ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը 26 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր պիտի կազմակերպէ «Կոմիտաս վարդապետ» համահայկական փառատօնը, որուն ծիրին մէջ համերգներ տեղի պիտի ունենան Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Էջմիածինի մէջ, պիտի կայանան Կոմիտասի կեանքին ու ստեղծագործութեան նուիրուած գիտաժողով եւ այլ ձեռնարկներ, պիտի հրատարակուին գիրքեր ու հրապարակուին խտասալիկներ: Փառատօնին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են սփիւռքահայ եւ օտար կատարողներ աշխարհի 11 երկիրներէ:
«Կոմիտաս վարդապետ» համահայկական փառատօնի նպատակն է անգամ մը եւս արժեւորել բազմաշնորհ հանճարը՝ հայ ազգային երաժշտականներու դպրոցի հիմնադիրը, երաժշտագէտը, բանահաւաքը, երգիչը, խմբավարը, մանկավարժն ու բանաստեղծը, նաեւ անոր անցած ուղին ու գործունէութիւնը։
http://asbarez.com/arm/173184/
Leave a Reply