Էրզրումի անունը փոխելու հարցին դէմ ցոյց

ՄԱՐՄԱՐԱ

«Բոլորդ հայ էք, սթափեցէք, թէ ոչ մենք ձեր խելքը տեղը կը բերենք»

Պէ-Տէ-Փէցի երեսփոխան Ալթան Թան այս օրերուն շատ կը խօսեցնէ իր մասին։ Ան անցեալները Խորհրդարան յղեց դիմումնագիր մը, որով կը պահանջէր, որ Էրզրումի ու կարգ մը գաւառակներու անունները փոխուին ու վերադարձուին իրենց նախկին անուններուն։ Կ՚երեւի, թէ դիմումնագրին մէջ Թան պահանջած է որ Էրզրումը կոչուի Էրզէրոմ։

Երէկ Էրզրումի մէջ խումբ մը ցուցարարներ Ալթան Թանի այս առաջարկին դէմ ցոյց մը կատարեցին` իրենց ձեռքերուն մէջ կրելով Թրքական դրօշակ ու վերտառութիւններ, որոնց վրայ գրուած էր հետեւեալը. «Բոլորդ Հայ էք, խելացի եղէք, այլապէս մենք ձեր խելքը կ՚առնենք»։ Ցուցարարները քալեցին մինչեւ Աթաթիւրքի յուշարձանը ու անոր առջեւ պարզեցին մեծ վերտառութիւն մը, ուր գրուած էր ԷՐԶՈՒՐՈՒՄ։

Ցոյցը կազմակերպուած էր Գամու-Սէն արհմիութեան կողմէ։ Արհմիութեան ներկայացուցիչ Միւֆիթ Պայրաքտար ելոյթ մը ունեցաւ ու ըսաւ. «Պատմութիւնը այս աշխարհագրութեան անունը արձանագրած է որպէս Էրզրում։ Մինչեւ վերջ ալ այդպէս պիտի մնայ։ Ալթան Թանի դիմումնագիրը կը նշանակէ իր չափը չգիտնալ։ Եթէ ան կը հիմնուի Ժողովրդավարացման րարին վրայ, այս ծրարը մեր տեսակէտով դաւաճանութեան ծրար է։ Ալթան Թանի այս դիմումնագիրը կը նոյնանայ Հհայերու Մեծն Հայաստան երազին հետ, եւ ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատրաստութիւն մը 2015 թուականի։ Մեծն թուրք ժողովուրդը, եթէ ատենը գայ, կրնայ դարձեալ պատասխանել` իր Ազիզիյէ ուժերը շարժման անցընելով։ Որքան ատեն որ մենք կանք, դուք ձեր երազները պիտի չկարենաք իրականացնել»։

Ալթան Թանի դիմումնագրին մէջ կ՚առաջարկուի, որ Էրզրումը կոչուի Էրզէրոմ, Թէքման գաւառակը` Թաթոս, Խընըս գաւառակը` Քսինուս, Չաթ գաւառակը` Օքսիլ, Գարաեազը գաւառակը` Կոկսի, Աշգալէ գաւառակը` Էշկէլէ։

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Ցուցարարները եթէ այս խնդրին մէջ հայերու հասցէին ամբաստանութիւններ կ՚ընեն, օգտակար է, որ գիտնան, թէ հայերը Էրզրումը Կարին կը կոչէին, ոչ թէ Էրզէրոմ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ