(Անգլերէնով լոյս տեսած է Armenian Weekly-ում)
21-րդ դարու Թուրքիոյ մէջ ականատէս կը դառնանք հսկայական ընկերային փոփոխութիւններու եւ վերիվայրումներու, որոնք մինչեւ օրս դերեւս աներեւակայելի էին: Հրանդ Տինքի դատապարտելի սպաննութիւնը ստեղծեց այն կայծը, որուն հիման վրայ մարդիկ սկսան գտնել, իմանալ եւ վերադառնալ իրենց հայկական ակունքներուն ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Սակայն այն տասնեակ շրջաններէն, որոնք հայրենիքը կը հանդիսանան այս թաքուն հայերուն, Տէրսիմը ( Թունճելի) պետք է յատկանշուի որպէս յատուկ ընկերային, մշակութային եւ յեղափոխական մթնոլորտ ունեցող շրջան կամ միջավայր մը: Այս ապստամբութեան եւ մերժումի տարբեր երէսներն ու քննարկումը հիմնական մասը պիտի կազմեն այս յօդուածին: Հակառակ անոր, որ Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը կրնայ այս «վերադարձին» ուղղակի պատճառը չ’ըլլալ, սակայն ան հանդիսացաւ ընկերաքաղաքական այն ճեղքը, ուրկէ դուրս սկսան ժայթքիլ ակունքներու փնտռտուքի այս ամբողջ աշխատանքները, ոգին եւ նախաձեռնութիւնները:
Հակառակ անոր, որ Տէրսիմի քիւրտերու վայրագ ջարդերը 1938 թուին կը խորհրդանշեն քէմալական Թուրքիոյ` փոքրամասնութիւններու դէմ պայքարի գագաթնակէտը 20-30-ական թուականներուն, սակայն հետաքրքրականօրէն կը համընկնի նաեւ հայկական հարցին եւ վիշտին հետ: 1915-ին Տէրսիմի ալէվի քըզըլպաշ, զազա եւ քիրտերէն բաժին մը, որոնք կը բնակին այդ շրջանին մէջ, ընդունեցին ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած հայորդիներուն (մեծամասնութեամբ Երզնկայէն) եւ անոնց տրամադրեցին ապաստան, սնունդ եւ ապահովութիւն` շատ յաճախ քաջատեղեակ ըլլալով, թէ սոյն արարքները կրնային վտանգել իրենց կամ հարազատներու կեանքն ու ապահովութիւնը[1]: Խօսելով այս մասին` Գերմանիոյ դեսպանատան Էրզրումի փոխհիւպատոս Մաքս Էրուին Վոն Շուպնէր-Րիխթըրը կը գրէ հետեւեալը. «…Քիւրտերը շատ տարբեր պաշտօններ ունէին: Շատեր դարձան հայերու դահիճը, սպաննեցին տղամարդիկը, առեւանգեցին կիները եւ կողոպտեցին հարստութիւնը: Հստակ գործակցութիւն մը կար թուրքերու եւ քրտական ցեղախումբերու միջեւ: Բայց կար մէկ բացառութիւն. Տէրսիմի քիւրտերը` պատմական քըզըլպաշներու ժառանքորդները, որոնք չէին բաժներ սիւննի հաւատքը եւ որոնք նոյնիսկ ազգային կապ չ’ուէին հայերու հետ. այս մարդիկը հանդիսացան հայերու ամէնակարեւոր փրկիչները: Շատ յաճախ կազմակերպեցին փախուստի ճամբաներ դէպի Ռուսիա, որուն պատճառով ազգասպաննութեան ենթարկուեցան 30-ականներուն Քէմալի կողմէ”[2]: Հակառակ Օսմանեան պետութեան յաճախակի ճնշումներու եւ սպառնալիքներուն, որպէսզի յանձնեն հայերը, Տէրսիմի քիւրտերը շարունակեցին ապաստանել զանոնք: Դժբախտաբար ասոր պատասխանը չ’ուշացաւ, եւ միայն երկու տասնամեակներ ետք քէմալական կառավարութիւնը քրտական «ապստամբութեան» պատրուակին տակ այս անգամ վայրագօրէն ճնշեց եւ սպաննեց մօտաւորապէս 70 000 քիւրտեր, ինչպէս նաեւ` ապաստանած հայերէն բաժին մը: Կառավարութիւնը իր այս արարքը արդարացուց` զայն նկատելով իբրեւ պատժական գործողութիւն այն զազաներուն դէմ, որոնք «դաւադրաբար» ապաստան տուին Օսմանեան պետութեան թշնամիներուն՝ հայերուն: Միւս կողմէ` սոյն ջարդը կանխամտածուած քաղաքականութիւն մըն էր, որ կը միտէր նախ` զինաթափ ընել այս քրտական շրջանը, տարածելով կառավարութեան հսկողութեան կարողութիւնները, իսկ երկրորդ՝ պարպել Տէրսիմը` արմատախիլ ընելով հայ ճողոպրածներու վերջին մնացորդները, այսպիսով շարունակելով նախնիներու թողած առաքելութիւնն ու գործը: Ջարդերէն ետք այն հայերը, որոնք արդէն, կրօնափոխ ըլլալով, դարձած էին ալէվիներ եւ որոնք կարողացած էին ողջ մնալ, աքսորուեցան դէպի Իսթանպուլ կամ ուրիշ շրջաններ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին: Քիւրտերու այս արիւնալի սպաննութիւնները պատահեցան Լէշ Տէրէ (դիակներու ձոր) կոչուած ձորի մը մէջ, որուն անունն արդէն ապացոյց է կատարուած վայրագութեանց: Շատեր այս վայրը կը համարեն որպէս երկրորդ Տէր-Զօր մը` այնքան ատեն, որ ողբի եւ վիշտի վայր մըն է հայ ժողովուրդին համար եւ շարունակութիւն մը 1915-էն սկսած ցեղասպան քաղաքականութեան:
Որո՞նք են, ուրեմն, այս ապստամբ ոգիի առանձնայատկութիւնները, որոնցմով կը յատկանշուի Տէրսիմի շրջանը: Այն օրերէն, երբ Քրտական ազգայինականութիւնը կը ծաղկէր, Տէրսիմը կը համարուէր որպէս քիւրտ մարտիկներու յեղափոխական կեդրոնը: Թրքական զօրանոցներու ամէնուրեք ներկայութիւնը Տէրսիմի ամբողջ տարածքի շուրջը ցոյց կու տայ այս շրջանի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այն վտանգը, որ կը ներկայացնէ թրքական կառավարութեան աչքին: Անդրանիկ երիցեանը կ’անդրադառնայ այս կէտին իր “Տէրսիմ: Սէյադհանէմէ” (Տէրսիմ: Ճանապարհորդութիւն) գիրքին մէջ, զոր գրած է 1900-ին Թիֆլիսի մէջ: Ան կը գրէ հետեւեալը. «Ամէն տարի արիւնալի եւ բուռն բախումներ տեղի կ’ունենան թրքական կառավարութեան եւ Տէրսիմի քիւրտերու միջեւ: Սակայն քիւտերը, միշտ պահելով իրեց ուղղուածութիւնը, կը մնան անյաղթ»: Ճակատագրի հեգնանքով շատեր կը հաւատան, թէ ներկայիս Տէրսիմի բնակչութեան մեծ մասը թաքուն հայեր են, որոնք ընդունած են զազա կամ այլ ինքնութիւն մը եւ ալէվի հաւատքը` տարբեր ժամանակներու եւ կացութիւններու բերմամբ:
Այս բացայայտումը կարելի եղաւ շնորհիւ մէկ անձի մը ճիգերուն, որ հարթեց ճանապարհը ակունքներու վերադարձման եւ ինքնաճանաչման: Այս անձը կը կոչուի Միհրան Փրկիչ: Ան տեղեակ էր իր հայկական պատկանելիութենէն, երբ արդէն 7 տարեկան էր, սակայն հասկնալի պատճառներու համար չէր կրցած իրականացնել իր փափաքը, որն էր վերադարձ դէպի հայկական ինքնութիւն եւ ակունքներ, մինչեւ վերջերս, երբ արդէն 50 տաերկան է: Այն, ինչ որ մղեց անոր, որպէսզի գտնէ իր հայկական պատկանելիութիւնը, ինչպէս ըսինք սկիզբը, Հրանդ Տինքի սպաննութիւնն էր, որ ծանրօրէն ազդած էր Միհրանի վրայ: Իր ընկերոջ սպաննութենէն ետք Միհրան, որ այդ ժամանակ կը կոչուէր Սալահէտտին Գիւլթեքին, սկսաւ կազմաւորել այն, ինչ որ ներկայիս կը կոչուի Տէրսիմի հայերու միութիւն` ճանչցուած նաեւ «Տէրսիյատ» անունով:
Միութիւնը արդէն երկու տարի է ի վեր կը գործէ: Ավելին՝ վերջնականացնելու համար ամբողջական «մշակութայնացումը»` ան 2010-ին դարձաւ քրիստոնեայ` պաշտօնական կնքման արարողութեամբ մը: Նաեւ Սալահէտտին Գիւլթեքինը դարձաւ Միհրան Փրկիչ: Հետեւաբար այս տեսակի միութեան մը ստեղծումը կը նկատուի ապստամբական արարք մը, որ ինքզինք կ’արտացոլայ տասնեակ ձեռնարկներով (նոյնիսկ Թուրքիայէն դուրս, ինչպէս Գերմանիայ) եւ յօդուածներով, որոնք լոյս կը տեսնեն միութեան պաշտօնաթերթին` «Տէրսիյատ»-ին մէջ: Ապստամբ այն իմաստով, թէ սոյն յօդուածները կը դատապարտեն թրքական կառավարութեան իւրաշրջական (ասիմիլացիայ) քաղակականութիւնը, ինչպէս նաեւ` մշակութային, ազգային եւ կրօնական ազատութեանց չգոյութեան: Հետեւաբար այսպիսով Թուրքիոյ թաքուն հայերու ամբողջ խնդիրը Արեւելեան շրջաններու մէջ աւելի ու աւելի քաղաքականացուեցաւ շնորհիւ այս տեսակ նախաձեռնութիւններու, որոնք թաքուն հայերու խնդիրը տեղադրեցին Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ` շարունակելով Հրանդ Տինքի կիսատ թողած գործն ու առաքելութիւնը: Այս տեսակ միութեան մը ստեղծումը եւ բացայայտ վերադարձը հայկական ակունքներու այս մարդոց կողմէ կը համարուի որպէս յառաջացում մը թէկուզ մէկ քայլի, իրենց պայքարի եւ աւելի յանդուրժողական քաղաքականութեան մը կիրակումի` պահանջի ծիրէն ներս:
Նմանօրինակ արարքներ կը միտին մերժել կառավարութեան ներկայ քաղաքականութիւնը` ձգտելով իրականացնել ընկերային նոր վիճակ մը, ուր պիտի յարգուին մարդու ամէնատարրական իրաւունքները, ինչպէս նաեւ խօսքի, մշակոյթի եւ կրօնքի ազատութիւնը: Ըստ Միհրանի, որը նախագահն է Տէրսիմի հայերու միութեան, արդէն գոյութիւն ունին 34 ընտանիքներ Տէրսիմի մէջ, որոնք բացայայտօրէն կ’ընդունին իրենց հայկական ինքնութիւնը: Իսկ միւս կողմէ` Միհրան կը հաստատէ, թէ Տէրսիմի բնակչութեան 75%-ը հայկական արմատ ունեցող ընտանիքի անդամներէ սերած է: Այս իրողութեան մասին կը գրէ նաեւ Տիրան Լոքմակեոզեան, որ իր յօդուածին մէջ կ’ըսէ, թէ բաւականին դժուար է գտնել տէրսիմցի մը, որ զաւակը չ’ըլլայ վերադարձած հայու մը: Հոս ան կ’ակնարկէ այն տէրսիմցի հայերուն, որոնք 1947 թուին ներում ստացան թրքական կառավարութենէն եւ արտօնութիւն ստացան վերադառնալու Տէրսիմ:
Այլ կարեւոր դիմագիծ մը, որ յատուկ է Տէրսիմի, կարելի է տեսնել այս թաքուն հայերու խօսակցական արտայատութիւններու գործածութեան մէջ: Դիպուկ հետազօտութիւն մը անոնց լեզուի արտայայտութիւններուն, ինչպէս` «ալէվի իսլամ»-ը, կ’ապացուցէ, թէ անոնցմէ շատերը իսկապէս գիտակից են իրենց նախնիներու ակունքներէն, սակայն կը մերժեն բացայայտօրէն ընդունիլ զայն մասնաւորաբար օտարներու ներկայութեամբ: Այս մերժումի հիմնական պատճառները, հակառակ անոր, որ էական են այս թաքուն հայերու խնդրի ճիշտ հասկացողութեան, սակայն դուրս կ’իյնան մեր այս յօդուածի հետազօտութեան շրջանակէն: Ըստ թուրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեանի` ալէվին չ’օգտագործէր «ալէվի իսլամ» արտայայտութիւնը: Հակառակ անոր, որ ալէվի հաւատքը սկզբնական եւ կազմաւորման շրջանին արմատ ստացաւ իսլամութենէն, սակայն դարերու ընթացքին եւ տարբեր ազդեցութիւններու տակ շեղեցաւ ուղղափառ իսլամութենէն եւ ստացաւ ինքնորոշ ուղղուածութիւն: Այս հարցին գծով Գնդապետ Մօլինէօ Սիլը 1914 թուին կը գրէ. «Տէրսիմցիները թուրքերու կողմէ կ’ճանչցուին որպէս քըզըլպաշներ, այսինքն` կարմիր գլուխներ. այս բնորոշումը կը գործածուի նաեւ պարսիկներու եւ այն մահմետականներու համար, որոնք ուղղափառ իսլամութեան չեն հետեւիր: Սակայն եթէ տէրսիմցիի մը հարց տաս, թէ ինչ կրօնքի է, ան կը պատասխանէ թէ ինքը եօլ ուշաղի է, արտայայտութիւն մը, որ շատ հաւանաբար կը թարգմանուի որպէս ճշմարիտ ուղիին զաւակը իմաստով: Այս աղանդը, հակառակ իր քըզըլպաշ ըլլալուն, կը մերժէ իսլամ կոչումը»: «Ալէվի իսլամ» ներկայացումը շատ հաւանաբար ըլլայ պաշտպանական միջոց մը` նկատի ունենալով, որ ալէվիները տակաւին հալածուած են Թուրքիոյ մէջ: Առավել` հաւանականութիւնը մեծ է, թէ այս արտայայտութիւնը կրնայ պարունակել պահուած իմաստ կամ պատգամ մը: Շատ հաւանական է, որ խօսակիցը կանխամտածուած ձեւով օգատգործէ այս արտայայտութիւնը` ցոց տալու համար իր հայեցի ինքնութիւնը` տրուած ըլլալով, որ չի կրնար բացայայտ կերպով ըսել այդ մէկը:
Լօքամքիոզեան իր յօդուածով կը մէջբերէ դրուագ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ լեզուն եւ խօսակցութիւնը ինչպէս կը բացայայտեն թաքնուած ինքնութիւնները: Յօդուածագիրը կը պատմէ, թէ ինչպէս Եշիլեազ (Տէրսիմի մէջ) ուղղուած պահուն, վայր մը որ ճանչցուած է տեղացիներուն հայկական ակունքներու բացայայտ ճանաչման համար, անոնք հանդիպած են ծեր մամիկի, որ հանրակառքը կանգնեցնելով փորձած էր ներս մտնել: Միհրան Փրկիչը, որ անոնց կ’ընկերակցէր, կը փորձէ մամիկին բացատրել կամ համոզել, թէ իրենց հանրակառքը անձնական էր եւ տրամադրուած չէր գիւղի բնակիչներուն համար: Սակայն քանի մը վայրկեան զրուցելէ ետք ի յայտ կու գայ, թէ նոյն այդ մամիկը կ’ուղղուէր ճիշդ այդ նոյն վայրը, ուր իրենք կ’ուղղուէին, եւ զաւակն է հայ ընտանիքի մը: Հակառակ այս բոլորին, սակայն, Լօքամքիոզեան կը պատմէ, թէ ինչքան որ փորձեցին մամիկին բացայայտօրէն ընդունիլ տալ կամ, այսպէս ասած, խոստովանեցնել, որ ըսէ, թէ «Հայ եմ», մամիկը կրականապէս կը մէրժեր` ըսելով թէ «Ալէվի իսլամ եմ»: Հետաքրքրկանօրէն հակառակ մամիկին մշտական պնդումներուն, անոր 4 որդիները վախ չ’ունէին բացայայտօրէն ընդունելու, թէ «Մենք [զաւակներ + մամիկ] բոլորս հայեր ենք»:
«Ալէվի Իսլամ» արտայայտութիւնը, ուրեմն, ցոյց կու տայ, թէ այդ ծեր կինը ինքզինքը ոչ իսլամ կը համարէ ոչ ալ ալէվի, այլ միայն զգուշութեան եւ ապահովութեան համար էր, որ այդ արտայայտութիւնը գործածած էր: Հետեւաբար հիմքում ինկած այդ վախը շուքի մէջ կը պահէ հայկական ինքնութեան բաց ճանաչման ձգտումները: Սակայն այս մէկը խոչընդոտ մը չի հանդիսանար մամիկին եւ այցելուներուն հարազատ մեձեցման. Լօքմաքիոզեան կը գրէ, թէ կարծես շրջապատուած ըլլայինք մեր քոյրեր եւ եղբայրներով:
Ըստ Իսպիրեանի` հակառակ անոր, որ ոչ հայ ալէվիներէն ոմանք նաեւ կ’օգտագործեն «Ալէվի Իսլամ» արտայայտութիւնը որպէս պաշտպանական միջոց, սակայն խնդիրը տարբեր է, երբ կը վերաբերի թաքուն հայերուն: Ծեր մամիկին խօսակցութեան մէջ պահուած պատգամը կը բացայայտուի այն պահուն, երբ կը ծանօթանանք ընտանիքի միւս անդամներուն, յայտկապէս երկրորդ սերունդէն, որոնք ընդունելով «ես հայ եմ» խօսակցաոճը, կը վերծանեն իրնց մօր խօսակցութեան գաղտնիքը: Յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ արտայայտութիւններու եւ ազգային/քաղաքական ոգիի (psyche) եւ ինքնութեան միջեւ յարաբերութեանց մասին կրնան մեզ տեղեկացնել, թէ ինչպէս այս թաքուն հայերը կ’ընդիմանան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իսլամական ձգումներուն եւ քաղաքականութեանց` հիմնական երկրորդ սերունդի բերնով: Այս մերժումը չի նշանակեր պարզապէս, թէ այս մարդիկը իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը նկատեն. այս բոլորը մերժում մըն է իսլամացման եւ, հետեւաբար, թրքացման քաղաքականութեան մը, որ ընթացքի մէջ է 1915-էն ի վեր:
Նմանօրինակ գիտակցութիւն մը նաեւ ակներեւ է Տէրսիմի Անահիտի երկու աղբիւրներու մօտ, որ ճանչցուած է իբրեւ յոյսի եւ հաշտութեան աղբիւր եւ դարձած սրբատեղի մը տէրսիմցիներուն համար: Աղբիւրներու այս առասպելը կ’ընթանայ հետեւեալ ձեւով. կը պատմեն թէ Անահիտ չաստուածուհին սնուցանած է զազա եւ հայ ազգերը` այսպիսով փոխադարձ սէր, յարգանք եւ ընկերութիւն մը ստեղծելով երկուքին միջեւ: Իւրաքանչիւր աղբիւր կը խորհրդանշէ Անահիտի ստինքը: Մեզ հետաքրքրողը, սակայն, առասպելը չէ, այլ պաշտամունքներն ու ծիսական արարողութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան աղբիւրին մօտ: Իսլամական կամ ալէվիական մշակոյթին կամ կրօնքին մէջ մոմավառութիւնը իբրեւ կրօնական արարք գոյութիւն չ’ունի: Սակայն Տէրսիմի մէջ եւ յատկապէս այս երկու աղբիւրներուն մօտ, որ սկսզբունքով ալէվի շրջան մըն է, կը տեսնենք, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր անձ, որ կը մօտենայ աղբիւրին, մոմ մը վառելով կը սկսի աղօթել:
Տէրսիմ այցելութեանս ժամանակ անգամ մը որ տեղացիները իմացան, թէ մեր խմբակը բաղկացած էր հայերէ, անոնցմէ մէկը սկսաւ հայկական երաժշտութիւն խաղալ «Ռատիօ»-ով. կը հաւատամ, թէ այս արարքը արտայայտութիւն մըն էր ընկերութեան եւ հարազատութեան եւ, ինչու չէ, կը միտէր ապացուցնելու, թէ անոնք ալ հայեր են: Փոխադարձ արենակցութիւն մը ստեղծուած ըլլար կարծես: Եթէ չ’ըլլար հայկականութեան այն ոգին, որ Միութեան ստեղծումով ինքզինք կ’արտացոլար, այս արարքը շատ հաւանաբար տեղի չ’ունենար: Այս բոլորը ապացոյց են, թէ ինչպէս տարբեր արարքներ եւ նոյնիսկ կրօնական արարողութիւններ նշաններ են պահուած ինքնութիւններու, որոնք հիմնական դեր կը խաղան առաջնորդելու մարդոց մտածումները, զգացումները եւ վարմունքը:
Հայկականութեան գերակշիո ոգիի մը գաղափարը էական է այն իմաստով, որ տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս Վան կամ այլ պահպանողական վայրեր, այսպիսի դէպքեր հազուագիւտ են` չ’ըսելու համար` անկարելի: Այդ տեսակ շրջաններու մէջ թաքուն հայերը կը փորձեն պահել իրենք զիրենք` հէնց որ իմանան «այցելու» հայերու ներկայութեան մասին: Ի տարբերութիւն ՏԷրսիմի մէջ պարզուող կացութեան, հոգեբանութեան եւ մտածելակերպին` միւս շրջաններուն մէջ այս ոգին բացակայ է:
Հաշուի առնելով Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իսլամական-քաղաքական ձգտումները, հակակառավարական զգացումները ակներեւ են նաեւ Տէրսիմցի կիներու հագուածքին մէջ: Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ միւս շրջաններու իսլամ կիներէն` Տէրսիմի կիներու մեծամասնութիւնը արդէն քողարկուած չէ: Լաչակի կամ քողի մը չգոյութիւնը կիներու մօտ կ’ակնարկէ Տէրսիմի ապստամբ եւ յեղափոխական ոգուն: Այս մերժումի ձեւ մըն է` պարտադրուած իսլամութեան:
Ամէն տարի` օգոստոս ամսուան ընթացքին, Տէրսիտմի շրջանը կը կազմակերպէ եռօրեայ փառատօն մը, ուր տարբեր մշակութային, ազգագրական եւ արուեստական խմբակներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն: Հետաքրքրական է նաեւ այն երեւոյթը, որ փառատօնի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կը տեսնենք Չէ կեվարայի, Մաոի, Շէյխ Սայիտի եւ այլ քիւրտ նահատակներու նկարները, որոնք հիմնական տեղ կը գրաւեն քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ: Համայնավար կամ ընկերվար այս տարբեր ղեկավարներու հանդէպ այս կոչը դուրսէն դիտողին համար կարծէք կ’ապացուցէ շրջանին մէջ տիրող կամ գերակշռող ոգուն կամ կացութեան մասին: Լեզուն այստեղ նորէն էական դեր կը խաղայ. հայերէն, ինչպէս նաեւ քրտերէն լեզուի եւ տառերու գործածութիւնը այս փառատօնին ընթացքին ցոյց կու տայ, թէ որքանով Տէրսիմի շրջանը կիսանկախ վիճակ մը կը վայելէ` հաշուի առնելով այն իրողութիւնը, թէ քրտերէնը ամբողջ թուրքիոյ տարածքին բացարձակապէս արգիլուած է: Տէրսիմի հայերու միութիւնը իր յատուկ կրպակը ունի այս փառատօնին ընթացքին, ուր երիտասարդ հայորդիներ թերթեր եւ գիրքեր կը վաճառեն տարբեր յեղափոխական դէմքերու մասին, ինչպէս զօրավար Անդրանիկ կամ ուրիշներ:
Տէրսիմցիներու այս ապստամբութիւնը աւելի խորհրանշական (սիմպոլիք) է, քան ուղղակի պայքար: Ինչ որ վերոյիշեալ բոլոր պատմութիւններն ու օրինակները կը բաժնեն, այն է, թէ բոլորը ապստամբ հոգու եւ մտածողութեան նշաններ կամ սիմպօլներ են: Այս տարբեր եւ յաճախ ցանուցիր նշաններու վերլուծման եւ մեկնաբանման ընդմեջէն է, որ պիտի հասկնանք տարածաշրջանային այս յատուկ կացութիւնը, հոգինն ու ապստամբութեան ատաղձը: Այս բոլոր նշանները մաս կը կազմեն միեւնոյն հանելուկին (puzzle), որ հասկնալի կը դառնայ միայն, եթէ քով-քովի դնենք այս բոլոր նշանները եւ, անշուշտ, առանց մոռնալու ցեղասպանութեան համաթէքսթը (context): Տէրսիմի այս հայերուն պէտք է նայինք ընկերային, քաղաքական, եւ արդի պատմութեան տարբեր դիտանկիւններէ` լաւ հասկնալու համար անոնց յատուկ դիմագիծը, որը կը յատկանշէ իրենց մտածելակերպը եւ շարժումները:
Այս սիմպոլիզմը/խորհրդանշութիւնը շարունակութիւն մըն է այն արձագանքող ազատութեան կանչերուն, որոնցմով Տէրսիմը նշանաւոր էր ու տակաւին կը շարունակէ նշանաւոր մնալ պատմութեան էջերուն մէջ: Հակառակ անոր, որ Տէրսիմի այս թաքուն հայերու պայքարը հիմնականին մէջ լուռ եւ համեստ պայքար մըն է, սակայն մեծ նշանակութիւն ունի 21-րդ դարու Թուրքիոյ փոխուող ընկերային եւ մշակութային միջավայրերուն համար: Նոյնիսկ եթէ այս փոփոխութիւնները արդիւնքն են այս վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ որդեգրած աւելի մեղմ եւ յանդուրժողական քաղաքականութեան, որուն կիզակէտն է Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը, սակայն կարելի չէ արհամարհել այս թաքուն հայերու համարձակութիւնն ու, ինչու չէ, քաջութիւնը: Ազգային ակունքներու վերադարձը եւ բացայայտումը Թուրքիոյ այս շրջաններուն մէջ ընթացող «լուռ յեղափոխութեան» մը մէկ երեւոյթներէն է, որ կը ձգտի ընկերային բարենորոգումներու պահանջի ոգուն վերարթնացման եւ վերակենդանացման: Այս բոլորին կը ձգտի ոչ թէ զինեալ պայքարով (գոնէ հայերուն պարագային), այլ լուռ եւ շարունակական մերժումով մը այն ամէն ինչին, որ կանխամտածուած ձեւով կը հրամցուի անոնց, եւ որն է Թրքական իւրաշրջում կամ ասիմիլացիա:
Leave a Reply