Փալոն Օպամային կոչ կ՛ուղղէ ցուցադրութեան հանելու Հայոց Ցեղասպանութեան որբերուն գործած գորգը

•

Ֆրենք ՓալոնՄիացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն նախագահ Օպամային կոչ ուղղեց չեղեալ յայտարարելու վերջերս տրուած որոշումը եւ արտօնութիւն տալու ցուցադրելու Հայոց ցեղասպանութեան որբերու հիւսած գորգը:

Փալոն Սպիտակ տան ուղարկած իր նամակին մէջ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ թոյլ տան, որ Թուրքիա իրենց թելադրէ, թէ արդեօք պատմական այս արժէքը ցուցադրման արժանի՞ է, թէ՞ ոչ:

«Բառերով դժուար է արտայայտել տագնապը, որ այս պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով ընդունած է նախագահ Քուլիճ, կրնայ պահուիլ փակ դռներու ետին` յագուրդ տալով պատմական յստակ փաստերը հանրային քննարկման առարկայ չդարձնելու` Թուրքիոյ ցանկութեան», գրած է Փալոն իր նամակին մէջ:

Աւելի կանուխ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Էտըմ Շիֆ ու Տէյվիտ Վալատաօ նոյնանման կոչով դիմած էին քոնկրեսական իրենց գործընկերներուն:

Հայ որբերու հիւսած գորգը Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Քալվին Քուլիճին նուիրաբերուած է` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Միացեալ Նահանգներու ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան համար երախտիքի նշան:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականին` նշելով, որ այս ամէնը ողբերգական վկայութիւնն է Օպամայի վարչակազմի հնազանդութեան` Անգարայի վարած մոլեգին եւ ոչ բանական ժխտողական քաղաքականութեան: Ան աւելցուց, որ Սպիտակ տունը այժմ թոյլ կու տայ կառավարութեան թելադրել, որ Միացեալ Նահանգներու պատկանող եւ ամերիկեան պատմութեան մաս կազմող ո՛ր գործը կարելի է ցուցադրել Սմիթսընեան հիմնարկին մէջ, որ մէկը` ոչ:

http://www.aztagdaily.com/archives/158862

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ