ԹՈՒՐՔԻԱ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՅԷ ԽՆԴՐԵՑ ՄԻՋՆՈՐԴԻ ԴԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼ
“Հայաստանը համոզեցէք որ պարպէ Ատրպէյճանի եօթը շրջանները”
Թուրք մամուլը այսօր կը հաղորդէ թէ յայտնի դարձաւ որ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու անցեալ ամիս երբ Զուիցերիա կը գտնուէր, Զուիցերիայէն ուզեց որ այդ երկիրը միջնորդի դեր կատարէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ, Հայաստանը տարհամոզէ որ պարպէ Ղարապաղի Ատրպէյճանապատկան եօթը շրջանները որպէսզի ժամ առաջ լուծուի Ղարապաղի հարցը եւ Թուրքիոյ կողմէ ալ բացուի Հայաստանի սահմանագիծը։
Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիա Հայաստանի հետ Զուիցերիոյ մէջ էր որ ստորագրած էր երկու փրոթոքոլները։ Այս փրոթոքոլներուն համաձայն Թուրքիա կը խոստանար բանալ Հայաստանի սահմանը, բայց հոն Ղարապաղի խօսքը չկար։ Այնուհետեւ Թուրքիա այդ փրոթոքոլները չկրցաւ գործադրել, որովհետեւ դէմ յանդիման եկաւ Ատրպէյճանի ուժեղ հակազդեցութեան հետ։ Եւ Թուրքիա այնուհետեւ ըսաւ որ սահմանները չեն բացուիր, մինչեւ որ Հայերը Ատրպէյճանի պահանջած ձեւով չեն վերադարձներ գրաւուած Ատրպէյճանական հողամասերը։ Արդ, Ահմէտ Տավուտօղլու անցեալ ամիս Զուիցերիացի իր պաշտօնակցէն խնդրեր է որ Զուիցերիա միջնորդէ Հայաստանը տարհամոզելու համար։
Այստեղ հրատարակուած լուրէն այնպէս կը հասկցուի որ Հայաստանէն պահանջուածը Ղարապաղը շրջապատող 7 շրջաններու մասին է, ո_չ թէ նոյնինքն Ղարապաղի։ Թուրքիա կը պնդէ որ Հայաստան նախապէս ընդունած էր պարպել այդ եօթը շրջանները։ Բայց այսօր ուրիշներ ալ կը յիշեցնեն որ Հայաստան մտադիր չէ այդ եօթը շրջանները վերադարձնելու, գոնէ անոնցմէ երկուքը բացարձակապէս չի վերադարձներ։ Թուրքիա կը յիշեցնէ թէ Ատրպէյճանն ալ նախապէս ընդունած էր գոհանալ հինգ շրջաններու պարպումով ու յօժարիլ որ Հայաստանի սահմանը բացուի։ Այս բոլորը այսօր ի զօրո՞ւ են, յայտնի չէ։ Ամէն պարագայի Թուրքիա պայման կը դնէ որ եօթը շրջանները պարպելու հարցին մէջ Ատրպէյճանի հաւանութիւնն ալ ստացուի։
Թուրք դիւանագէտ մը Զաման թերթի թղթակցին յիշեցուցած է որ Թուրքիա Հայաստանի սահմանը փակած էր ոչ թէ Ղարապաղի գրաւման պատճառա, այլ Ղարապաղի շրջակայ եօթը շրջաններու գրաւման պատճառաւ։ Ամէն պարագայի Թուրքիա երբեք պիտի չընդունի լուծման տարազ մը որ նոյնպէս ընդունելի պիտի չըլլայ Ատրպէյճանին։
Կիւլթան Քըշանաքի համաձայն հաշտութեան գործընթացը կանգ առաւ
“ՀԻՄԱ ԻՐԱՒԱՐԱՐԻ ԴԵՐ ԿԱՏԱՐՈՂ ԵՐՐՈՐԴ ԱՉՔ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ՄԵԶԻ”
Պէ-Տէ-Փէի համանախագահ Կիւլթան Քրշանաք Գերմանիոյ մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ Ա-Գէ-Փէ կառավարութեան ու ՓՔՔ-ի միջեւ կայացած հաշտութեան համաձայնութեան գործընթացին մասին եւ ըսաւ որ գործընթացը կանգ առած է, բայց չէ ջնջուած։
Ինչպէս յայտնի է ՓՔՔ, Իմրալըի հետ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն իրականացուցած համաձայնութեան մը գծով, վար դրած էր զէնքերը ու սկսած էր Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս հանել իր զինեալ ուժերը։ Բայց միջոց մը վերջ դուրս ելլելու գործողութիւնը կանգ առաւ, որովհետեւ պնդուեցաւ որ կառավարութիւնը իր խոստացածը ընել կ՚ուշանար։ Այնուհանդերձ հրադուլը պաշտպանուեցաւ, սպանդները կանգ առին։ Պէ-Տէ-Փէի ներկայացուցիչները քանի մը անգամ ազդարարեցին որ կառավարութիւնը պէտք է շարժման անցնի, այլապէս բոլորովին կը ջնջուի հաշտութեան գործընթացը։ Հակառակ այս ազդարարութիւններուն, կառավարութեան կողմէ տեսանելի որեւէ քայլ չառնուեցաւ, մինչ այդ հրապարակուած Ժողովրդավարացման Ծրարն ալ Քիւրտերուն սպասածը տալէ հեռու մնաց։ Միջոցէ մը ի վեր չէր խօսուեր գործընթացին մասին, երէկ Քըշանաք անդրադարձաւ հարցին ու ըսաւ որ գործընթացը խցուած է, անելի մէջ է, բայց հրադադարը կը շարունակուի։
Քըշանաք ըսաւ որ կառավարութիւնը, հակառակ որ կը պնդէ թէ իր պարտականութիւնը կատարած է, չէ յաջողած ժողովրդավարացման ուղիին վրայ յաջող քայլեր առնել։ Դիտել տուաւ որ այս նիւթով շահագրգիռ քաղաքագէտներն ու ակադեմականները պէտք է կարելիութիւնը ունենան Իմրալըի մէջ Էօճալանի հետ խօսելու։
“Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին կարգ մը խնդիրներ ծագեցան գործընթացի գնացքին մէջ, կը նշանակէ որ հարցեր կան ու հիմա պայման է որ իրաւարար մը քննարկէ գործընթացը, երրորդ աչք մը, դիտորդ մը հետեւի գործընթացի փուլերուն”, ըսաւ Քըշանաք, որ աւելցուց սակայն որ այս երրորդ աչքը պետութիւն մը կրնայ ըլլալ, անհատ ալ կրնայ ըլլալ, բայց դժուար է, որովհետեւ նմանօրինակ երրորդ դէմքերը կ՚ընտրուին երկու կողմերու ալ հաւանութեամբ։
Քըշանաք աւելցուց որ ՓՔՔ կեցուցած է իր ուժերը ետ քաշելու գործողութիւնը, բայց հրադադարը կը յարգէ, սպանութիւնները կանգ առած են եւ ասիկա առիթ մըն է որ պէտք չէ փախցուի, ամէն մարդ իրեն վիճակած պարտականութիւնը պէտք է կատարէ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ալ, մանաւանդ Ճէ-Հէ-Փէ Քրտական հարցի մէջ աւելի տիեզերական քաղաքականութիւն մը պէտք է մշակէ։ Հաշտութեան գործընթացը պէտք չէ զոհ երթայ մօտալուտ ընտրութիւններուն, պէտք չէ գործածուի իբրեւ ընտրական նախանիւթ։
ՄԱՀՄԵՏԱԿԱՆԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ
“Թարաֆ” թերթի երէկուան թիւին մէջ Րամազան Թուրանթայլաք հրատարակած է թղթակցութիւն մը ուր կը պատմուի որ մահմետականացած Հայերը հիմա կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, այսինքն Հայերէն կը սորվին։ Անոնք մայրենի լեզուն կը սորվին Տիյարպաքըրի մէջ բացուած Հայերէն լեզուի դասընթացքի շնորհիւ։ Դասընթացքը բացուած էր անցեալ տարի ու 66 աշակերտներ, գրեթէ բոլորն ալ մահմետականացած Հայեր, Հայերէն սորվեցան։ Դասընթացքը կ՚ընթանայ երկու անգամ երեք ամսուան դասաւանդութենէ։
Տիյարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Թաղայիններէն Կաֆուր Թիւրքայ, որ նմանապէս դասընթացքին հետեւողներէն մէկն է, ըսաւ որ դասընթացքի հետեւողներուն գրեթէ բոլորն ալ անձեր են որոնք վերջէն է որ իմացած են իրենց Հայկական ինքնութեան մասին։ Ասոնց միջեւ կան տանտիկիններ, պաշտօնեաներ, գործաւորներ, աշակերտներ, բժիշկներ եւայլն։ Կաֆուր Թուրքայ ինքն ալ մասնակցեցաւ դասընթացքին, իրեն հետ տանելով նաեւ իր երկու զաւակները։ Պատմեց որ իր հայրը որպէս Սիւննի Մահմետական Հաճ գացած էր ուխտագնացութեամբ, ինք ալ մահմետական աւանդութիւններով մեծցուած էր, իրենց Հայերէն մականունն էր Օհանեան, 16 տարեկանին էր որ անդրադարձած էր որ Հայ էր, եւ ան հիմա ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս “Սիւննի Մահմետական Հայ”։
Կաֆուր Թիւրքայ կ՚ըսէ.
“Զանազան պատճառներով մեր լեզուն չկրցանք սորվիլ, բայց միշտ ունէինք սորվելու փափաք։ Անգամ մը այս նիւթը բացինք Սուրի Քաղաքապետ Ապտուլլահ Տէմիրպաշին եւ ան ալ ըսաւ որ իրենց ծրագրին մէջ կայ դասընթացք հաստատելու ծրագիր մը։ Ընդունեց եւ դասընթացքը հաստատուեցաւ։ Ինք ալ, իր զաւակներն ալ մեծ յուզում զգացին երբ սկսան սորվիլ իրենց մայրենի լեզուն։ Ես հայ են, բայց իմ ժողովուրդի աւանդութիւններն ու մշակոյթը չկրցայ ապրիլ, կ՚ըսէ ան։ Երեք սերունդ վերջ ահաւասիկ սորվելու առիթը կ՚ունենանք ու ասիկա մեծ երջանկութիւն մըն է։
Թղթակցութեան մէջ կը կարդանք որ դասաւանդութիւնը կը կատարուի Հայ Համայնքին կողմէ նշանակուած ուսուցչի մը միջոցաւ, որուն անունն է Ֆիքրի Չալըշ։
Սուրի Քաղաքապետն ալ այս առթիւ կ՚ըսէ որ իրենք ժողովրդավարութեան կը հաւատան ու կը մտածեն որ բազմալեզու Քաղաքապետութիւն պէտք է մշակեն։ Ասիկա միայն Հայերէնի համար չէ, բոլոր միւս լեզուներուն համար ալ նոյնն է, ինչպէս Լազերու, Չէրքէզներու, Ասորիներու, Արաբներու, եւ նմանօրինակ լեզուներու։
Թղթակցութեան մէջ հրատարակուած է դասընթացքը աւարտող 67 անձերու խմբանկարը, որուն մէջ բոլորն ալ հպարտօրէն ցոյց կուտան իրենց ստացած վկայագիրը։
Ո՞վ արգելք պիտի հանդիսանայ այս վայրագութիւններուն
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԷԼ ՔԱԻՏԷԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՍԽԱԼՄԱՄԲ ԻՐԵՆՑ ԸՆԿԵՐՈՋ ԳԼՈՒԽԸ ԿՏՐԵՑԻՆ
Սուրիոյ մէջ պատահած դէպք մը անգամ մը եւս աչքերու առջեւ կը փռէ այն վայրագութիւնը որ հիմա կը գործադրուի Սուրիոյ մէջ, ներքին պատերազմի շրջագծէն ներս։ Պէշար Էսատի կանոնական ուժերուն դէմ պայքարող Էլ Քաիտէի Իսլամապաշտ զինեալները “Ալէվի” կարծելով կտրեցին գլուխը մէկու մը որ վիրաւորուած էր։ Անոնք հպարտօրէն ցուցադրեցին կտրուած գլուխը, մինչեւ որ անդրադարձան որ գլուխը կտրուած անձը իրենց թշնամին չէր, այլ իրենց կողքին կռուող զինեալ մը։ Այս սխալին համար Էլ Քաիտէ ներողութիւն խնդրեց։
Թէ ինչպէս պատահեցաւ այս սխալը, այդ ալ շատ հետաքրքրական է։ Լրատուութիւնը եկած է անգլիացի լրագրող Րիչըրտ Սփէնսըրէն, որ պատմեց որ “Ահրար Դամասկոսի Ջոկատ” կոչուած ապստամբ ուժերու հրամանատար Մուհամմէտ Ֆարէս բախումի մը ընթացքին վիրաւորուեցաւ։ Երբ զինեալները զինքը հիւանդանոց բերին, ան կարծեց որ զինքը Հիւանդանոց բերողները Պէշար Էսատի ուժերն են եւ քանի որ Էսատ Արաբ Ալէվի է, ան մտածեց որ զինքը հիւանդանոց փոխադրողներն ալ Ալէվի են ու սկսաւ զառանցել Ալէվիական գովասանքներ ընելով, հակառակ որ ինք դիմացի կողմէն է։ Զինեալները այս անգամ կարծեցին որ վիրաւորեալ անձը Ալէվի է եւ քանի որ անոնք Ալէվի ըլլալը մահուան պատճառ կը նկատեն, կտրեցին անոր գլուխը։ Աւելի վերջ է որ անոնք հասկցան որ գլուխը կտրուած անձը իրենց զէնքի ընկերներէն հրամանատար Ֆարէսն էր։ Անոնք ներողութիւն խնդրեցին թէ_ պատահարին համար, թէ_ կտրուած գլուխը հանդիսաւորապէս ցոյց տուած ըլլալնուն համար։
Ապստամբ ուժերու բանբերներէն Էօմէր Քահթանի ներողութիւն խնդրելու առընթեր յիշեցուց Մուհամմէտ Մարգարէի վերագրուած այն խօսքը, թէ “Աստուած կը ներէ այն անձը որ իր հաւատքի սիրոյն սխալմամբ մէկը կը սպաննէ”։
ԹԱՔՍԻՄԷՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ 19 ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՔԱՐԵՐ ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ
Թաքսիմի Կէզի հանրապարտէզի ու մերձակայքի շինութեան ընթացքին ճամբու եզերքը կատարուած պեղումները երեւան հանեցին 19 գերեզմանաքարեր, որոնք անշուշտ կը պատկանէին հոնտեղ գտնուած երբեմնի Հայոց Գերեզմանատան։ Երեւան հանուած գերեզմանաքարերուն վրայ շատ յստակ կերպով կը կարդացուէին Հայերէն տառերը։
Գերեզմանաքարերու յայտնաբերումէն վերջ Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութիւնը տէր կանգնեցաւ անոնց ու զանոնք տեղադրեց Հնագիտութեան Թանգարանին մէջ։ Հնագիտութեան Թանգարանէն հնագէտ Պէքիր Թուլուք անցեալ շաբաթ Պատրիարքարանը տեղեակ պահեց գերեզմանաքարերու գոյութենէն, Պատրիարքարանն ալ այս մասին պաշտօն յանձնեց Շիշլիի Գերեզմանատան վարչութեան։ Շիշլիի Գերեզմանատան Տնօրէն Ալիքսան Տատեան շարժման անցաւ ու տէր կանգնեցաւ գերեզմանաքարերուն, այսպէս 19 գերեզմանաքարերը յանձնուեցան Շիշլիի Գերեզմանատան տնօրէնութեան։ Քարերը ներկայիս տեղադրուած են կեդրոնի՝ ընդհանուր նահատակաց յատկացուած բաժնի քովը։
Leave a Reply