«Սանասարեան Խան»ը կարելի չէ վերադարձնել. Վագըֆներու տնօրէն

SanasaryanՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս յայտնի է, միջոցէ մը ի վեր Թուրքիոյ փոքրամասնական հիմնարկները կը գանգատին, թէ փոքրամասնութիւններու կալուածները վերադարձնելու հարցին մէջ բազմաթիւ դիմումներ մերժուած են Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ եւ թէ վերադարձուած կալուածները դիմումներուն փոքրիկ մէկ մասն են միայն։
Վերջերս գրուած էր, որ Վագըֆներու տնօրէնութիւնը կալուածներուն համար թափու կամ այլ փաստաթուղթ կը պահանջէ, մինչդեռ թափուներն ու անհրաժեշտ արձանագրութիւնները արդէն պետութեան քովն են եւ տնօրէնութիւնը պէտք չունի փաստաթուղթ պահանջելու, եթէ իսկապէ՛ս կ՛ուզէ վերադարձնել կալուածը։
Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմ «Ճիհան» լրատու գործակալութեան հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանած է այս քննադատութիւններուն եւ ըսած, որ սխալ է այն պնդումը, թէ Վագըֆներու տնօրէնութիւնը փաստաթուղթի պակասի հետեւանքով է, որ կը մերժէ դիմումները. «Մենք կը մերժենք դիմումները ո՛չ թէ անոր համար, որ փաստաթուղթ կը պահանջենք, այլ անոր համար, որ դիմում կատարողները որեւէ տեղեկութիւն չունին այն կալուածին մասին, որուն համար կը դիմեն. շատ անգամ անոր տեղն իսկ չեն գիտեր։ Մենք միայն այսպիսիները կը մերժենք, որովհետեւ չենք կրնար ճշդել այդ հասցէին պատմութիւնը», ըսած է ան։ Էրթեմ աւելցուցած է, որ այսպիսի պատճառներով է, որ մինչեւ այսօր կատարուած 1560 դիմումներուն մեծ մասը (մօտաւորապէս 600) մերժուած է։
Իսկ այն հարցումին, թէ փոփոխութիւն մը ակնկալելի՞ է վարչապետ Էրտողանի խոստացած Ժողովրդավարացման ծրարի հրապարակումէն, Էրթեմ պատասխանած է, թէ ծրարին բովանդակութեան մասին գաղափար չունի եւ չի գիտեր, եթէ նոր ծրարը նորութիւններ պիտի բերէ փոքրամասնութիւններու կալուածները վերադարձնելու խնդիրին մէջ։
Էրթեմ նոյն նիւթին շուրջ գրեթէ նոյն տեղեկութիւնները յայտնած է նաեւ «Ենի Շաֆաք» թերթին։ Միակ նորութիւնը կ՛առնչուէր «Սանասարեան խան»ին: Ինչպէս հաղորդած ենք, Պոլսոյ պատրիարքարանը դատ բացած էր եւ ետ պահանջած այդ նշանաւոր շէնքը։ Էրթեմ յիշեցուց 1936ի այն օրէնքները, որոնցմով փոքրամասնական հիմնարկներէն պահանջուած էր բացայայտել իրենց ինչքերը։ Օրին «Սանասարեան խան»ին մասին որեւէ դիմում չէ կատարուած եւ այդ պատճառով անիկա փոխանցուած էր Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ «Նման կալուածներ վերադարձնելու մասին օրէնք չկայ եւ այդ պատճառով շէնքը չի վերադարձուիր», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ երրորդ անձերու փոխանցուած կալուածներուն վերադարձուիլը եւս անկարելի է։

http://asbarez.com/arm/173521/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ