ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄԱՐՄԱՐԱՔՐՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ԱՆՈՐՈՇ ԹՈՒԱԿԱՆԻ

Անգարայի մէջ երկօրեայ համագումար մը քննարկեց քիւրտերու համար հաշտութեան ու ժողովրդավարութեան առընչակից հարցեր

Քրտական ազգային համագումարը, որ կը սպասուէր որ գումարուէր այս օրերուն, կրկին յետաձգուեցաւ թէքնիք անբաւարարութիւններու ու քաղաքական վերջին զարգացումներու հետեւանքով։ Համագումարը նախապատրաստող կոմիտէն երէկ ժողով գումարեց Էրպիլի մէջ ու յանգեցաւ այն որոշումին թէ պայմանները յարմար չէին Համագումարը իրականացնելու։ Համագումարը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականի մը, Նախապատրաստական կոմիտէի անդամները քիւրտ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրեցին այս յետաձգման համար։ Կոմիտէի անդամները մաղթեցին որ քաղաքական աննպաստ զարգացումները, որոնք արգելք եղան համագումարին, ժամ առաջ վերանան ու հարցերը լուծում գտնեն քիւրտ ժողովուրդի շահերուն զուգահեռ կերպով։

Անգարայի մէջ ալ կայացաւ քրտական հարցերու առընչակից երկօրեայ համագումար մը, որ նուիրուած էր հետեւեալ թէմային. “Քիւրտերու համար հաշտութիւն, ժողովրդավարութիւն ու հարցերու լուծում”։ Համագումարի մասնակցեցան 24 զեկուցողներ, զեկուցողները ընդհանրապէս քննարկեցին քիւրտերուն տեղը Միջին Արեւելքի ապագային մէջ։

Հաշմագումարին մասնակցեցան սուրիացի քիւրտեր ալ, որոնք վկայութիւններ բերին Սուրիոյ մէջ քիւրտերու դէմ գործադրուած ճնշումներէն։ Միւս կողմէ քննադատուեցաւ այն պատը որ Թուրքիոյ սահմանին վրայ կը հիւսուի, այս պատը Քիւրտերը իրարմէ կ՚անջատէ, ըսուեցաւ։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան փաստաբան Րէտիֆ Մուսթաֆա պատմեց որ Սուրիոյ մէջ նախագահ Էսատ քիւրտերը կը բնաջնջէր։ Պաշտօնական մարդահամար չկար, Գամըշլըի ու Աֆրինի մէջ մեծ թիւով քիւրտեր կը բնակէին, բայց Քիւրտերը որեւէ իրաւունք չունէին։ Քրտերէն լեզուն արգիլուած էր, սխալմամբ քրտերէն խօսողները կը բանտարկուէին, քրտերէնով գրուած ամէն ինչ պարտադրաբար պէտք է թարգմանուէր արաբերէնի։ Աւելի քան վաթսուն հազար քիւրտեր անձնագիր իսկ չունէին։ Զանազան վայրերու մէջ Քիւրտերը կը տեղահանուէին ու անոնց տեղ արաբներ կը տեղադրուէին։

Անգարայի երկօրեայ համագումարը այսպէս ընդհանրապէս օրակարգի բերաւ քրտական հարցեր, որոնք այս օրերուն համաշխարհային ուշադրութեան կիզակէտը դարձած են։

ՍԷԼԱՄԷԹ ԽԱՆԸ ՊՈՒԹԻՔ ՊԱՆԴՈԿ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ

Սիրքէճիի Սէլամէթ Խանը, որ Վագըֆներու նոր օրէնքի շնորհիւ վերադարձուեցաւ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին, մօտիկ ապագային պիտի գործէ որպէս պութիք պանդոկ եւ ճաշարան։ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը այս շէնքը վարձեց գործարար Քէմալ Ալթէնի, որ շէնքը պիտի վերանորոգէ, ապա զայն պիտի բանայ որպէս պութիք պանդոկ։

Լրագրող Հասան Այի կողմէ հրատարակուած թղթակցութեան մը մէջ տեղ տրուեցաւ նաեւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութեան, ըստ որու վերանորոգութենէ վերջ Խանին առաջին յարկը պիտի դառնայ ճաշարան, իսկ միւս յարկերը պիտի վերածուին պանդոկի։ Պանդոկը գործել պիտի սկսի անմիջապէս, որ պիտի վերջանայ շէնքին վերանորոգութիւնը։ Պետրոս Շիրինօղլու ըսաւ, որ այս ծրագրէն գալիք եկամուտը պիտի յատկացուի հիւանդանոցի ծերանոցին ու պատսպարեալներուն։

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

9 Նոյեմբեր` շաբաթ օր, Ուսուցչաց միութեան կողմէ Սկիւտարի Սէմէրճեան Ճեմարան-Ներսէսեան Երմոնեան վարժարաններու սրահին մէջ սարքուեցաւ հաւաքոյթ մը` Ուսուցչաց օրուան առիթով։

Հաւաքոյթը պատուած էին Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան,  Կաթողիկէ համայնքէն Վիճակաւորի աջակից՝ Գերապայծառ. Տ. Գէորգ Արք. Խազումեան, նախկին ու ներկայ ուսուցիչներ։

Ներկայ էին նաեւ Ուսուցչաց միութեան ատենապետուհի Թագուհի Հալաճեան, ատենադպրուհի Շնորհիկ Զօրվարեան, Գալֆայեանի տնօրէնուհի Այտա Գայաէր, որոնց նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր հաւաքոյթը։

Բացման խօսքը արտասանեց Թագուհի Հալաճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորելով բոլորին ուսուցչաց տօնը։ Անդրադարձաւ հաւաքոյթի նպատակին եւ շեշտեց միասնական այս մէկտեղումին առիթով իրենց զգացած գոհունակութիւնը։ Ատենապետուհին շեշտեց նաեւ որ համայնքը պէտք է յատուկ հետաքրքրութիւն ցոյց տայ 65 տարեկանէ վեր հանգստեան կոչուած մեր ուսուցիչներուն։

Այնուհետեւ արտասանութեամբ մը հանդէս եկաւ Վահէ Հալաճեան։ Գրերու գիւտի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մասին բանախօսութիւն մը ներկայացուց վաստակաշատ ուսուցիչ Բասքալ Թէօրէնլի։ Ուսուցչաց Միութեան կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Արթուն Գալայի, իր 70ամեակին առիթով։ Գալֆայեանի Տիկնանց յանձնախումբը պատրաստած էր համով ուտելիքներով բեռնաւոր սեղաններ, որոնց շուրջ ներկայ ուսուցիչները համախմբուած՝ հաճելի ժամանակ անցուցին։

ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Շաբաթ օր ինծի համար շատ հաճելի փորձառութիւն էր այցելել Հարպիյէ նորակառոյց “Քոնկրէսի Կեդրոն”ը ու այդ հոյակապ շէնքին Հինգերորդ գետնայարկին վրայ, “Ժամանակակից Իսթանպուլ” ընդհանուր անուան տակ բացուած ցուցասրահի դրախտէն ներս տեսնել Հայաստանի նկարիչներու յատկացուած բաժինը։

“Տեսնել” բառը գործածեցի, բայց պէտք է ըսէի “վայելել”, որովհետեւ ինծի համար իսկապէս վայելք մըն էր տեսնել հոն ցուցադրուած նկարչական գործերը, որոնք այսօրուան Հայաստանի նկարչական մակարդակի մասին գաղափար մը կրնան տալ ամէն արուեստասէրի։

“Ժամանակակից Իսթանպուլ” անուն ցուցասրահը տեղ մըն է ուր մէկ անգամէն հարիւրաւոր նկարիչներ կրնան իրենց սեփական ցուցահանդէսը բանալ։ Ասիկա արուեստի ընդարձակ պալատ մըն է ուր ամէն ինչ տեսնել կարենալու համար մարդ քանի մը ժամերու պէտք ունի։ Ամէն արուեստագէտի համար բաւական լայն տարածութիւն մը կը յատկացուի ու արուեստագէտը հոն, միւսներէն անկախ, կը ներկայացնէ իր գործերը։ Միայն ընդհանուր տեսարանը արդէն յստակ կերպով ցոյց կուտայ թէ գեղարուեստի տեսակէտէ Թուրքիա որքան յառաջ գացած է։

Մեր պարագային, հոս իրենց գործերը ներկայացուցած էին Հայաստանէն նկարիչներ Տարօն Մուրատեան, Վահրամ Դաւթեան, Արմէն Գէորգեան, Արա Միքայէլեան, Ռուբէն Գրիգորեան եւ քանդակագործ Էմիլ Գազազ։

Մամուլի մէջ հրատարակուած լուրերէն յայտնի էր որ այս ցուցահանդէսին գլխաւոր դէմքն էր նկարիչ Տարօն Մուրատեան, որ յատուկ հրաւէրով ու անձնական ներկայութեամբ կը մասնակցէր քանի մը շատ հետաքրքրական ու հիանալի պաստառներով։ Իսկ ինծի համար մասնաւոր հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէին Վահրամ Դաւթեանի գործերը, քանի որ այս անունը տարիներէ ի վեր ծանօթ անուն էր ինծի։ Ես 1999-ին Պէյրութի “Նոյեան Տապան” ցուցասրահի մէջ տեսած էի անոր հոյակապ մէկ ցուցահանդէսը, իրեն հետ ծանօթացած էի ու լուսանկարուած։ Երազային ու գերիրապաշտ աշխարհի մը նկարիչն էր, անոր ներկայացուցած կերպարները մարդու ու անասունի կերպարներու տարօրինակ խառնուրդ էին եւ ծնունդ կ՚առնէին շատ հզօր ու յանդուգն երեւակայութենէ։ Դաւիթեանին ոճը իր ստորագրութիւնն էր։ Ես այնուհետեւ նոյն վայրկեանին իսկ իր մէկ գործը կրնայի ճանչնալ առանց ստորագրութեան նայելու։

Պէյրութի այդ այցելութենէս ի վեր յաճախ մամուլի մէջ կը հանդիպէի անոր անուան, ուստի շատ ուրախացայ երբ տեսայ որ անոր անունն ալ կար մեր քաղաքին համար ծրագրուած ցուցահանդէսին մէջ։

Շաբաթ օր երբ մտայ Հայաստանցի նկարիչներու յատկացուած բաժնէն ներս, արդէն դէմ դիմաց եկայ ինծի այնքան ծանօթ Վահրամ Դաւթեանի լայնածաւալ մէկ գործին հետ։ Ճիշդ ինքն էր, այն զոր ճանչցած էի եւ այն որուն հիացած էի մէկ անգամէն։ Չեմ գիտեր թէ այդ պաստառը, որ բոլոր այցելուները կը դիմաւորէր առաջին երկվայրկեանէն, ինչ մտածել կուտար արուեստասէրներուն, բայց կասկած չկայ որ այդ ոճը շատ հեռու էր դասական, պահպանողական, նոյնիսկ արդիական ոճէն, անիկա գերարդիական կամ իմ կարծիքով գերիրապաշտ ոճի մը դրսեւորումն էր։ Նոյնն էին քիչ անդին նոյն նկարիչէն ներկայացուած երեք գործեր որոնք քով քովի զիրար կ՚ամբողջացնէին։

Բայց Վահրամ Դաւթեանէն վերջ ինծի համար ցնցիչ նորութիւն եղան Տարօն Մուրատեանի պաստառները։ Ահաւասիկ ուրիշ նկարիչ մը որուն ոճն ալ կը դառնար անոր ստորագրութիւնը։ Իսթանպուլի մէջ ցուցադրուած հինգ կամ վեց գործերը կը բաւէին որպէսզի այսուհետեւ մենք հարիւրաւոր պաստառներու մէջէն ճանչնայինք Տարօն Մուրատեանը ու ըսէինք. “Ասիկա Տարօն Մուրատեան է”։ Տարօն Մուրատեանի գործերն ալ, ճիշդ Վահրամ Դաւթեանի գործերուն նման, անիրական աշխարհի մը կերպարները կը ներկայացնէին շատ ճարտար վրձինով մը։ Բայց ի”նչ վրձին։ Գոյներու եւ ներկերու ինչ փայլ ու հարստութիւն, պոռթկացող ու դիտորդին վրայ ցատկելու պատրաստ ներկեր՝ որոնք անհաւատալի ուժ ու կենդանութիւն ունին։ Նկարչական ահաւոր թէքնիք մը առաջին ակնարկով կարծես երկրորդական կը դարձնէ հոն ներկայացուած նիւթը։ Բայց երբ կը վարժուիս գոյներու ու ներկերու այդ խրախճանքին, այնուհետեւ կը տեսնես պաստառին ներկայացուցած նիւթը, որ չես գիտեր թէ ինչ է, բայց կը հասկնաս որ ունի իր երեւակայական ու “ֆանթասթիք” պատմութիւնը։ Ո՞ր աշխարհի դիցաբանութենէն ծնունդ առած են հոն ներկայացուած կերպարները, կերպարներ՝ որոնց մարմինները ամբողջութիւն ալ կրնան չներկայացնել, հոս մարմին մը, ոտք մը, անդին միայն գլուխ մը, կամ տարաշխարհիկ մարդու տիպարներ որոնք կարծես մաս կը կազմեն մեքենաներու ու մետաղային աշխարհի մը խառնաշփոթ տարրերուն։ Ահաւոր երեւակայութիւն մըն ալ հոս ի յայտ կուգար։ Իսկապէս նախ ի”նչպիսի հզօր երեւակայութիւն մը անհրաժեշտ էր որպէսզի նկարիչը հնարէր այդ նիւթը եւ յետոյ ի”նչ թէքնիք վարպետութիւն մը անհրաժեշտ էր որպէսզի նկարիչը կարենար պաստառին փոխադրել իր երեւակայածը։

Երբ կը նայէի Վահրամ Դաւթեանի ու Տարօն Մուրատեանի գործերուն, ես ինծի կը հարցնէի թէ Հայաստանի նկարչութիւնը որքան ճամբայ կտրած էր Մարտիրոս Սարեանի օրերէն ասդին։

Նոյն գերարդիական ոճին ներկայացուցիչներն էին նաեւ միւս նկարիչները, որոնց ոճը սակայն տարբեր դպրոցի մը աւանդութիւնները կը բերէր։ Արմէն Գէորգեան, Արա Միքայէլեան, Ռուբէն Գրիգորեան իրենց ծափահարելի գործերով “Մենք ալ հոս ենք” կ՚ըսէին, բայց կրնայի մտածել որ անոնք շատ ուժեղ երկու մրցակիցներ ունէին յանձին Վահրամ Դաւիթեանի ու Տարօն Մուրատեանի։ Արմէն Գէորգեանի պաստառներուն մէջ ալ դիտորդը կրնար գտնել տարաշխարհի մը մարդկային տիպարները, ինքնատիպ գիծերով։ Բոլոր մեր այս արժէքաւոր նկարիչները կարծես այս փոքրիկ տարածութեան մէջ իրարու հետ կը մրցէին մեզի նոր արձագանգներ բերելու համար։

Միակը, որ մրցակից չունէր, քանդակագործ Էմիլ Գազազն էր, որուն անունը ես արդէն լսած էի հազիւ երկու շաբաթ առաջ Լոս Անճէլըսէն ստացուած թղթակցութեան մը մէջէն։ Լոս Անճէլըսի մէջ կար Էմիլ Գազազի քանդակներուն ու նկարչական գործերուն նուիրուած ցուցասրահ մը ու հոն պատրաստութիւն կը տեսնուէր Էմիլ Գազազին ի պատիւ յարգանքի հանդիսութեան մը համար։ Էմիլ Գազազը, եթէ չեմ սխալիր, Ամերիկահայ է, ո_չ թէ Հայաստանցի։ Ան ալ Իսթանպուլի ցուցահանդէսի ընթացքին իրեն ընկերացող Հայաստանցի նկարիչներու նման ունի պրոնզեայ աշխարհի իր յախուռն երեւակայութիւնները։ Արտակարգօրէն ինքնատիպ ու յաճախ գեղագիտականին ու տձեւին միջեւ պտըտկող ոճ մը որուն վերջին խօսքը հրաշք է։ Անոր ալ ստեղծած կերպարը, մարդ-անասուն, կամ չես գիտեր ինչ, մեզի կը ներկայացնէ դիցաբանութեան մէջ մնացած էակի մը կամ էակներու մարմնացումը։ Արուեստասէրի մը համար ինչ նշանակութիւն ունին այս քանդակները, չեմ գիտեր, բայց Էմիլ Գազազի քանդակները, իրենց պրոնզեայ հզօր մարմիններով, իրենց խոյանքներով ու մասնաւորաբար իրենց ինքնատիպ գոյներով այսօրուան Հայ ստեղծագործական աշխարհի մէկ երեսակը կը դրսեւորեն։

Չեմ կրնար գիտնալ թէ ինչու միայն չորս օր պիտի տեւէր այս ցուցահանդէսը։ Կ՚երեւի թէ այս սրահին մէջ այսքան միայն ժամանակ կը տրամադրուի արուեստագէտներուն։ Միայն այն կարճ այցելութեան ընթացքին, զոր ես տուի ցուցահանդէսին, տեսայ որ, հակառակ որ տակաւին հինգ վայրկեան առաջ բացուած էին դռները, շարունակ այցելուներ կուգային հոս ու անպայման կը լուսանկարէին բոլոր գործերը։ Հայաստանի ժամանակակից արուեստը, որուն դիմաց գլխարկ կը հանեմ, կը մտնէր ո_չ միայն քաղաքիս արուեստի աշխարհէն ներս, այլ կը մտնէր նաեւ լուսանկարներու ընդմէջէն հարիւրաւոր տուներէ ներս։

Սրտանց շնորհաւորելի են այս բացառիկ ցուցահանդէսին կազմակերպիչ Օննօ Այվազ ամոլն ու նկարիչ-արուեստաբան Յակոբ Էկոյեանը։

Ռ. Հ.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ