Պիւլէնտ Արընչի hետաքրքրական յայտարարութիւնները
«Հայկական պնդումներու դէմ կը տանինք մասնաւոր աշխատանք, որ պիտի ազդէ օտար երկիրներու հանրային դիւանագիտութեան վրայ»
Փոխվարչապետ Պիւլէնտ Արընչ երէկ 2014 թուականի պիւտճէի փլանաւորման ժողովէն վերջ պատասխանեց լրագրողներու այլազան հարցումներուն ու անոնց տուաւ շահեկան պատասխաններ, որոնցմէ մէկն ալ կը վերաբերէր 1915-ի հարիւրամեակի սեմին հայկական պնդումներու դէմ Թուրքիոյ տեսած պատրաստութիւններուն։ Արընչ այս հարցին անդրադառնալու ընթացքին ըսաւ, որ հայկական պնդումներու դէմ շատ լուրջ աշխատանք կը տարուի ներկայիս։ Այս աշխատանքը աշխարհի բոլոր երկիրներու հանրային դիւանագիտութեան վրայ ազդեցութիւն պիտի գործէ։ Վարչապետարանի մէջ յատուկ մարմին մը այս նիւթով կը զբաղի։ Արընչ աւելի մանրամասնութիւն չտուաւ այս նիւթի շուրջ։ Ուրիշ կարեւոր հարցումներ ալ ուղղուեցան։ Անոնցմէ մէկն էր թրքերէնը օտար բոլոր բառերէն զտելու եւ ամբողջովին թրքացնելու հարցը, որուն պատասխանելով` Արընչ ըսաւ, որ կարելի է ըսել, որ մեր բոլորին անունները Պարսկերէն կամ Արաբերէն են։ «Մենք այնպիսի քաղաքակրթութիւն մը ունինք, որ բոլոր լեզուներէն բաներ մը առած ենք, զանոնք իւրացնելով անոնցմով հարստացուցած ենք մեր լեզուն»,- ըսաւ Արընչ։
Այսպիսի հարցում-պատասխաններու մէջ անխուսափելի նիւթ դարձած է Հէյպէլիի յունաց դպրեվանքի բացման խնդիրը։ Այս անգամ ալ հարցուեցաւ, ու այս անգամ ալ Արընչ տուաւ պատասխան մը, որ ծայր աստիճան դիւանագիտական է, այսինքն շատ բան կ՚ըսէ` առանց նոր բան մը ըսելու։ Արընչ սապէս խօսեցաւ այս մասին.
«Յունաց դպրեվանքը փակուեցաւ Սահմանադրական ատեանի որոշումով։ Սահմանադրական ատեանի որոշումը աստուածաբանութիւն ուսուցանող դասընթացքներու մասին էր։ Իսկ Լիսէի մասը իրենք յոյները փակեցին` ըսելով, որ այս պայմաններու մէջ ուսուցում չենք կրնար ընել։ Որեւէ օրինական արգելք չկայ որպէսզի դպրոցը վերաբացուի։ Ասիկա քաղաքական կամքի խնդիր է։ Եթէ պէտք է, որ բացուի, կը բացուի, եթէ պէտք է որ չբացուի, եթէ արգելքներ կան, չի բացուիր։ Եթէ կրօնական մարզէ ներս անոնք կրօնաւոր հասցնելու կարիքը ունին, ամէն կառավարութեան պարտականութիւնն է կարելիութիւն ստեղծել ատոր համար։ Այս դպրոցը դարձեալ կրնանք բանալ, եթէ Սահմանադրական ատեանի որոշումը անգամ մը եւս քննարկենք ու այս մասին մտածենք դրական ուղղութեամբ»։
Ուրիշ հարցում մըն ալ կը վերաբերէր Թուրք պատմութեան խորհուրդի նախագահին կողմէ անցեալ օր մամուլի մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն, որոնք անհանգստութիւն ստեղծած էին կարգ մը շրջանակներէ ներս։ Յայտնի է, որ Արընչն ալ ունէր վերապահութիւններ։ Ան այս մասին սապէս խօսեցաւ.
«Խորհուրդի նոր տնօրէնը գիտնական մարդ է, բայց անշուշտ սխալ է յայտարարութիւններ ընել քաղաքական մարզէ ներս ու մասնաւորաբար անհանգստացնել այն երկիրները, որոնց հետ Թուրքիա մնայուն կապեր ունի։ Երբ անոր յայտարարութիւնները կարդացի, ես ինծի հարցուցի, թէ արդեօք կարգ մը երկիրներ բողոքագիր կը ղրկե՞ն մեզի»։
Ուրիշ հետաքրքրական հարցում մըն ալ կը վերաբերէր Թուրքիոյ մէջ Կրօնից տեսչութիւնը ջնջելու կամ չջնջելու հարցին։ Արընչն ալ անոնցմէ է, որոնք կը մտածեն, որ եթէ երկիրը իսկապէս լաիք է, ուրեմն պէտք է ջնջուի Կրօնից տեսչութիւնը։ Բայց ասիկա իմ անձնական կարծիքս է, ըսաւ Արընչ, որ աւելցուց, սակայն, որ Կրօնից տեսչութեան գոյութիւնը բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ ընդունուած է առանց առարկութեան, եւ անոնցմէ ոչ մէկը ցարդ զայն ջնջելու մասին խօսած է։ Կառավարութիւնն ալ ճիշդ կը գտնէ, որ Կրօնից Տեսչութիւնը շարունակէ աշխատիլ։ Իմ անձնական կարծիքս այս նիւթի մէջ շատ ալ ի զօրու չէ, ըսաւ ան։
«Պիանէթ» կայքէջի վրայ հետաքրքրական զրոյց
Արտա եւ Տորիս մելքոնեան քոյրեր կը խօսին Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնը դարձած կիներու մասին
Պօղազիչի համալսարանի եռօրեայ համագումարի մասնակիցներու կարգին էին եւ շատ հետաքրքրական զեկուցումներ ունեցան Գալիֆորնիոյ Համալսարանի դասախօսներ Արտա եւ Տորիս Մելքոնեան քոյրերը, որոնք խօսեցան բռնի ուժով կամ մահուընէ փրկուելու նպատակով մահմետականներու հետ ամուսնացած հայուհիներու ողբերգաան պատմութեան մասին։ Սակայն այդ կիները այդ կերպով դարձան Հայկական ցեղասպանութեան յուշագրութիւնը, ցեղասպանութեան յիշողութիւնը։
Չիչէք Թահաօղլու Մելքոնեան քոյրերուն հետ երկարաշունչ տեսակցութիւն մը ունեցած է «Պիանէթ» կայքէջի վրայ։ Քոյրերը նախ կը պատմեն իրենց ընտանիքին պատմութիւնը, որ կը սկսի իր մեծ հայր Նաթանով։ Նաթան տասը տարեկան էր տեղահանութեան ընթացքին, ան մանուկ ըլլալով` փրկուեցաւ մահուընէ, ապա ապրեցաւ թշուառ կեանք մը, մինչեւ որ գնաց Պէյրութ ու հոն սկսաւ աշխատիլ։
Մելքոնեան քոյրերը մասնաւորաբար կը ծանրանային մահմետականներու հետ ամուսնացած կիներու կեանքին եւ անոնց կատարած առաքելութեան վրայ։ Այս ամուսնութիւնները կը կատարուէին ընդհանրապէս որպէս կեանքի մէջ մնալու միակ միջոց։ Անոնք այս կերպով ոչ միայն զիրենք, այլ նաեւ իրենց ընտանիքին միւս անդամներուն կեանքը կը փրկէին։
Մելքոնեան քոյրերը կը յիշեցնեն, որ ընկերութեան մէջ ընդհանրապէս կիները կը մեկուսացուին եւ ձուլման կ՚ենթարկուին, մինչ այրերը կը սպաննուին, որովհետեւ կը կարծուի, որ այրերը չեն ձուլուիր։ Ընդհանրապէս հայ կիներն են, որ ամուսնացած են թուրք այրերու հետ, շատ քիչ հայ այր մարդ ամուսնացած է թուրքիացի կնոջ հետ։ Մելքոնեան քոյրերը երկար ու երկար կը խօսին այսպիսի ամուսնութիւններէ ծնունդ առնող զաւակներու մասին, անոնց ինքնութիւնը եւ ապագան հարցեր կը ստեղծէ ընտանիքներուն համար։ Թէ այդ տղաքը որքա՞ն գիտակից են իրենց հայկական ինքնութեան, ատիկա անշուշտ կախեալ է անոնց տարիքէն։
Իսկ մամհետականացած կիները ինչպիսի՞ տեղ մը ունէին մահմետականներու ընկերութենէն ներս։ Ասոր դժուար է պատասխանել, որովհետեւ շատեր այս մասին լռութիւն պահած են եւ արձանագրուած վկայութիւններ չունին։ Բայց յայտնի է, որ անոնցմէ ոմանք գաղտնօրէն իրենց կրօնական սովորութիւններն ու աղօթքները պահած են, միայն արտաքին տեսքով շարժած են որպէս մահմետականներ։
Տեղահանուած հայերէն անոնք, որոնք կրցած են Սուրիա, Լիբանան, Մուսուլ կամ Պաղտատ երթալ, ամէնէն շատ անոնք են, որ կրցած են փոխադրել ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ յանձնել ապագայ սերունդներու։
Մելքոնեան քոյրերն ալ կը յիշեցնեն, որ հիմա այլեւս շատեր Թուրքիոյ մէջ սկսան խօսիլ մահմետականացած հայերու մասին, եւ այս դուռը առաջին անգամ բացուեցաւ, երբ Ֆէթհիյէ Չէթին իր գիրքով հրապարակեց, թէ իր մեծ մայրը հայ էր։ Սփիւռքը անշուշտ գիտէր, որ մահմետականացած հայեր կային, բայց այդ մասին յստակ տուեալներ կը պակսէին, քանի որ այդ մահմետականացած կիներու այսօրուան ժառանգորդները կը լռէին եւ կը մերժէին խօսիլ այդ մասին։ Իսկ այս համագումարով երկխօսութիւն մը սկսած կը նկատուի։ Շատ տպաւորիչ էր, որ ամէն օր մօտաւորապէս 500 հոգի եկաւ ու հետեւեցաւ այս համագումարի նիստերուն։
Գիտաժողով՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ
«Թուրքիոյ Հանրապետութեան 90 տարին. Աթաթիւրքէն մինչեւ Էրտողան»
Հայաստանի լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ երէկ, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ մէջ իր աշխատանքներուն ձեռնարկեց միջազգային գիտաժողով մը, որու թէման է «Թուրքիոյ Հանրապետութեան 90 տարիները՝ Աթաթիւրքէն մինչեւ Էրտողան», եւ որուն կը մասնակցին արեւելագէտներ Հայաստանէն, Թուրքիայէն ու Ռուսաստանէն։
Վերջին վայրկեանին ժողովին չկրցաւ մասնակցիլ թուրք պատմաբաններէն Կիւլհիւն Էրտողան-Թօսուն, որ զեկուցում մը պիտի ներկայացնէր հետեւեալ նիթով. «Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան կառավարութիւնը. պահպանողական-ժողովրդավարական հռետորաբանութենէն մինչեւ նէօ-ազատական բռնապետական գործունէութիւն, քաղաքական պատրանքի պատմութիւն»։ Ան Հայաստան չկրցաւ գալ, որովհետեւ, ինչպէս բացատրեց Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, ան կարգ մը հարցեր ունեցաւ անցագրի հետ կապուած։
Գիտաժողովի մասնակիցներու միջեւ բուռն բանավէճ մը տեղի ունեցաւ այն դիտարկումի շուրջ, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթիւրք դատապարտած է հայոց ցեղասպանութիւնը։ Թրքագէտ Անոյշ Յովհաննիսեան պնդեց, որ Մուսթաֆա Քէմալ երբեք չէ դատապարտած Հայոց ցեղասպանութիւնը։
«Ան հայերու զանգուածային ոչնչացումը չէ դատապարտած, ան ըսած է, որ կարգ մը իթթիհատական գործիչներ թոյլ տուած են անկազմակերպեալ այնպիսի դէպքերու, որոնց հետեւանքով Թուրքիա խայտառակ եղած է ամբողջ աշխարհի մէջ։ Հոս պէտք է զգալ «նրբութիւնը», որով, ընդհակառակը, Աթաթիւրք արդարացուցած է թուրքերը»,- ըսաւ Անոյշ Յովհաննիսեան։
Արեւելագիտութեան հիմնարկի աշխատակիցներէն Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան հանդէս եկաւ «Քէմալիզմ ու ֆաշիզմ» զեկուցումով` նշելով, որ այդ հարցը լաւ չէ ուսումնասիրուած, միայն վերջին տարիներուն է որ հետաքրքրութիւն ստեղծուած է այդ մասին։
«Քէմալիզմը համաշխարհային ֆաշիզմի մէկ մասն է։ Եթէ ուզենք հասկնալ, թէ ի՞նչ է քէմալիզմը՝ որպէս ֆաշիստական գաղափարախօսութեան տարբեր տեսակ մը, բաղդատութիւն պէտք է ընենք ոչ թէ իտալական ֆաշիզմի կամ գերմանական նասիզմի հետ, այլ պէտք է դիտարկենք, թէ ըստ էութեան ի՞նչ կը ներկայացնէ քէմալիզմը, ի՞նչպիսի գործադրութիւն ունեցած է, որո՞նք են անոր գաղափարախօսական ակունքները»,- ըսաւ Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան։
«Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախընթացը, Մոսկուայի 1921-ի եւ Կարսի 1921-ի պայմանագրերու կարգավիճակը ըստ միջազգային իրաւունքի» թէմայի շուրջ զեկուցում մը կարդաց «Մոտուս Վիվէնտի» կեդրոնի նախագահ Արա Պապեան, որ նշեց, թէ ըստ միջազգային օըէնքներու` պայմանագիր կը կոչուի այն փաստաթուղթը, որ կնքուած է պետութիւններու միջեւ։
«Այդ օրերուն պայմանագիր կնքած երկիրները իրենց կարգավիճակով պետութիւն չէին ոչ Մոսկուայի եւ ոչ ալ Կարսի փաստաթուղթերու պարագային։ 1921-ին Թուրքիա, որպէս պետութիւն, կար, բայց քէմալականները պետութիւն չէին ներկայացներ, ապստամբական շարժում էին, հետեւաբար չէին կրնար պետութեան անունով միջպետական պայմանագիր ստորագրել», – ըսաւ Արա Պապեան։ Պապեանի խօսքերով` այս չափանիշները կը վերաբերին նաեւ պոլշեւիքեան Ռուսաստանին եւ Խորհրդային Հայաստանին, քանի որ պոլշեւիքեան Ռուսաստան միայն 1924-ին է, որ ճանչցուած է որպէս օրինական իշխանութիւն։
Յիշեցնենք, որ Կարսի պայմանագրով Թուրքիոյ անցած են Կարսի մարզը՝ գրեթէ ամբողջութեամբ եւ Սիւրմէլի գաւառը՝ ներառեալ Արարատ լեռը իր յարակից շրջաններով, իսկ Ատրպէյճանին՝ Նախիջեւանի շրջանը, որ սահմանուած է որպէս ինքնավար կազմաւորում։ Որպէս արդիւնք` Հայաստան կորսնցուցած էր իր տարածքի գրեթէ կէսը։
Այդ փաստաթուղթի տակ ստորագրած են մէկ կողմէ` Թուրքիան, միւս կողմէ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Վրաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան ներկայացուցիչները՝ պոլշեւիքեան Ռուսաստանի մասնակցութեամբ։
Leave a Reply