«Ազդակ»-ի կազմակերպութեամբ. «Իսլամացուած հայերու երեւոյթը՝ պատմական հանգրուաններն ու թղթածրարի արդիականացման այժմէականութիւնը» նիւթով զրոյց

Էդիկ ՄինասեանԵրէկ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Իսլամացուած հայերու երեւոյթը՝ պատմական հանգրուաններն ու թղթածրարի արդիականացման այժմէականութիւնը» նիւթով զրոյց մը։ Զրուցակիցներն էին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Էդիկ Մինասեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան։ Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան։

Զրոյցին սկիզբը Վահրամ Էմմիեան ներկայացուց թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեանի հետ այս նիւթով իր կատարած զրոյցին գլխաւոր կէտերը, ապա զրուցակիցները հանգամանալից կերպով խօսեցան բռնի իսլամացուած հայերու հարցին շուրջ ակադեմիական մակարդակի վրայ կատարուած աշխատանքներուն եւ այդ թղթածրարին նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած մարտավարութեան մասին։ Զրուցակիցները նաեւ զուգահեռներ գծեցին հայոց պատմութեան տարբեր հանգրուաններու ընթացքին հայերու բռնի իսլամացման պարագաներուն միջեւ եւ անդրադարձան այն հարցին, թէ իսլամացուած հայերու երեւոյթը կրնա՞յ հայու ինքնութեան սահմանումին վրայ որեւէ ազդեցութիւն ունենալ։

Զրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ։

http://www.aztagdaily.com/archives/160336

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ