Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնը պնդեց, որ փոքրամատնութեանց կալուածներուն համար դիմումները անկատար են

ՄԱՐՄԱՐԱ«Կը մերժուին միայն այն դիմումները, որոնք որեւէ յստակ տեղեկութիւն չեն կրնար տալ դիմում կատարուած կալուածին մասին»

Ինչպէս յայտնի է, միջոցէ մը ի վեր փոքրամասնական հիմնարկները կը գանգատին, որ փոքրամասնութիւններու կալուածները վերադարձնելու հարցին մէջ բազմաթիւ դիմումներ մերժուած են Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ, եւ թէ վերադարձուած կալուածները դիմումներուն փոքրիկ մէկ մասն է միայն։ Վերջերս գրուած էր, որ Վագըֆներու տնօրէնութիւնը կալուածներուն համար թափու կամ այլ փաստաթուղթ կը պահանջէ, մինչդեռ թափուներն ու անհրաժեշտ արձանագրութիւնները արդէն պետութեան քով կան, եւ Վագըֆներու տնօրէնութիւնը պէտք չունի փաստաթուղթ պահանջելու, եթէ իսկապէս կ՚ուզէ վերադարձնել կալուածը։

Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ Ճիհան Լրատու գործակալութեան թղթակցին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանեց Վագըֆներու տնօրէնութեան հասցէին կատարուած վերի քննադատութիւններուն եւ ըսաւ, որ սխալ է այն պնդումը, թէ Վագըֆներու տնօրէնութիւնը փաստաթուղթի պակասի հետեւանքով կը մերժէ դիմումները։ «Մենք կը մերժենք դիմումները ոչ թէ անոր համար, որ փաստաթուղթ կը պահանջենք, այլ անոր համար, որ դիմում կատարողները որեւէ տեղեկութիւն կամ գիտելիք չունին այն կալուածին մասին, որուն համար կը դիմեն, շատ անգամ տեղն իսկ չեն գիտեր։ Մենք միայն այսպիսիները կը մերժենք, որովհետեւ չենք կրնար ճշդել այդ հասցէին պատմութիւնը»,- ըսաւ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնը։ Ան ըսաւ. «Թող գան, ըսեն, որ սա կամ նա կալուածը մերն էր, յստակ կերպով ցոյց տան այդ կալուածը, անկէ վերջ մենք կրնանք ճշդել անոր արձանագրութեան տուեալները մեր տետրակներուն մէջ ու կը գտնենք անոր անցեալի պատմութիւնը»։

Ընդհանուր տնօրէնը օրինակ մըն ալ տուաւ.

«Օրինակ` մեզի դիմում մը կատարուած է եւ ըսուած է. «Քիւթահիոյ մէջ մեր ունեցած յարկաբաժինը վերադարձուցէք»։ Բայց ո՞ր յարկաբաժինը, իրենք ալ չեն գիտեր։ Մենք ի՞նչ կրնանք ընել»։

Ատնան Էրթէմ ըսաւ, որ պարզապէս այսպիսի պատճառներով է, որ մինչեւ այսօր կատարուած 1.560 դիմումներուն մեծ մասը մերժուեցաւ։

Բան մը պիտի փոխուի՞, երբ պիտի հրապարակուի Ժողովրդավարացման ծրարը, որուն մասին խօսած է վարչապետը։ Էրթէմ ըսաւ, որ ծրարին բովանդակութեան մասին ինք ալ գաղափար չունի եւ չի գիտեր, թէ նոր ծրարը նորութիւններ պիտի բերէ՞ փոքրամասնութիւններու կալուածները վերադարձնելու խնդրին մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ