Շաբաթ օրուընէ ի վեր հարիւրաւոր զեկուցողներ կը խօսին մահմետականալու շնորհիւ մահուընէ փրկուած հայերու ողբերգութեան ու պատմութեան մասին

ՄԱՐՄԱՐԱՄահմետականացած կամ մահմետականացուած հայերու մասին աննախընթաց համագումար Պօղազիչի համալսարանի մէջ

Շաբաթ առաւօտ Պօղազիչի Համալսարանի Ալպէրթ Լոնկ սրահին մէջ բացուեցաւ “Մահմետականացած Կամ Մահմետականացուած Հայեր” թէմայով եռօրեայ համագումարը, որ կազմակերպուած էր “Հրանդ Տինք” Հիմնարկի, Մալաթիացի Հայերու Միութեան եւ Պօղազիչի Համալսարանի համագործակցութեամբ։ Մահմետականացած Հայերու կամ գաղտնի Հայերու նիւթը վերջին տարիներու ընթացքին մեծ շահագրգռութիւն ստեղծած էր, ողբացեալ Հրանդ Տինքն ալ այս թէման յաճախ օրակարգի բերելով հանրային ուշադրութեան նիւթ դարձուցած էր, այս պատճառաւ էր որ Հրանդ Տինք Հիմնարկը կազմակերպած էր համագումար մը, որ իր տեսակին մէջ աննախընթաց եւ նոյնիսկ յեղաշրջական էր։

Յիշեցնենք որ նմանօրինակ համագումար մը 2005ին պիտի կայանար Պօղազիչի Համալսարանին մէջ, բայց այդ շրջանին կառավարութիւնը արգելք հանդիսացաւ, “Ասիկա Թուրքիան կռնակէն դաշունահարել է” ըսուեցաւ, անկէ վերջ համագումարը կայացաւ Պիլկէ Համալսարանի մէջ եւ այդ մէկը եղաւ առաջինը, նաեւ յաղթանակ մը։ Իսկ այսօրուան համագումարը այս կերպով իր տեսակին մէջ երկրորդը կը հանդիսանար։

Արդարեւ եռօրեայ համագումարին առաջին երկու օրերու նիստերը, Շաբաթ եւ Կիրակի, որոնց ընթացքին մեծ թիւով ակադեմականներ ելոյթներ ունեցան, իւրաքանչիւրը քսանական վայրկեան, արդէն իրականացուցին հաւաքոյթ մը ուր այլեւս ամէն մարդ ամբողջ մերկութեամբը կը խօսէր հայկական ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին։ Այս տեսակէտէ կարելի է ըսել որ այս համագումարը դարձեալ ակադեմական բարձր մակարդակի վրայ դարձաւ հաւաքոյթ մը որ Թուրքիոյ մէջ Հայկական թապուները ամբողջովին կը փլցնէր ու Հայկական ցեղասպանութեան մասին ամէն ինչ օրակարգի կը բերէր մեծամասնութեամբ թուրք երիտասարդ մտաւորականներու ու պատմագիրներու բերնով։

Հակառակ որ համագումարը կը կայանար հեռաւոր թաղի մէջ, նիստերուն կը հետեւէին ամբողջ սրահը լեցնող բազմութիւններ, որոնք ուշադրութեամբ կը հետեւէին զեկուցումներուն ու վերջն ալ յատկանշական հարցումներ կ՚ուղղէին զեկուցողներուն։

Յայտնի էր որ արտասահմանէն ալ մեծ թիւով ժամանողներ կային ու կազմակերպիչները ապահոված էին անոնց պանդոկն ու փոխադրութեան միջոցները։ Թէեւ մամուլը երէկ պատշաճ արձագանգ չէր հանդիսացած այս համագումարին, բայց “Հրանդ Տինք” Հիմնարկը ապահոված էր որ նիստերը նոյն վայրկեանին հաղորդուէին համացանցի վրայ Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջէն։ Հայաստանէն ալ կային հրաւիրեալներ, որոնցմէ Հրանոյշ Խառատեան մասնակցեցաւ երէկ կէսօրէ վերջուան նիստին ու զեկուցեց այն հայերուն մասին որոնք Տէրսիմի մէջ իրենց կեանքը փրկելու համար դարձած էին Ալէվի։

Շաբաթ համագումարի բացումը կատարուեցաւ Ռաքէլ Տինքի կողմէ, որ դիտել տուաւ որ հոս հաւաքուած են բանալու համար էջեր որոնց մասին մինչեւ այսօր ո_չ մէկը խօսեցաւ։ “Հոս վկայութիւն պիտի ընենք այն գաղտնիքներուն մասին, որոնք ծածուկ պահուեցան մինչեւ այսօր”, ըսաւ ան։

Ռաքէլ Տինք ըսաւ որ մինչեւ այսօր մարդիկ չուզեցին լսել անոնց պատմութիւնները, չուզեցին խօսիլ անոնց գոյութեան մասին, եւ բնաւ չընդունեցին ցեղասպանութեան իրականութիւնը։ Բայց այլեւս ամէն ինչ երեւան ելած է, գաղտնի բան չէ մնացած։ “Ճշմարտութիւնները երբեք չեն կրնար մնալ մութին մէջ։ Այսօր այլեւս բարձրաձայն հնչել սկսած են փսփսուքները բոլոր անոնց որոնք սուրերու ու սպանդներու աւելցուքները կը կոչուէին” ըսաւ Ռաքէլ Տինք։

Հրանդ Տինքին կողակիցը աւելցուց որ Հրանդ շատ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր այս նիւթին եւ կը պնդէր որ պէտք է խօսուի ո_չ միայն մեռածներուն մասին, այլ նաեւ անոնց մասին, որոնք ողջ են այսօր։

Այս համագումարի ընթացքի պարզուած անհաւատալի տեսարան մըն ալ կար։ Տեսնել՝ թէ մեզի անծանօթ որքան շատ եւ որքան երիտասարդ պատմաբաններ ու արուեստագէտներ կային, որոնք խիզախօրէն կը խօսէին Հայկական ցեղասպանութեան անցուդարձերուն ու մանրամասնութիւններուն մասին, պատմելով նաեւ այն ոճիրները, որոնք գործուած էին հոս ու հոն։ Անշուշտ գլխաւոր նիւթը մահմետականացած Հայերու պատմութիւնն էր, բայց ասիկա արդէն իրմէ առաջ կը բանար Հայկական ցեղասպանութեան պատմութեան բոլոր էջերը։ Իսկ Մահմետականացած Հայերու պատմութիւնը ամէն քաղաքի, ամէն ընտանիքի մօտ տարբեր պատմութիւն մը ու տարբեր ողբերգութիւն մը կը ցոլացնէր։ Անբախտ Հայեր, իրենց կեանքը փրկելու համար ինքնաբերաբար կամ բռնի ուժով մահմետականացած, թուրքի անուն ստացած ու այլեւս մահմետական մարդու ինքնութեամբ ապրած ըլլալով հանդերձ բնաւ ալ չէին կրցած փրկուիլ “Կեավուր” նկատուելէ, միշտ նախատուած էին թէ_ որպէս Հայկական ծագում ունեցող մարդ, թէ_ որպէս “Տէօնմէ”։ Անոնք մերժուած էին թէ_ այն ընկերութենէն որուն մասնակցիլ կ՚ուզէին, թէ_ այն ընկերութենէն, որմէ բաժնուած էին մահմետական դառնալով։

Բացման ուղերձէն վերջ ելոյթներ ունեցան Պօղազիչի Համալսարանի Վերատեսուչ Կիւլայ Պարպարօղլու, Մալաթիացի Հայերու Միութեան Նախագահ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, Սապանճը Համալսարանէն Այշէ Կիւլ Ալթընայ։ Վերատեսուչ Կիւլայ Պարպարօղլու ըսաւ. “Փսփսուքներով սկսող խօսքերը հիմա կիւրիւլ կիւրիւլ թող հոսին”։ Իսկ Այշէ Կիւլ Ալթընայ ըսաւ որ այս համագումարը կը հիմնուի հարիւր տարուան լռութեան մը վրայ։ Ան յիշեցուց որ առաջին անգամ այս մասին հրատարակուած էր Սէրտար Ճանի “Մեծ մայրիկիս հէքեաթները” անուն գիրք մը որ սակայն մեծ աղմուկ չէր կրցած բարձրացնել։ Մահմետականացած Հայերու խնդիրը յայտնուեցաւ երբ “Ակօս”ին մէջ հրատարակուեցաւ Սապիհա Կէօքչէնին Հայ ըլլալու լուրը եւ երբ Ֆէթհիյէ Չէթին հրատարակեց իր “Մեծ մայրիկս” անուն գիրքը։

Զեկուցեց նաեւ փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթին որ իր մեծ մօրը կեանքէն յուզիչ մանրավէպեր պատմեց։ Ըսաւ որ մեծմայրը գիտէր որ իր մայրը իր երկու թոռները խեղդած էր Տիգրիս գետի Հավլէրէ անցնող ջուրերուն մէջ եւ անկէ վերջ ալ ինքզինք գետին մէջ նետած էր։ Այս ողբերգութենէն վերջ իր մեծ մայրը երկար տարիներ ապրեցաւ տան մը մէջ որուն պատուհանէն շարունակ կը տեսնէր այդ Հավլէր գետը։ Ամէն մարդ գետի ափին փիքնիք ընելու կ՚երթար, բայց ինք իր անցեալը կը յիշէր։

Արտասահմանէն հրաւիրուած Հայերէ մէկն էր Նիւ Եորքի մէջ գործող հրատարակիչ ու գրող Աւետիս Հաճեան, բնիկ Հալէպահայ, որ խօսեցաւ այն դասաւորման մասին զոր ատենօք Շնորհք Պատրիարք ըրած էր Անատոլուի Հայերու ու այսօրուան մահմետականացած հայերու մասին։ Շնորհք Պատրիարք չորս բաժիններով դասաւորած էր զանոնք.

1) Կամովին մահմետականացած Հայեր

2) Հայեր որոնք ցեղասպանութենէն 3-4 սերունդ առաջ Մահմետական դարձած են եւ կ՚ապրին Քիւրտ ցեղախումբերու ձեւով։

3) Այն Հայերը որոնք ցեղասպանութենէ վերջ բռնի ուժով մահմետականացուեցան, որոնք սակայն աւելի վերջ վերադարձան Քրիստոնէութեան։

4) Այն Հայերը որոնք հակառակ դժուարին պայմաններու, ցեղասպանութենէն վերջ կրցան Հայ մնալ։

Հաճեան դիտել տուաւ որ Շնորհք Պատրիարք չէր յիշած որ հինգերորդ դասակարգ մըն ալ կար, այդ ալ կը բաղկանար այն Հայերէ, որոնք այսօրուան համագումարին նիւթը կը կազմեն եւ որոնք մահմետականացած ու գաղտնի մնացած Հայերն են։ Հաճեան դիտել տուաւ որ տակաւին կան հատուածներ, որոնք կը շարունակեն պահել իրենց Հայկականութիւնը, բայց ազգ ըլլալու համար կամքը անհրաժեշտ է, ըսաւ ան ու յիշեցուց որ “Հայը ան է որուն զաւակն ալ Հայ է”։

Համագումարին յայտագիրը շատ լեցուն էր, հակառակ ատոր, բոլոր նիստերուն կը հետեւէին ամբողջ սրահը լեցնող ունկնդիրներ։ Եւ իւրաքանչիւրը կը մօտենար տարբեր նիւթով մը, թէեւ ըսուածներուն մէջ կային բաներ որոնց մասին քանիցս խօսուած է։

Համագումարին համար հրաւիրուած էին ուրիշ Հայ ակադեմականներ ու քաղաքական գործիչներ եւս, որոնք մասնաւորաբար զեկուցեցին երէկ առտուան նիստերու ընթացքին։

Երրորդ նիստի ղեկավարը կը հանդիսանար ֆրանսահայ պատմաբան Րէյմոն Գէորգեան։ Այս նիստի ընթացքին զեկուցեց թուրք յայտնի պատմաբան Թանէր Աքչամ, որ անդրադարձաւ մասնաւորաբար հայերու կրօնափոխութեան պատճառով յայտնուած ձուլման։

Այսպէս, մասնակիցներէն յայտնի հայ պատմաբան Րոնալտ-Գրիգոր Սիւնիի ղեկավարութեան ներքեւ կայացաւ նիստ մը, որու որպէս զեկուցող մասնակցեցաւ Վահէ Թաշճեան։ Ան պատմեց թէ ինչպիսի պայքարներ մղած էին Հալէպի շրջանի հայ կիները, որպէսզի կեանքի մէջ մնային։ Թաշճեան այս տեղեկութեան զանազան երեսակները պատմեց, անդրադարձաւ նաեւ այն նիւթին, թէ հայ հաւաքականութիւնը ինչպէս կ՚ընդունէր այս հարցը։

Արտա Մելքոնեան իր կարգին պատմեց թէ հայ կիները ինչպիսի՞ տառապանքներու ենթարկուեցան կեանքի մէջ մնալու համար։

Մասնակիցներէն Տորիս Մելքոնեան անդրադարձաւ բանաւոր պատմութեան մարզէն ներս կատարուած աշխատանքին եւ պատմեց հայ երախաներու ապրած կեանքը ցեղասպանութեան օրերուն։

Ուրիշ հայ զեկուցող մըն էր Իշխան Չիֆթճեան, որ պաշտպանեց այն տեսակէտը թէ “մահմետական հայեր”ը պէտք է ընդունուին որպէս ընկերաբանական շերտ մը։

Դարձեալ հայաստանցի Սէրկէյ Վարդանեան խօսեցաւ մահմետականացած հէմշինցի հայերուն մասին, պատմեց զոհերու եւ ականատեսներու մասին։

Զանազան նիստերու ընթացքին ելոյթներ ունեցան տակաւին հայեր, ինչպէս՝ Ցոլակ-Արմէն Մարսուպեան, Աննա Ալեքսանեան, Գայիանէ Չօպանեան։

Այլ զեկուցող մը՝ Հիլմար Գայզէր անդրադարձաւ ձուլման այն գործընթացին, որ բացուած էր 1915-1917ին ապրուած աքսորներու հետեւանքով։

Նիստերու ընթացքին Վէնտի Համէլինկ խօսեցաւ Սասունի հայոց երաժշտութեան մասին։ Ուրիշներ ալ անդրադարձան այն յարձակումներուն, որոնց ենթարկուած էին հայերը։

Ամերիկահայ գիտնական Ռուբինա Փիրումեան չէր կրցած ընթացք տալ հրաւէրին, բայց ղրկած էր իր զեկուցումը, որ կարդացուեցաւ։

Երէկ կէսօրէ վերջուան նիստի ընթացքին մինչ երիտասարդ զեկուցող մը, Ատնան Չէլիք մանրամասնօրէն կը պատմէր մահմետականացած Հայերու կեանքին վրայ գրուած քրտերէն երեք վէպերու մասին, Տոչ. Րամազան Արաս կը պատմէր որ Հայերը միշտ “միւսը” նկատուեցան, դաւաճան որակուեցան։ 1915-էն փրկուելու միակ ձեւը մահմետականանալ էր եւ անոնք որոնք կրցած էին ողջ մնալ, մահմետականութիւնը ընդունած էին, բայց միշտ ալ ընկերութեան կողմէ ընդունուեցան որպէս տարբեր տեսակէ մահմետականներ։ Մուրատ Ուզանէր անուն անձ մը կը խօսէր Ատըեամանի Հայերու ու Ասորիներու մասին, կը պատմէր որ փոքրիկ աւանի մը մէջ Հայերը արդէն ունէին երեք եկեղեցի ու մէկ վանք։ Իւմիտ Գուրթ անուն ուրիշ ակադեմական երիտասարդ մը կը պատմէր թէ Մահմետականացած Հայերը տակաւին որքան կը վախնային, շարունակ “Կեավուր” կը նկատուէին։ Անոնք կը մերժուէին Հայերու կողմէ ալ, քանի որ Հայերը զանոնք կը կոչէին “Գըլըճ արթըղը Տաճիկ”, այսինքն “սուրի աւելցուք տաճիկ”։ Կային նաեւ Հայեր որոնք մահմետականացած ըլլալով հանդերձ հիմա Քրիստոնէութեան կը վերադառնային, կը մկրտուէին, բայց Հայկական ինքնութիւն չէին ընդուներ։

Համագումարի նիստերը ցոյց կուտային որ այս հարցը կը բանար այնպիսի էջեր որոնք մեզի իսկ ծանօթ չէին։ Օրինակ շատ խօսուա՞ծ է Տէրսիմի Հայերուն մասին։ Երէկ կէսօրէ վերջուան նիստերէն մէկը ամբողջովին յատկացուած էր Տէրսիմի նիւթին, օրակարգի բերելով վիճակը Հայերու, որոնք Քիւրտերու հետ միասին կը սպաննուէին 1938-ին պետութեան կողմէ կատարուած ջարդին, կամ ցեղասպանութեան ընթացքին։ Ընդհանուր մեկնաբանութիւնն այն էր որ 1938ի սպանդը կերպով մը շարունակութիւնն էր 1915-ին։ Շատ հետաքրքրական էին Նէզահաթ Կիւնտօղտու ու Քեազըմ Կիւնտօղտու ամոլին անջատ զեկուցումները, որոնք պատրաստեր են “Տէրսիմի կորսուած աղջիկները” անուն փաստաժապաւէն մը եւ ատիկա ընելու համար ալ լայն ուսումնասիրութիւններ ըրեր են Տէրսիմի մէջ։ Տէրսիմն ալ մինչեւ 1915 Հայերու բնակավայր էր, շրջանի Պատրիարքական արխիւները ցոյց կուտան որ հոն 16 հազար Հայեր կային, ցրուած մօտաւորապէս հարիւր գիւղերու մէջ։ Նէզահաթ Կիւնտողտու կը յիշէր Իսմէթ Ինէօնիւին մէկ խօսքը. “Այս երկրին մէջ ապրող բոլոր մարդիկը պիտի թրքանան ու թրքերէն պիտի խօսին, անոնք որոնք պիտի չհամակերպին, պիտի կտրուին, շպրտուին”։ Հայերը Տէրսիմի մէջ մինչեւ 1938 կրցան ապրիլ որպէս Քրիստոնեայ։ Անոնք ապրած ըլլալով լեռնային անհասանելի վայրերու մէջ, 1915ին կրցած էին փրկուիլ։ Բայց 1938ին սպաննուեցան, եւ թէ Քիւրտերէ տարբեր տեղ սպաննուեցան, որպէսզի Քրիստոնեայի արիւնը չխառնուի Մահմետականի արեան։ Իսկ Քեազըմ Կիւնտողտու բոլորովին նոր տուեալներ կուտար Տէրսիմի մէջ Վանք կոչուած Ս. Կարապետ եկեղեցիին մասին, որ 1938ին եղաւ պետութեան կողմէ առաջին ռմբակոծուած վայրը։ Զեկուցողը երկար երկար պատմեց “Քահանային ընտանիքը” կոչուած ընտանիքի պատմութիւնը, որ կ՚երկարէր մինչեւ մեր օրերը։ 30-40 հոգիէ բաղկացեալ եւ Մահմետականութիւնը ընդունած ընտանիքի մը ճակատագիրն էր այս։ Ընտանիքի անդամներէն ոմանք հիմա Եւրոպա խոյս տուած են եւ սակայն հոն իսկ կը խուսափին իրենց անցեալին մասին խօսելէ։

Տէրսիմի մասին զեկուցողներէն մէկն ալ Հայաստանցի Հրանոյշ Խառատեանն էր, որ Հայերէն խօսեցաւ եւ որուն զեկուցումը նոյն վայրկեանին թարգմանուեցաւ Թրքերէնի։ Ան ընդհանրապէս կանգ առաւ այն տեսակէտին վրայ թէ զանգուածային կրօնափոխութիւնները իրականացան բռնի ուժով։ Խառատեան շատ երկար մանրամասնութիւններ տուաւ Ալէվի դարձած Տէրսիմցի Հայերու մասին, ապա պատասխանեց իրեն ուղղուած քանի մը հարցումներու։

Չափազանց հարուստ վկայութիւններով եւ զեկուցումներով լեցուն այս համագումարը այսօր կէսօրէ վերջ պիտի բանայ իր երրորդ օրը եւ իրիկունը ժամը 7ին պիտի վերջանայ։

Մեր վաղուան թիւով պիտի տանք յաւելեալ մանրամասնութիւններ այս պատմական համագումարի ընթացքին խօսուածներուն եւ բերուած վկայութիւններուն մասին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ