Պարզանի դիմաւորուեցաւ թագաւորներու նման – «Կեցցէ’ թուրք-քիւրտ եղբայրութիւնը»
Այս շաբաթավերջը անցաւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան տեսանկիւնէն շատ կարեւոր ու յեղաշրջումի բնոյթ ունեցող իրադարձութեամբ մը։ Վարչապետ Էրտողանի պաշտօնական հրաւէրին ընթացք տալով` Տիյարպաքըր եկաւ ու որպէս Քիւրտիստանի նախագահ՝ թագաւորներու նման դիմաւորուեցաւ Իրաքի Հիւսիսային Շրջանի Քիւրտիստանի նախագահ Մէսուտ Պարզանի։ Զանազան հիմնարկութիւններու հիմնարկէքը ընելու նպատակով Տիյարպաքըր եկաւ նաեւ Վարչապետ Էրտողան, Վարչապետ Էրտողան ու Մէսուտ Պարզանի գլուխ գլխի հանդիպում մը ունեցան, հանդիպումէն վերջ Պարզանի դրուատալից խօսքեր ըրաւ վարչապետ Էրտողանի մասին, հաշտութեան գործընթացի համար անոր տուած զօրակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց։ Պարզանի ըսաւ նաեւ, որ Տիյարպաքըրի ժողովուրդին համար հիմա նոր շրջան մը կը բացուի։ Տիյարպաքըրի քիւրտերն ալ Պարզանին դիմաւորեցին` արձակելով «Բարի եկար Հիւսիսային Քիւրտիստան» կարգախօսը։ Ամէն կողմէ ձայներ բարձրացան` «Հաշտութիւն” գոչելով, հաշտութեան այս հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ երկու քիւրտ նշանաւոր երգիչներ, մէկը` Թուրքիայէն Իպրահիմ Թաթլըսէս, միւսը՝ աւելի քան երեսուն տարուան բաժանումէ մը վերջ Թուրքիա եկող արուեստագէտ Շիվան Փէրվէր։ Անոնք Քրտերէն խօսեցան ու երգեցին` ողջունելով հաշտութիւնը։ Եւ վարչապետ Էրտողան Տիյարպաքըրի մէջ իր ունեցած ելոյթի ընթացքին ըսաւ. «Լեռ բարձրացածները վար պիտի գան, բանտերն ալ պիտի պարպուին»։ Էրտողան Տիյարպաքըրի մէջ առաջին անգամ ըլլալով արտասանեց նաեւ «Քիւրտիստան» անունը։ Իսկ Պարզանի գոչեց. «Կեցցէ’ թուրք-քիւրտ եղբայրութիւնը»։
Այսպէս, այս երկրին մէջ, ուր տասը տարի առաջ տակաւին քիւրտերու գոյութիւնն իսկ չէր ընդունուեր, եւ ուր Պարզանի Թուրքիոյ թշնամի մը կը նկատուէր, հիմա հռչակուեցաւ թուրք-քիւրտ եղբայրութիւն մը։
Անշուշտ կարճ ժամանակ վերջ աւելի լաւ պիտի հասկնանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս նոր զարգացումը եւ մինչեւ ուր պիտի երթայ։ Կարելի է մտածել, որ Ա-Գէ-Փէ կառավարութիւնը այս կերպով է, որ ընթացք կուտայ ՓՔՔ-ի հետ հռչակուած հաշտութեան գործընթացի կապակցութեամբ կառավարութենէն սպասուած քայլերուն։ Քրտական կողմը երկար ժամանակէ ի վեր կը պնդէր, թէ կառավարութիւնը սպասուածը չէ ըրած, ու հաշտութեան գործընթացը կանգ առած է։ Այն տեսարանները, որոնք պարզուեցան շաբաթ եւ կիրակի Տիյարպաքըրի մէջ, մտածել կուտան, որ կառավարութիւնը առաւ բախտորոշ քայլ մը։ Պէտք է ընդունիլ, որ այսպիսի քայլ մը դիւրին չէր կառավարութեան համար, քանի որ այս քայլերը անպայման ծանրապէս պիտի քննադատուէին ազգայնապաշտ շրջանակներու կողմէ։ Արդարեւ` Մէ-Հէ-Փէի նախագահ Տէվլէթ Պահչէլի, որ Գերմանիա գացած է, հոն ունեցաւ բուռն ելոյթ մը ու նշեց, որ այս քայլերը դաւաճանութիւն կը նշանակեն։
Աւելի քան երեսուն տարուան արիւնալի պայքարներէ վերջ քիւրտերը այժմ տեղ մը հասած ըլլալ կը թուին եւ Քիւրտիստանի իրենց երազը իրականացնելու սեմին հասած են։ Բայց հիմա նոր խնդիր մը կայ իրենց առջեւ։ Ներքին պառակտումի խնդիրն է այդ։ Կամ քանի մը հատ Քիւրտիստան ունենալու խնդիրն է։ Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանը, որ իրականութիւն է այլեւս` Էրպիլը մայրաքաղաք ունենալով, ու Պարզանին ալ իբր նախագահ, հիմա իր կողքին կը գտնէ Տիյարպաքըրը, զոր տեղացիները արդէն սկսան կոչել «Հիւսիսային Քիւրտիստան»՝ Իրաքինը նկատելով Հարաւային Քիւրտիստան։ Նշենք, որ Տիյարպաքըրի տեղ ալ արդէն սկսան գործածել Ամէտ անունը։ Ասոնց վրայ աւելցաւ Սուրիոյ քիւրտերուն յառաջխաղացումը։ Սուրիոյ խառնակութիւններէն օգտուելով` Սուրիոյ քիւրտերն ալ մտած են անջատողական շարժումի մը մէջ եւ Էրպիլի փոխարէն կ՚ուզեն Դամասկոսը ցոյց տալ որպէս իրենց մայրաքաղաքը։ Այս պայմաններու մէջ պէտք չէ զարմանալ, որ Մէսուտ Պարզանի, Տիյարպաքըրի մէջ արքայական ընդունելութեան արժանանալով ու Էրտողանին հազար շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ, պէտքը զգաց ըսելու. «Քիւրտերու համար հիմա առաջնահերթ խնդիրն է միասնականութեան խնդիրը»։
Պարզանի յիշեցուց, որ մայրաքաղաքը Էրպիլն է, ոչ թէ Դամասկոսը։
Կասկած չկայ, որ թուրք-քիւրտ եղբայրութիւնը ճամբայ պիտի բանայ դրական կամ ժխտական իրադարձութիւններու։ Այդ իրադարձութիւններէն մէկն ալ կրնայ ըլլալ ընդհանուր ներում մը։ Պարզանի, որ այնքան գոհ էր Տիյարպաքըր այցելութենէն, ըսաւ. «Հաւանաբար, Էօճալանն ալ ներառեալ, ընդհանուր ներում մը կը հռչակուի»։ Վարչապետ Էրտողանն ալ չէ՞ր ըսած, որ հայդուկները լեռներէն վար պիտի գան, ու բանտերը պիտի պարպուին։ Իմրալըն ալ օր մը կրնա՞յ պարպուիլ արդեօք
Leave a Reply