«Րատիքալ»-ի մէջ` ցնցիչ յօդուած

ՄԱՐՄԱՐԱՊասքըն Օրան կը խօսի իր ստացած մահուան սպառնալիքներուն ու նախատինքներուն մասին

Երէկ «Րատիքալ» թերթի կիրակնօրեայ յաւելուածականին մէջ խիստ ցնցիչ յօդուած մը հրատարակած էր Պասքըն Օրան, որ, ինչպէս ծանօթ է, հինէն ի վեր հայերու ի նպաստ կեցուածք ունեցող քաջարի հրապարակագիր է։ Գիտէինք, որ Պասքըն Օրան Հայկական հարցի մէջ ժխտական դիրքորոշում ունեցող շրջանակներու թիրախը դարձած է երկար ժամանակէ ի վեր, եւ թէ ան սպառնալիքներ կը ստանար հոսկէ-հոնկէ, բայց երէկուան յօդուածը կը բանայ իր ստացած սպառնական նամակներուն անծանօթ ծալքերը ու ցոյց կուտայ, թէ պատկերը որքան մտահոգիչ է։ Սպառնալիքներուն մէկ մասը եկած է «Ակօս»-ի խմբագրութեան հասցէով, մէկ մասն ալ` ուղղակի իրեն։ Պասքըն Օրան չի վարանիր եղածին պէս հրապարակելէ ստացուած սպառնական նամակներուն մէջ գործածուած բառերը, որոնք ծայրաստիճան ծանր են թէ սպառնալիքի տեսակէտէ, թէ նախատինքի տեսակէտէ, նախատինք, որոնք կը հասցէագրուին ոչ միայն Պասքըն Օրանի նմաններուն, այլ նաեւ Հայ ժողովուրդին, կամ «Հայ» անուան։

Պասքըն Օրան կը յիշեցնէ, որ առաջին նամակը «Ակօս»-ի հասցէին ղրկուած էր 2008 թուականին, որու մէջ նամակագիրները, շատ ծանր բառեր գործածելով, կ՚ըսէին, որ «բոզի զաւակները պէտք է գիտնան, որ Հրանդ Տինքէն վերջ մեր թիրախը պիտի ըլլայ Պասքըն Օրանը, այս կեղտն ալ մէջտեղէն պիտի վերցուի, հայերու պաշտպանները հանգիստ պիտի չկարենան քնանալ»։ Այս նամակը եւ յաջորդները ստորագրուած էին իրենք զիրենք «Թուրք վրիժառութեան ջոկատ” կոչած մարմնի մը անունով։

Պասքըն Օրան նմոյշներ կուտար ուրիշ նամակներէ ալ, որոնց բովանդակութիւնը նոյնքան մտահոգիչ ու ծանրակշիռ էր։ Պասքըն Օրանը կ՚ամբաստանուէր որպէս մէկը, որ իր կեանքը կ՚անցընէր Հայերու պնակալիզութիւնը ընելով, եւ որ Թուրքիոյ հողերուն վրայ չէր կրնար հանդուրժել «Թուրք» բառին։ Նամակներու մէջ կը թելադրուէր, որ ան Հայաստան երթար, ապա թէ ոչ մահը անխուսափելի պիտի ըլլար անոր համար։ Նոյնիսկ նամակներէն մէկուն մէջ տրուած էր մահափորձի թուական մը որ 17 Յունիս էր։ Անշուշտ այդ 17 յունիսը անցաւ առանց միջադէպի, բայց սպառնալիքները կը շարունակուէին։

Պասքըն Օրանի բուն նպատակն է գանգատիլ Թուրքիոյ դատարաններուն այս խնդրի դիմաց ցուցաբերած անբաւարարութենէն։ Դատարանները կտրուկ կեցուածք մը չեն կրցած ունենալ։ Իսկ Պասքըն Օրանի գանգատը հետեւեալն է.

«Ինչ որ հիմա զիս կը շահագրգռէ, այն հարցումն է, թէ Թուրքիոյ դատարանները ինչպիսի՞ դիրք մը պիտի գրաւէին, եթէ ինծի եղած նախատինքներուն ու սպառնալիքներուն մէկ միլիոներորդը ուղղուած ըլլար վարչապետ Էրտողանին»։

Պասքըն Օրան դիմեր է Վճռաբեկին ու հիմա կը սպասէ տեսնելու, թէ ինչ պիտի ըլլայ արդիւնքը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ