Մահմետականացած հայերու մասին համագումարը երէկ վերջացաւ կլոր սեղանով ու ֆորումով

ՄԱՐՄԱՐԱՖէթհիյէ Չէթին առաջարկեց որ նմանօրինակ համագումարներ կազմակերպուին նաեւ Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ

Մահմետականացած Հայերու մասին Պօղազիչի Համալսարանի մէջ  կազմակերպուած եռօրեայ համագումարին երրորդ ու վերջին օրն ալ անցաւ ամբողջ  սրահը լեցնող հետաքրքիրներու բազմութեամբ մը, որու մէջ եւս հաւանաբար  մեծ թիւ կը կազմէին մահմետականացած Հայերու այսօրուան “թոռ”ները։ Երէկուան  նիստը ութերորդն էր Շաբաթէն ու Կիրակիէն ասդին ու այս նիստի ընթացքին  ելոյթներ ունեցան Անոյշ Սիւնի, Հէլիթ Անահիտ, Ալիս Ֆոն Պիպէրշթայն, երեքն  ալ յայտնապէս Հայկական ծագումով։ Անոյշ Սիւնի ընդհանրապէս խօսեցաւ այն  խնդիրներուն ու հոգեկան վէրքերուն մասին, որոնք կը ստեղծուին անուններու  բռնի փոփոխութենէն, բան մը որ յաճախ կը պատահի երբ կը կատարուի կրօնափոխութիւն  կամ ազգափոխութիւն։ Եւ ասիկա՝ ո_չ միայն անհատներու, այլ նաեւ տեղերու  անուններու պարագային։ Ան խօսեցաւ նաեւ իրենց հայրենիքէն կամ բնակավայրէն  պարտադրաբար բաժնուողներու ապրած ողբերգութեան մասին։ Ընդհանրապէս կը  պատմէր պատմութիւնը Արմէն անուն մէկու մը որ Հայու մը թոռն էր։ Իրենց  կրօնքէն կամ ազգութենէն փրթած այսպիսիները մէջտեղերը կը մնային, իրենք  զիրենք առանձին ու ընկերութենէն արտաքսուած կը զգային։

Զեկուցողներէն Հէլիթ Անահիտն ալ Իսթանպուլ ծնած էր, բայց  կ՚ապրէր Սփիւռքի մէջ։ Ան աւելի քան 500 հոգիի հետ հարցազրոյցներ ըրած  էր ու պատրաստած էր բերանացի պատմութեան հաւաքածոյ մը։ Իր հետազօտած  գլխաւոր նիւթը հետեւեալն էր. Ձեզի ի՞նչ զգացնել կուտայ Թուրքիոյ մէջ  Հայ ըլլալու գաղափարը։ Ան այս նիւթի շուրջ օգտուած էր հոգեվերլուծողներու  օժանդակութենէն։

Երէկուայ նիստը եռօրեայ համագումարին վերջին նիստն էր,  անոր պիտի յաջորդէր Կլոր Սեղանի հաւաքոյթ մը, անկէ վերջ ալ պիտի սարքուէր  վերջին հաւաքոյթը, որ պիտի ունենար Ֆորումի հանգամանք։

Կլոր Սեղանի վարիչն էր Ռոպէր Գոփթաշ, որ սեղանի շուրջ հաւաքած  էր հրապարակագիր ու պատմաբան Ճէմալ Ուշշաքը, Հիտայէթ Շէվգաթլը Եիւքսէլը,  քաղաքիս բողոքական եկեղեցւոյ հովիւ Պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն։ Նիստի  ընթացքին կապ պիտի հաստատուէր նաեւ Հայր Լեւոն Զէքիեանին հետ, ինչ որ  առաջին վայրկեաններուն կարելի չեղաւ թէքնիք խանգարումի հետեւանքով։

Ճէմալ Ուշշաք հաւասարակշռեալ ելոյթ մը ունեցաւ ու միշտ գործածեց  նախադասութիւն մը զոր լսած էր Հայերու բերնէն եւ շատ սիրած։ Նախադասութիւնը  սա էր. “Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի Թուրքերը ճիշդը գործադրեն”։ Ուշշաք  շատ հետաքրքական կը գտնէր այս հարցումը ու կ՚ընդգծէր թէ իսկապէս այսպիսի  ռազմավարութիւն մը կարեւոր էր։ Ատոր համար ալ Հայերը պէտք է խուսափէին  առ այժմ շատ կարծր մօտեցումներէ։ Ուրեմն պէտք էր որ նաւակին թիերը շատ  խորունկ չմխրճուին, առ այժմ ջուրին եզերքէն շարժին, որպէսզի տակը նստած  ցեխը արգելք չհանդիսանայ։

Հիտայէթ Շէվգաթլը իր կարգին խօսեցաւ ոչ միայն մահմետականացած  Հայերու ապրած ողբերգութեան մասին, այլ նաեւ կերպով մը վերլուծեց Անատոլուի  մարդուն որոշ սովորութիւնները եւ զգուշութիւնները։ Ան կարեւոր տեղ տուաւ  այս խնդրի մէջ մարդոց ունեցած այն անհանգստութեան զոր յանցագործը կը  զգայ։ Պատմեց որ Անատոլուի մարդը զգոյշ է, մէկու մը հետ խօսելու ընթացքին  անպայման նախ կ՚ը հարցնէ թէ դիմացինը ուրտեղացի է։ Ինչո՞ւ կը հարցնէ։  Որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ ամէն մարդու հետ ամէն բան չի խօսուիր։  Ան  ալ ընդգծեց թէ Թուրքիոյ մէջ որքան դժուար է Հայ ըլլալը։

Այս նիստի ամէնէն ուժեղ ելոյթը եկաւ պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուէն,  որ յիշեց կրօնական այն պատգամը թէ “Ճշմարտութիւնը քեզ ազատ պիտի դարձնէ”։  Աղապալօղլու ըսաւ որ ճշմարտութիւնը գլխաւորն է կեանքի մէջ, ճշմարտութիւնը  մարդը կրնայ տանիլ մինչեւ խաչ եւ մահ,  ինչպէս տարաւ Քրիստոսը, բայց  այդ ճշմարտութիւնն է որ կը բարձրացնէ մարդուս բարոյականութիւնը ու մարդուս  կուտայ ազատութեան զգացում։ Պատասխանելով Ճէմալ Ուշշաքի դիտողութեան,  թէ նաւակին թիերը պէտք չէ շատ խորունկ մխրճել, որպէսզի անոնք տակը նստած  ցեխ չվերցնեն, Պատուելին ըսաւ որ կարեւորը թիերուն իջած խորութիւնը չէ,  կարեւորը ցեխն է, որովհետեւ եթէ ցեխ կայ, այդ ցեխը պիտի հոտի, թիերը  խորունկ մխրճես կամ չմխրճես։ Գրիգոր Աղապալօղլու ցնցիչ նախադասութիւններով  անդրադարձաւ 1915-ի ցեղասպանութեան ճշմարտութեան ու ընդգծեց թէ  այսօր  երկիրը պէտք ունի քաջարի մարդոց։

Եւ եռօրեայ այս համագումարի վերջին հաւաքոյթը երէկ իրիկուն  ժամը 17.30ին բացուեցաւ “Ֆորում”ի ձեւով։ Ան նուիրուած էր “Թոռները”  թէմային։ Գլխաւոր թոռը արդէն փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինն էր որ պիտի հանդիսանար  առաջին զեկուցողը։ Այս հաւաքոյթին հանդիսավարն էր Այշէ Կիւլ Ալթընայ,  որ յայտնեց թէ զեկուցողները կարճ պիտի խօսին որպէսզի ամէնէն վերջ ներկաներն  ալ կարծիքներ արտայայտեն, հարցումներ ուղղեն։

Ֆէթհիյէ Չէթին յիշեցուց որ այս համագումարի ընթացքին շատ  գործածուեցաւ “Փսփսուք” բառը, որով կը բացատրուէր որ Մահմետականացած  Հայերու ժառանգորդները կը վախնային իրենց հայկական արմատը բարձրաձայն  հրապարակելէ ու հազիւ իրարու հետ փսփսուքով կը խօսէին։ Հիմա այլեւս կարելի  է խօսիլ բարձրաձայն, եւ ատոր համար ալ ան ըսաւ որ գոհ է որ համալսարանի  մը երդիքին տակ կը խօսուի այս նիւթին մասին։ Չէթին ըսաւ որ ինք ալ այս  կերպով իմացաւ թէ ինչեր կային որոնց մասին ինք ալ չէր գիտեր։ Գոհունակութիւն  յայտնեց ու ուզեց որ շարունակուի այս գործընթացը։ Ան մասնաւորաբար դիտել  տուաւ որ այսպիսի համագումարներ պէտք է կազմակերպուին մանաւանդ Անատոլուի  մէջ։ “Թէ խօսեցանք, թէ լացինք” ըսաւ Չէթին համառօտելով այս երեք օրերու  իր տպաւորութիւնները։

Զեկուցողներէն մէկը այս մասին մէջ բացատրութիւններ տուաւ  մահմետականացած Հայերու հետ կատարուած հարցազրոյցներու շուրջ։ Ան եւ  ընկերները 200 հարցազրոյցներ ըրած էին եւ տեսած էին որ մարդիկ այլեւս  խօսելու ցանկութիւն ունին եւ կ՚ուզեն որ իրենց խօսքերը արձանագրուին  պատմութեան համար։ Մահմետականացածներուն մէկ մասը այժմ կ՚ուզէ վերադառնալ  Քրիստոնէութեան։

Շատ ուժեղ ու պոռթկացող ելոյթ մը ունեցաւ Տէրսիմցի Հայերու  Միութեան  Նախագահ Միրան Փրկիչ Կիւլթէքին, որ բարկաճայթ ոճով խօսեցաւ  Տէրսիմի մէջ Հայ ըլլալու մասին եւ ըսաւ որ ինք ոչ մէկ բանէ կը վախնայ  ու ճշմարտութիւնները կ՚աղաղաղակէ, նոյնիսկ եթէ այս ճամբան կրնայ մարդը  տանիլ մինչեւ մահ։ Ան կանգ առաւ մասնաւոր կէտի մը վրայ ալ, պնդեց որ  Համագումարին անունը սխալ է, պէտք է գործածուի ոչ թէ “Մահմետականացած  Հայեր” ասութիւնը, այլ պէտք է գործածուի “Իսլամացած Հայեր” ասութիւնը։  Նշեց որ Մահմետականութիւնն ու Իսլամութիւնը նոյն բանը չեն։ Ան բաւական  խիստ ոճով ու բաւական ալ երկար նախադասութիւններով խօսեցաւ Տէրսիմցի  Հայերու խնդիրներուն մասին, մինչեւ իսկ չարտօնեց որ ժողովի կառավարիչը  միջամտէ յիշեցնելով թէ ան իր ժամանակը սպառած է, այնուհանդերձ վերջաւորութեան  ան ալ ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ, ինչպէս կ՚ողջունուէին միւսները։

Ամէնէն հետաքրքրականը թերեւս Հէմշինցի երգիչ ու արուեստագէտ  Հիքմէթ Աքչիչէքի ելոյթն էր, որ տակաւին խօսիլ սկսելէ առաջ Հէմշինի բարբառով  ու յայտնապէս Հայերէն բառերով յուզիչ երգ մը երգեց։ Յետոյ բացատրեց որ  ասիկա Վրաստանցի հովիւի մը կնոջ իր ամուսնին համար երգած մէկ երգն էր  ուր  կը խօսուէր ոչխարներու մասին։ Ան ըսաւ որ գիտէ թէ Հէմշինցիներու արմատը  հին Հայերէ կուգայ, թէ Հէմշինցիներու լեզուն հին Հայերէնն է, բայց ասիկա  ըսելն իսկ մարդուս գլուխը փորձանքի կրնայ մատնել այս երկրին մէջ։ Պատմեց  որպէս երգիչ իր փորձառութիւններուն ու Հէմշինցիներու երգերով իր պատրաստած  մէկ ձայնապնակին մասին, բացատրութիւններ տուաւ Հէմշինցիներու ապրելակերպին  մասին, կոչ ըրաւ ժողովուրդին դիտել տալով որ Սեւ Ծովու վրայ կան Հէմշինցիներ  որոնք  կը սպասեն որ հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի իրենց նկատմամբ։ Բայց ան ըսաւ  որ Հէմշինցիներու համար Հայկական ինքնութիւն ընդունելու կամ Քրիստոնէութեան  վերադառնալու խնդիր մը չկայ։ “Հայ բարեկամներս պիտի վշտանան, բայց մենք  այլեւս Հայկական ինքնութիւն չենք ընդունիր, մեզի համար այդպիսի փափաք  մը չկայ”, ըսաւ ան դիտել տալով որ ասիկա իր սեփական մտածումն է։ Ըսաւ  որ “Հէմշինցի” ըլլալը իրենց հիմա նոր ու մնայուն ինքնութիւնն է։

Այդ պահէն վերջ հանդիսավարը արտօնեց որ ներկաները կարծիքներ  արտայայտեն եւ ինչպէս միշտ կը պատահի, ոմանք սկսան երկար նախադասութիւններով  մէկմէկ բանախօսութիւն սարքել իրենց տեսակէտները պարզելով։ Այս մասն ալ  բաւական երկար տեւեց։ Ժամը 20-00ին մօտեցած էր երբ նիստին վերջ տրուեցաւ։  Ասիկա վերջն էր նաեւ այս եռօրեայ համագումարին, որ կարեւոր հարց մը օրակարգի  բերած էր առաջին անգամ ըլլալով այսքան հրապարակաւ ու այսքան բարձրաձայն։  Համագումարի ընթացքին զանազան զեկուցողները յայտնած էին որ մահմետականացած  Հայերու շրջանակները կը սիրէին պաշտպանել իրենց աշխարհը, միայն իրենց  միջեւ աղջիկ կուտային կ՚առնէին, տարբեր տեսակէ ամուսնութիւններէ կը խուսափէին,  միայն իրենց շրջանակին մէջ էր որ կը խօսէին իրենց խառն պատկանելիութեան  ու անցեալին մասին։

Մեր տպաւորութիւնն այն է որ այս համագումարը բացառիկ հետաքրքրութիւն  ստեղծեց մանաւանդ այն շրջանակներէն ներս որոնք ընտանեկան անցեալի բերումնով  կապ մը ունին գլխաւոր թէմային հետ, կամ որոնք այսօր կը մնան հայախօս  Հայերէ հեռու շրջանակներու մէջ։ Համալսարանի ընդարձակ սրահը բերնէ բերան  լեցնող ունկնդիրներու բազմութիւնը բոլորովին նոր տեսակէ բազմութիւն մըն  էր։ Ամէն պարագայի համագումարը շատ լաւ կազմակերպուած էր, եւ վայրկեանական  թարգմանութիւններ կը կատարուէին եթէ զեկուցողը կամ հարցում ուղղող հանդիսականը  յանկարծ անգլերէն խօսէր։

Իսկ եթէ հարցուի թէ այսպիսի համագումար մը, որ իրագործուեցաւ  անկասկած նիւթական ծանր ծախսերով, ի՞նչ շահեցուց Հայերու կամ հայկական  հարցին, պատասխանը շատ յստակ է։ Այս նիւթը եկաւ մարդոց յիշեցնել, եւ  շատ յստակ կերպով յիշեցնել թէ 1915-ին Հայ ժողովուրդը միայն մէկուկէս  միլիոն մարդ չէ որ կորսնցուց մահուան ճամբաներուն վրայ, այլ կորսնցուց  նաեւ շատ մեծ թիւով զաւակներ, որոնք կ՚ապրէին, բայց Հայ չէին այլեւս։ 

Հիմա ամէն Թուրք որ Արեւելեան նահանգներէ կուգար, կրնար ինքն իրեն հարց  տալ թէ արդեօք իր ընտանիքին անցեալին մէջ ալ Հայկական արիւն կա՞յ թէ  չկայ։ Հետաքրքրական էր որ երէկուան զեկուցողներէն մէկը կը պատմէր որ  իր ամուսինը օր մը իրեն կատակելով ըսած էր որ ստուգած էր որ իրենց ընտանիքին  մէջ ալ Հայ մեծ մայր մը կար, եւ այն ատեն ինք անորոշ զգացումներու տագնապ  մը ապրած էր 15 օր, մինչեւ որ ամուսինը ըսած էր որ կատակած էր։ Ինք այդ  15 օրերու ընթացքին հասկցած էր թէ այս երկրին մէջ ինչ կը նշանակէր Հայկական  արմատ ունենալ ու ապրիլ Մահմետական Թուրքի կեանք։

Եթէ այսպիսի երկարաշունչ համագումար մը, որու ընթացքին  առտուընէ մինչեւ ուշ իրիկուն անհամար զեկուցողներ շարունակ մօտաւորապէս  կէս ժամուան զեկուցումներ կ՚ընէին, որոնք երբեմն նեղացուցիչ ալ կ՚ըլլային  իրենց նիւթով ու ոճով, կրցաւ երեք օր այսքան մեծ թիւով ունկնդիր հաւաքել  այդ հեռաւոր թաղին մէջ, ատիկա ցոյց կուտայ թէ որքան մեծ թիւ կը կազմէին  այն քաղաքացիները որոնք այս նիւթին մասին խօսք իմանալու կարիքը կը զգային  կամ ըսելիք բան ունէին այս նիւթին շուրջ։ Բայց վերջին հաշուով կարելի  է կրկնել փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինի այն իմաստուն յանձնարարութիւնը թէ  այսպիսի համագումարներ պէտք է կազմակերպուին Անատոլուի զանազան քաղաքներուն  մէջ, որովհետեւ այսպիսի համագումար մը բոլորովին տարբեր իմաստ պիտի ունենայ  հոն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ