Տարօն Աճէմօղլուի տրուած մրցանակը դժգոհութիւն կը յառաջացնէ Թուրքիոյ մէջ

Daron AcemoğluՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ Հանրապետութեան տօնին առիթով, Մշակոյթի եւ արուեստի նախագահական մրցանակին արժանի նկատուածներէն մէկն էր տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու։
Աճէմօղլուի տրուած մրցանակը, ըստ «Թարաֆ»ի մէջ հրատարակուած թղթակցութեան մը՝ դժգոհութիւն յառաջացուցած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շրջանակներէն ներս, որովհետեւ Տարօն Աճէմօղլու, Թուրքիոյ մասին գրուած վերլուծական յօդուածի մը մէջ, Թաքսիմի «Կեզի» հանրապարտէզի ցոյցերը նկատած էր «խաղաղասէր բողոք»։ Իսկ իշխող կուսակցութիւնը կը պնդէ, թէ «Կեզի»ի ցոյցերուն նպատակն էր կառավարութիւնը տապալել։
Այս առթիւ պնդուեցաւ, որ այս մրցանակը մէկն է այն տարակարծութիւններէն, որոնք պարբերաբար իրարու դէմ կը հանեն վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը ու նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը։
Նախագահ Կիւլ օրին արդէն իսկ աւելի մեղմ մօտեցում ցուցաբերած էր «Կեզի»ի ցոյցերուն նկատմամբ:

http://asbarez.com/arm/176653/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ