«Հայերու պատմութիւնը մեր պատմութիւնն է»
Դանիոյ մէջ այս օրերուն մամուլը կը խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան թէմայի մասին եւ դէմ կուգայ Թուրքիոյ ու Դանիոյ Ազգային գրադարանի գործակցութեամբ ծրագրուած ցուցահանդէսի մը դէմ։ Բազմաթիւ մտաւորականներ ու գրողներ այժմ կը խօսին Հայոց ցեղասպանութեան մասին ու կ՚ըսեն, որ հայերու այս տխուր պատմութիւնը մեր ալ պատմութիւնն է։
Ցեղասպանութեան մասին այս շարժումը ծնունդ առաւ, երբ անցեալ ապրիլ ամսուան ընթացքին հրատարակուեցաւ պատմաբան եւ համեմատական ցեղասպանութեան մասնագէտ Մաթիաս Պորնլունտի մէկ գիրքը, որուն խորագիրն էր «Հայոց ցեղասպանութիւնը սկիզբէն մինչեւ վերջ»։ Այս գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէր անհերքելի փաստեր ու վկայութիւններ Թուրքիոյ մէջ 1915-1923 թուականներուն հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մասին։
Հայաստանի «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնն ալ հաղորդեց, թէ այս գիրքին հրատարակութենէն վերջ դանիական մամուլի մէջ շարք մը յօդուածներ հրատարակուեցան Հայոց ցեղասպանութեան թէմայով։ Ասոնցմէ ամէնէն ուշագրաւներն էին «Քրիսթէլիկթ Տակպլատ» թերթի մէջ 4 նոյեմբերին հրատարակուած քանի մը յօդուածները։ Յօդուածներէն մէկուն հեղինակն էր յայտնի քաղաքական մեկնաբան Բենիամին Գրասնիկ, որ գրած է յօդուած մը սա խորագրով` «Թուրքիոյ դեսպանութիւնը կը տատանի այընտրանքային ցուցադրութեան կապակցութեամբ»։ Գրասնիկ իր յօդուածին մէջ պատմած է որ Թուրքիոյ դեսպանութեան ու Դանիոյ Թագաւորական գրադարանին միջեւ 2012 թուականին ստորագրուած էր համաձայնութիւն մը, որպէսզի բացուի ցուցահանդէս մը հետեւեալ խորագրով` «Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութիւնը», այլ խօսքով` «Իբրեւ թէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութիւն»։ Ըստ Գրասնիկի` Գրադարանի տնօրէն Քոլտինկ Էրլանդ ուժեղ քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ Թուրքերու հետ իր կատարած այս գործակցութեան հետեւանքով. Դանիայի ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած ծանր ճնշումի պատճառաւ ցուցահանդէսին բացումը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականի մը, փոխուեցաւ նաեւ ցուցադրութեան անունը, որ կոչուեցաւ «Թուրք-Հայկական յարաբերութիւնները Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին»։
Այնուհանդերձ Գրադարանի ու դեսպանատան միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը տակաւին ուժի մէջ է։ Բայց Թուրքիոյ դեսպանատունը տակաւին անհրաժեշտ նիւթերը չէ յանձնած Գրադարանին, եւ քանի որ Գրադարանի ծրագիրները արդէն ճշդուած են, յայտնի կը դառնայ, որ ցուցահանդէսին բացումը պիտի չհասնի 2014 թուականին։ Այնուհանդերձ մամուլը շարունակ կը յիշեցնէ Մաթիաս Պորնլունտի քննադատութիւնը Թուրքիոյ դեպանատան հետ կնքուած համաձայնութեան կապակցութեամբ։ Անոր պնդումով, այսպիսի համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը անմտութիւն է։ Գրադարանի տնօրէն Պոլտինկ Նիլսէն մեծ քանակութեամբ բողոքի նամակներ ստացած է աշխարհի զանազան կողմերէն, եւ այս ճնշման տակ է, որ պարտաւորուեցաւ փոխել ամէնէն առաջ ցուցահանդէսին անունը, որ հիմա աւելի անվնաս դարձած է։
Յօդուածի վերջաւորութեան թերթն ալ յայտնած է այն կարծիքը, թէ Դանիոյ կառավարութիւնը պէտք է բարձրաձայն ըսէ այն, ինչ պէտք է ըսէ, որ մասնագէտները, հետազօտիչները ըսած են։ Այն, թէ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին ցեղասպանութիւն կատարուած է հայերու նկատմամբ։ Դանիոյ կառավարութիւնը, այսպէս չընելով, կը թոյլատրէ, որ Թուրքիա շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը։ Անտէրս Էլէփէք Մաթսէնի կողմէ հրատարակուած գիրք մը, որ կը կոչուի «Դեռահաս Ապրօրա Մարտիկանեանի յուշերը Ցեղասպանութեան մասին» եւ «Հիմա փաստերը տեսար, յետոյ ի՞նչ պիտի ընես» յօդուածը կը ցոլացնեն լրագրողին այն տպաւորութիւնները, զոր ան ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-էնսթիւթին այցելելէ յետոյ։
Պիրքէ Փէթէրսըն ստորագրած է յօդուած մը, որուն խորագիրն է «Հայերու պատմութիւնը մեր պատմութիւնն է»։ Իր յօդուածին մէջ ան կ՚անդրադառնայ Պորլընտի գիրքին` յիշատակելով պատմական փաստեր եւ լուսանկարներ ու քարտէսներ։ Ան կը նշէ, որ ամբողջ Եւրոպան վկայ եղած է հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ չէ միջամտած։ Ան կը մէջբերէ Պորլընտի այն խօսքերը, թէ այդ պատահարներու ընթացքին սպաննուած աւելի քան մէկ միլիոն հայերու պատմութիւնը Եւրոպայի պատմութեան մէկ մասն է։ Թուրքիա ցեղասպանութիւնը կը ժխտէ փոխհատուցման խնդրի պատճառաւ, քանի որ Թուրքիոյ տնտեսութեան գերակշիռ մասը հայերէ բռնագրաւուած ինչքերէն գոյացած է։
Leave a Reply