցին մէջ ինծի կ՛այցելէր: «Դասդ առի՞ր», կը հարցնէ, որուն կը պատասխանեմ. «Ո՛»չ: Այս անգամ թեւս կը կտրէ: Շաբաթ մը եւս հիւանդանոցին մէջ…

ԼԵՒՈՆ Թ.- Ես վճարովի ծառայող էի: Քանատայէն եկած էի: Շարուած ենք, մեր անունները կը հարցնեն: Վերադաս սպան ինծի «Լէոն» կ՛ըսէ, յետոյ կը հարցնէ. «Լէոն, ասիկա ի՞նչ անուն է»: «Հայ եմ»՝ կը պատասխանեմ: Միւսները խէթ-խէթ կը նային: Ինչո՞ւ Հայաստանէն եկած եւ այստեղ կը ծառայէ: Վերադաս սպան կը պատասխանէ. «Դուք ի՞նչ մարդ էք, ան Թուրքիոյ քաղաքացի է: Դուք ձեր տան մէջ քրտերէն կը խօսիք, իսկ ան՝ թրքերէն: Չէ՞, Լէոն», կ՛ըսէ ան, եւ ես չեմ կրնար կողմնորոշուիլ՝ ի՛նչ պատասխանել: Ան զիս կը պաշտպանէ՞ր, թէ՞ կ՛ըսէր՝ «Քաղաքացի՛, թրքերէ՛ն խօսէ»:

ՀԱՅԿՕ ՊԱՂՏԱԹ.- 1996-1998ին ծառայած եմ: Պատերազմի ամէնէն տաք շրջանն էր: 1996ին Տերսիմի կիսազինուորական ոստիկանութեան վրայ յարձակում կատարուած էր: Մեզ այդտեղ ուղարկեցին: Դժուար ժամանակներ էին: Անգամ մը ենթասպայ մը անունս հարցուց: «Հայկօ», պատասխանեցի: «Ինչո՞ւ Հայկօ», հարցուց, որուն իբրեւ պատասխան՝ ըսի, որ հայ եմ:
Որոշ ժամանակ ետք հարցուց թլփատուա՞ծ եմ, թէ՞ ոչ. ըսաւ, որ չթլփատուած զինուորներուն ծառայութեան ընթացքին թլփատելու ծառայութիւն գոյութիւն ունի: Ըսի, որ պէտք չէ: Ատկէ ետք շուրջ մէկուկէս շաբաթ զիս տարբեր ճամբաներով կը համոզէր թլփատուիլ, իսկ ետքը տեղեկացուց. «Թլփատուելու անհրաժեշտութիւն չկայ»:

ԶԱՒԷՆ ՉԻՏԵՄՕՂԼՈՒ.- Ծառայութեան մեկնելէ առաջ Պողազճի համալսարանին մէջ պարտաճանաչ ուսանող էի: 1980ի ռազմական յեղաշրջումէն ետք մինչեւ 1985 բազմաթիւ անգամ իբրեւ դասալիք կալանաւորուած եմ, հակառակ անոր, որ ուսանողական գրքոյկ ունէի: Ամէնէն երկար կալանքը տեւած է 2 ամիս 10 օր: Շուրջ երկու տարի տեւած ձերբակալութիւններու, յոգնածութեան, սովի, ծարաւի, անքնութեան պատճառով 72 քիլօ նիհարցայ՝ դառնալով 53 քիլօ: Աւելի ուշ բուժուեցայ: Ի վերջոյ, 1992ին վճարովի ծառայութենէն օգտուելով՝ 2 ամիս տեւած ծառայութիւնս կատարեցի: Սակայն ինծի համար զինուորութեան արկածախնդրութիւնը կարծես 12 տարի տեւած ըլլար:

http://asbarez.com/arm/178402/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ