Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը որոշեց նշել Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը

Ցեղասպանության հուշարձանՀարաւային Քորէայի մէջ այս օրերուն գումարուող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10րդ համաժողովը որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նշումին բերել իր գործօն մասնակցութիւնը:
Յիշեալ յայտարարութիւնը, անդրադառնալէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն՝ կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը արծարծուեցաւ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին, իսկ 1979ին՝ ԵՀԽին, ինչպէս նաեւ ԵՀԽի նախորդ համաժողովներուն կողմէ, եւ կը թելադրէ հետեւեալը՝ ԵՀԽի ընդհանուր քարտուղարին.
1- 2015ի Ապրիլ 24ին մօտ թուականի մը, Ժընեւի մէջ կազմակերպել միջազգային համագումար մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման, մասնակցութեամբ միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեանց մասնագէտներու.
2- Ժընեւի Մայր տաճարին մէջ կազմակերպել կրօնական արարողութիւն.
3- Կոչ ուղղել ԵՀԽի անդամ եկեղեցիներուն ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ աշխատանք տանելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով:

http://asbarez.com/arm/176950/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ