ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ Հանրապետութեան տօնին առիթով, Մշակոյթի եւ արուեստի նախագահական մրցանակին արժանի նկատուածներէն մէկն էր տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու։
Աճէմօղլուի տրուած մրցանակը, ըստ «Թարաֆ»ի մէջ հրատարակուած թղթակցութեան մը՝ դժգոհութիւն յառաջացուցած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շրջանակներէն ներս, որովհետեւ Տարօն Աճէմօղլու, Թուրքիոյ մասին գրուած վերլուծական յօդուածի մը մէջ, Թաքսիմի «Կեզի» հանրապարտէզի ցոյցերը նկատած էր «խաղաղասէր բողոք»։ Իսկ իշխող կուսակցութիւնը կը պնդէ, թէ «Կեզի»ի ցոյցերուն նպատակն էր կառավարութիւնը տապալել։
Այս առթիւ պնդուեցաւ, որ այս մրցանակը մէկն է այն տարակարծութիւններէն, որոնք պարբերաբար իրարու դէմ կը հանեն վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը ու նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը։
Նախագահ Կիւլ օրին արդէն իսկ աւելի մեղմ մօտեցում ցուցաբերած էր «Կեզի»ի ցոյցերուն նկատմամբ:
Տարօն Աճէմօղլուի տրուած մրցանակը դժգոհութիւն կը յառաջացնէ Թուրքիոյ մէջ
•
Leave a Reply