Փատտաբանները բացատրութիւն տուին Հրանդ Տինքի դատավարութեան փուլերուն մատին

ՄԱՐՄԱՐԱ«Մինչեւ այսօր որեւէ արդիւնք չկրցանք քաղել, այս դատը դեռ քանի մը տարի կը շարունակուի»,- ըսաւ Ֆեթհիյէ Չէթին

Ինչպէս հաղորդուեցաւ արդէն, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը 17 սեպտեմբերին դարձեալ պիտի սկսի` այս անգամ նոր փուլի մը մէջ մտնելով, քանի որ Վճռաբեկ ատեանը բեկանեց դատարանին նախկին այն որոշումը, ըստ որու` այս սպանութեան ետին գաղտնի կազմակերպութիւն մը չկայ, ոճիրը պարզապէս անհատի յանցագործութեան բնոյթ ունի։ Այս առիթով երէկ իրենք զիրենք Հրանդ Տինքի ընկերները անուանող խմբակի կողմէ Կալաթասարայ Ճէզայիր հաւաքասրահի մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ելոյթ ունենալու հրաւիրուած էին փաստաբաններ Ֆէթհիյէ Չէթին, Հաքան Պաքըրճըօղլու, Իսմայիլ Ճէմ Հալավութ։ Փաստաբանները բացատրութիւններ պիտի տային բոլոր այն փուլերուն մասին, որոնցմէ անցաւ այս դատավարութինը։

Առաջին խօսք առնողը Կարօ Փայլանն էր, որ դիտել տուաւ, որ ինք եւ իր ընկերները, որոնք կը նկատուին Հրանդ Տինքի ընկերները, միշտ ներկայ գտնուեցան բոլոր ոգեկոչումներուն ու դատական նիստերուն։ Բայց մինչեւ հիմա որեւէ արդիւնքի չկրցանք յանգիլ, ըսաւ ան։ Դատավարութիւնը, որ հինգ տարուան անցեալ մը ունի ներկայիս, արձակեց վճիռ մը, որ բեկանուեցաւ Վճռաբեկ ատեանին կողմէ։ 17 սեպտեմբեր` երեքշաբթի, դատավարութիւնը պիտի վերսկսի Չաղլայանի դատասրահին մէջ։ «Մենք ալ, որպէս Հրանդ Տինքին ընկերները, բոլորս ալ հոն պիտի ըլլանք ու պիտի սպասենք, որ ամէն մարդ ներկայ գտնուի»,- ըսաւ Կարօ Փայլան։

Փաստաբաններէն առաջին խօսողը եղաւ Հաքան Պաքըրճըօղլու, որ տուաւ դատավարութեան անցեալի զարգացումներուն մասին բացատրութիւններ։ Յիշեցնելով, որ նախապէս դատարանին կողմէ արձակուած վճիռը բեկանուեցաւ Վճռաբեկին կողմէ, ըսաւ, որ հիմա դարձեալ պիտի սկսի դատավարութիւնը։ «Մենք պահանջեցինք, որ հանրային պաշտօնեաներու եւ Էրկէնէքոնի անդամներու դատավարութեան թղթածրարները միացուին Հրանդ Տինքի դատավարութեան»,- ըսաւ Պաքըրճօղլու։

Այնուհետեւ խօսեցաւ փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթին, որ գլխաւոր պաշտպան փաստաբաններէն մէկն է առաջին օրէն ի վեր։ Ան ըսաւ, որ սա պահուն դատավարութեան հանգրուանը դժբախտաբար նախկինէն ալ աւելի ետ մնացած վիճակ ունի։ Չէթին յիշեցուց նախկին դատարանին վճիռը, որու համաձայն` ոճիրը գաղտնի կազմակերպութեան մը գործը չէր։ Ըստ դատարանին` Հրանդ Տինքի սպանութեան գլխաւոր ազդակն էր Եասին Հայալի ազգայնապաշտ ինքնութիւնն ու քաղաքական կեցուածքը։ Այս պատճառաւ է, որ Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ։ Եասին Հայալ 2004 թուականին խմբակ մը կազմած էր։ Իսկ Հրանդ Տինքն ալ արդէն դատապարտուած էր թրքութիւնը նախատած ըլլալու ամբաստանութեամբ, այս պատճառաւ Եասին Հայալ ու ընկերները որոշած էին պատժել Հրանդ Տինքը։ Հոգեւորականի մը վրայ գործուած յարձակումը եւայլն այս խմբակին գործն էր։ Բայց անոնց բուն թիրախն էր Հրանդ Տինքը։ Խմբակին անդամներէն Էրհան Թունճէլն ալ Լրաքաղութեան կազմակերպութենէն հեռացած ու այս խմբակին մաս կազմած էր։ Այս էր դատարանին տեսակէտը։

Ֆէթհիյէ Չէթին դիտել տուաւ, որ դատարանները բազմաթիւ կարեւոր կէտեր անտես առած են։ Օկիւն Սամասթի կարգ մը յայտարարութիւնները ասոնցմէ են։ Օրինակ` ան սապէս ըսած է. «Հրանդ Տինքը հայ ժողովուրդին Աթաթիւրքն է, եթէ զայն զարնենք, ասիկա շատ ձայն կը բերէ, հայերը կը սկսին վախնալ եւ խոյս տալ, երկրին մէջ ալ քաոս կը ստեղծուի»։

Ուրիշ օրինակ մըն ալ կայ։ Եասին Հայալ «Ակօս» թերթի խմբագրատուն գնաց ու հոնկէ իր «երէց եղբայրներուն» հեռաձայնեց` ըսելով, որ հոն թուրք ապահովութեան պաշտօնեայ կայ, անոր վրայ պէտք չէ կրակել, միայն Հրանդ Տինքի վրայ է, որ պէտք է կրակել։ Դատարանը բնաւ նկատի չէ առած այս մանրամասնութիւնները։ Այսպիսի բազմաթիւ օրինակներ կան։ Դատարանը սխալած է թէ գաղտնի կազմակերպութեան հարցին մէջ, թէ կազմակերպութեան նպատակին մէջ, թէ կազմակերպութեան անդամներուն ինքնութեան հարցին մէջ։ «Հակառակ որ այսքան աշխատեցանք, դժբախտաբար մէկ քայլ անգամ չկրցանք յառաջանալ», ըսաւ Փաստաբան Չէթին։

Ֆէթհիյէ Չէթին շատ ալ լաւատես չէր իր լուսաբանութիւններուն մէջ։

«Այս դատավարութիւնը հաւանաբար քանի մը տարի պիտի շարունակուի, դատը ձգձգելով մէջտեղէն վերցնելու ջանք մը կայ»,- ըսաւ փաստաբան Չէթին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ