ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

Թուրքիոյ Մէջ Աննախընթաց Նորութիւն

ԼԱՉԱԿԱՒՈՐ ՉՈՐՍ ԿԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏԷՆ ՆԵՐՍ

Երէկ Թուրքիոյ Խորհրդարանը ապրեցաւ իր պատմական օրերէն մէկը, որովհետեւ Խորհրդարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ է որ կին երեսփոխաններ կրցան Խորհրդարանի նիստին մասնակցիլ լաչակաւոր տարազով։ Չորս Ա-Գէ-Փէցի երեսփոխան կիներ երէկ լաչակով ներկայացան Խորհրդարան ու անոնք ընդունուեցան հերոսներու նման։

Ինչպէս կը յիշուի, տարիներ առաջ Մէրվէ Գավաքճը, երեսփոխան ընտրուելէ վերջ Խորհրդարանի նիստին եկած էր լաչակով ու մեծ փոթորիկ պայթած էր, զինքը վտարած էին սրահէն։ Տարիներ վերջ ահաւասիկ այս տեսարանը կը փոխուէր ու չորս երեփոխան լաչակաւոր կիներ նիստէն ներս կ՚ընդունուէին շնորհաւորութիւններ ստանալով։

Իսկապէս հետաքրքրական զարգացում է որ արձանագրուած կ՚ըլլար այս կերպով։ Այս երկրին մէջ շատ երկար տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունի լաչակի խնդիր մը։ Հակառակ որ լաչակի գործածութիւնը օրէ օր աւելի կ՚ընդհանրանար երկրին մէջ, պաշտօնական տեղերէ ներս լաչակը չէր ընդունուեր։ Մինչդեռ երկրին Հանրապետութեան Նախագահին կամ Վարչապետին կողակիցներն ալ լաչակաւոր էին ու բոլոր պաշտօնական ընդունելութիւններու ընթացքին լաչակով կը մասնակցէին կամ կը դիմաւորէին իրենց հիւրերը։

Ա-Գէ-Փէի ժողովրդավարացման վերջին ծրարը ու յարակից զարգացումներ շատ բան փոխեցին այս մթնոլորտին մէջ։ Եւ ամէնէն զարմանալին այն է որ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ալ, որոնք տառացիօրէն միշտ մերժողական դիրք կը գրաւեն Ա-Գէ-Փէի առաջարկներուն, այս անգամ հաւանութիւն յայտնեցին լաչակի պաշտօնականացման։ Պէ-Տէ-Փէ ու Մէ-Հէ-Փէ արդէն հաղորդած էին թէ դէմ պիտի չգային Խորհրդարանէ ներս լաչակաւորներ ընդունելու առաջարկին։ Այս պայմաններու մէջ կը վախցուէր որ միայն Ճէ-Հէ-Փէ կրնար վերապահութիւն արտայայտել։ Բայց այդ ալ չեղաւ։ Այս կուսակցութիւնն ալ մերժողական դիրք չգրաւեց երէկ, որեւէ միջադէպ չպատահեցաւ։ Ատոր փոխարէն երեսփոխանները կը շնորհաւորէին լաչակաւոր երեսփոխանները ու բարի գալուստ կը մաղթէին անոնց կարծես թէ անոնք առաջին անգամ է որ Խորհրդարան կուգային։

Խորհրդարանէն ներս առնուած այս քայլը անտարակոյս հիմա պատճառ պիտի դառնայ որ լաչակի գործածութիւնը ա_լ աւելի ընդհանրանայ երկրին մէջ։

Ոմանք արդէն սկսան պնդել թէ ասիկա արդիւնքն էր այն պայքարին զոր կիները կուտային տասնամեակներէ ի վեր։

ՏԵՂԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ՓՈԽՈՒԻԼ

Ա-Գէ-Փէ կառավարութեան կողմէ հրապարակուած Ժողովրդավարացման Ծրարի առաջարկութիւնները մէկ առ մէկ իրականանալ սկսած են։ Ծրարին մէջ ճամբայ բացուած էր նաեւ զանազան տեղանունները իրենց նախկին անուններուն վերադարձնելու տրամադրութեան մը։ Յայտնի էր որ ասիկա տակաւին շատ լայն տարողութիւն մը պիտի չունենար, բայց անպայման ճամբայ պիտի բանար որ ուրիշ տեղաններու համար ալ պահանջուէր նախկին անունին վերադառնալու իրաւունք։

Առ այժմ երկու տեղանուններու անուններն են որ փոխուեցան Ժողովրդավարացման Ծրարէն վերջ Խորհրդարանի կողմէ ընդունուած մասնաւոր օրէնքով մը։ Սղերդի (Սիիրթ) Այտընլար գաւառակին անունը վերադարձուեցաւ իր նախկին անունին որ “Թիլլօ” է։ Իսկ Նէվշէհիրի Համալսարանին անունն ալ փոխուեցաւ որպէս “Հաճը Պէքթաշ-ը Վէլի”։

Դժուար չէ ենթադրել որ ասկէ վերջ ուրիշ բազմաթիւ տեղանուններու փոփոխութիւնն ալ պիտի պահանջուի մասնաւորաբար քրտաբնակ վայրերու մէջ։ Մենք չենք կրնար մոռնալ որ ինչ ինչ Հայկական տեղանուններ ալ փոխուած էին տասնամեակներ առաջ։ Օր մը կարգը անոնց ալ կուգա՞յ արդեօք։

ՏԻԼՏԻԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ՄԷՐԶԻՖՈՆԻ ՄԷՋ

Վերջերս շատ խօսուեցաւ Մէրզիֆոնցի Տիլտիլեան եղբայրներու կողմէ քաշուած պատմական լուսանկարներուն մասին, որոնք ի յայտ բերուեցան ընտանիքի վերջին անդամներէն Արմէն Ցոլակ Մարսուպեանի նախաձեռնութեամբ եւ որոնցմով ցուցահանդէս մը բացուած էր Իսթանպուլի մէջ։

Հաղորդուած էր որ ցուցահանդէս մըն ալ պիտի բացուի Մէրզիֆոնի մէջ։

Մէրզիֆոնի ցուցահանդէսը բացուեցաւ պատմական Թաշհանի մէջ, ներկայութեամբ Մէրզիֆոնի Քաղաքապետ Ա-Գէ-Փէցի Իսքէնտէր Տողրուի, Արմէն Ցոլակ Մարսուպեանի ու մեծ թիւով այցելուներու։ Մարսուպեան ըսաւ որ երջանիկ է որ այս ցուցահանդէսը բացուած է եւ թէ ինք ալ կարելիութիւնը ունեցած է իր ընտանիքին անցեալն ու վաստակը ցոլացնող այս լուսանկարները բերել մինչեւ անոնց ծննդավայրը։

Կարեւոր Զարգացում՝ Քաղաքական Բեմահարթակի Վրայ

ՍԱՐԸԿԻՒԼ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏ “ԲՈՅՆ”Ը՝ ՃԷ ՀԷ ՓԷ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս պիտի յիշուի, Շիշլիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ տարիներ առաջ տգեղ ձեւով մը հեռացուած էր Ճէ Հէ Փէ կուսակցութենէն, զոր իր հարազատ “բոյն”ը կը նկատէր եւ որմէ ստիպողաբար փրցուած էր կուսակցութեան այդ օրերու առաջնորդ Տէնիզ Պայքալի հետ ունեցած ծանր տարակարծութիւններու, կուսակցութեան համագումարի ընթացքին պատահած դէպքերու պատճառով։

Սարըկիւլ թեկնածու ներկայացած էր Պայքալի հետ միասին ու վստահ էր որ իր գլխաւորութեամբ կուսակցութեան վարկանիշը պիտի բարձրանար, կարելի պիտի ըլլար աւելի բարձր քուէներ շահիլ խորհրդարանական ընտրութիւններու մէջ, բայց իր բոլոր նպատակները կացինահարուեցան, ան ծանր պարսաւանքներով ու ինչ ինչ մեղադրանքներով իր կապերը խզեց քաղաքական այս ոյժի հետ, ու ճամբան շարունակեց առանձինն՝ որպէս Շիշլիի սիրուած ու յարգուած քաղաքապետ ու “Թուրքիոյ փոփոխութիւններու շարժում”ի առաջնորդ։

Ժամանակը դարմանեց բոլոր վէրքերը եւ այդ օրերու ծանր յիշողութիւնները մնացին անցեալի մէջ։ Ճէ Հէ Փէ-էն ներս շատ ջուր հոսեցաւ, Պայքալ, զգայացունց դէպքէ մը վերջ հրաժարեցաւ կուսակցութենէն ու ղեկը յանձնուեցաւ Քէմալ Քըլըճտարօղլուին, որ պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն կանանչ լոյս վառեց Սարըկիւլի “վերադարձ”ի համար։ Քաղաքական զարգացումներն ալ հասունցան ու ճամբայ բացին որպէսզի Մուսթաֆա Սարըկիւլ կուսակցութեան գիրկը վերադառնար ու իր ծառայութիւնները ի սպաս դնէր աւելի մեծ տարողութեամբ։ Օրերէ ի վեր կը խօսուէր որ Սարըկիւլ նախ պիտի անդամակցէր Ճէ Հէ Փէ-ի իսկ յետոյ պիտի ներկայանար որպէս Իսթանպուլի մայր քաղաքապետութեան թեկնածու։

Պաշտօնապէս առաջին յայտարարութիւնը կատարեց Քըլըճտարօղլու որ մէտիայի միջոցաւ կոչ ուղղեց Սարըկիւլին ու զայն եւ իր գլխաւորած “Փոփոխութիւններու շարժում”ի մասնակիցները հրաւիրեց միանալու Ճէ Հէ Փէ-ի շարքերուն։ Քաղաքապետ Սարըկիւլ դրական պատասխան տուաւ ու այս կերպով երէկ առնուեցաւ գործնական անդրանիկ քայլը։

Ճէ Հէ Փէ-ի կուսակցապետի օգնական Ատնան Քէսքին եւ Իսթանպուլի նահանգային նախագահ Սալըճը, Սարըկիւլի հետ հանդիպում մը ունեցան Շիշլիի քաղաքապետութեան կեդրոնատեղիին մէջ ու մօտաւորապէս ժամ մը տեւողութեամբ քննարկեցին հետագայ քայլերը։

Հանդիպումէն վերջ Քէսքին յայտարարութիւններ ըրաւ լրագրողներուն, նշեց որ օգտաշատ հանդիպում մը ունեցած էին ու յառաջիկայ 4 Նոյեմբերին, կուսակցութիւնը պիտի քննէր Սարըկիւլի վերադարձի հարցը։ Համապատասխան որոշումէն ետք, հաւանաբար 9 Նոյեմբերին, Քըլըճտարօղլու կուսակցութեան զարդանշանը պիտի անցընէ Սարըկիւլի լամբակին եւ պիտի տրուի յաջորդ քայլերու մեկնակէտը։

Անտարակոյս նոր դժուարութիւններ եւ քաղաքական յամառ պայքար մը կը սպասուի Մուսթաֆա Սարըկիւլի եւ Ա-Գէ-Փէցի Մայր Քաղաքապետ Գատիր Թօփպաշի միջեւ։ Վերջին ամիսներու հարցախոյզները ցոյց կուտան որ Սարըկիւլ աւելի բարձր վարկանիշ ունի Իսթանպուլցիներու մօտ, բայց վերջնական արդիւնքը յայտնի պիտի դառնայ 2014ի Մարտին, Տեղական Մարմիններու Ընտրութիւններէն ետք։

Յայտնենք նաեւ որ Ա -Գէ-Փէ-ի շրջանակներէն այս նիւթի շուրջ առաջին արձագանգը եկաւ Անգարայի քաղաքապետ Մէլիհ Կէօքչէքէն, որ “Թվիթթըր”ի վրայ հեգնական արտայայտութիւններ ունեցաւ ու ըսաւ որ “պարոն”ները Ճէ Հէ Փէ-ն “յանձնեցին” Մուսթաֆա Սարըկիւլին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ