«Կոմիտաս վարդապետ» համահայկական փառատօնին՝ վարդապետը անգամ մը եւս պիտի պատուի

Կոմիտաս ՎարդապետԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը 26 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր պիտի կազմակերպէ «Կոմիտաս վարդապետ» համահայկական փառատօնը, որուն ծիրին մէջ համերգներ տեղի պիտի ունենան Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Էջմիածինի մէջ, պիտի կայանան Կոմիտասի կեանքին ու ստեղծագործութեան նուիրուած գիտաժողով եւ այլ ձեռնարկներ, պիտի հրատարակուին գիրքեր ու հրապարակուին խտասալիկներ: Փառատօնին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են սփիւռքահայ եւ օտար կատարողներ աշխարհի 11 երկիրներէ:
«Կոմիտաս վարդապետ» համահայկական փառատօնի նպատակն է անգամ մը եւս արժեւորել բազմաշնորհ հանճարը՝ հայ ազգային երաժշտականներու դպրոցի հիմնադիրը, երաժշտագէտը, բանահաւաքը, երգիչը, խմբավարը, մանկավարժն ու բանաստեղծը, նաեւ անոր անցած ուղին ու գործունէութիւնը։

http://asbarez.com/arm/173184/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ