Ըստ երեսփոխան Ալթան Թանի՝ Թուրքիոյ մէջ մայրենի լեզուով ուսուցման իրաւունքը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել

Altan TanՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Ալթան Թան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ մայրենի լեզուով ուսուցման խնդիրին։ Երբ լրագրողներ յիշեցուցին, որ կառավարութեան նոր ծրագիրին մէջ տեղ պիտի տրուի նաեւ մայրենի լեզուով դասաւանդութեանց, Թան նախ պարզապէս ըսաւ. «Լաւ կ՛ըլլայ», ապա աւելցուց հեգնանքով. «Տակաւին երէկ Պիւլենտ Արընչ մեզ Իրաքի Քիւրտիստանը կը ղրկէր, մայրենի լեզուի համար։ Կ՛երեւի ճամբորդական տոմսակը ջնջուած է»։
Անդրադառնալով նաեւ Ապտուլլահ Օճալանի այն հրահանգին, ըստ որուն՝ պէտք չէ կառավարութեան «պաղատիլ» մայրենի լեզուին համար՝ Թան ըսաւ. «Մենք ո՛չ մէկուն կը պաղատինք, մուրացկան չենք. տեսնուած չէ, որ մուրացկանէն թագաւոր ստեղծուի։ Իրաւունքը չի տրուիր, կ՛առնուի։ Մենք պաղատելու, աղաչելու, թշուառ դիրքի մատնուելու վիճակի մէջ չենք։ Որեւէ սակարկութեան ալ չենք գար. մենք եւ բոլոր քիւրտերը, նաեւ ալաուիները, ամէնէն ուշը՝ քանի մը տարուան մէջ, անպայմա՛ն պիտի ստանանք մեր բոլոր իրաւունքները»։
Ան հետաքրքրական կարծիքներ յայտնեց նաեւ Պոլսոյ գերխճողուած վիճակին մասին՝ ըսելով, որ քաղաքը կը գտնուի քանդումի մեծ աղէտի մը առջեւ եւ մեծ աճապարանքով պէտք է Պոլսոյ բնակչութեան կէսը քաղաքէն հեռացնել: Այս նպատակով, Թան խորհրդարանէն պահանջեց հիմնել «Պոլիսը փրկելու նախարարութիւն» մը։

http://asbarez.com/arm/172810/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ