Պոլսոյ մէջ ՀՅԴ-քրտամէտ ԽԺԿ աննախընթաց հանդիպում

ՀՅԴ-ԽԺԿ ՀանդիպումԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- Երեքշաբթի, նոյեմբեր 12ին, ՀՅԴի եւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ԽԺԿ) բարձրաստիճան պատուիրակութեանց միջեւ աննախընթաց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ: Նաեւ, 1923էն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով է, որ ՀՅԴի պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Պոլիս կ՛այցելէ:
Քրտամէտ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կուսակցութեան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ ու Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւրը, իսկ ՀԵԴի պատուիրակութիւնը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը, որ նաեւ փոխնախագահն է Ընկերվար միջազգայնականին:
Պոլսոյ հանդիպումը մաս կը կազմէ երկու կուսակցութեանց միջեւ սկսած երկխօսութեան, որոնք կը կեդրոնանան հայ-քրտական գործակցութեան հաւանականութեանց, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի, ինչպէս նաեւ հայ եւ քիւրտ ազգերու ազգային ու ժողովրդավարական իղձերուն վրայ:
Յիշեցնենք, թէ հոկտեմբեր 29ին, Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած էր Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

http://asbarez.com/arm/177526/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ