Արամ Արք. Աթէշեան ահազանգ կը հնչեցնէ Թուրքիոյ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացման վտանգին շուրջ

Արամ Արք. ԱթէշեանԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներուն թիւը օրէ օր կը նուազի», «Հապերլեր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ահազանգած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Աթէշեան, որ Սիլվանէն է, ցաւ յայտնած է, որ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող Սասուն, Սիլվան եւ Պիթլիս բնակավայրերուն մէջ միայն տասը եկեղեցիներ մնացած են, մինչ անցեալին անոնց թիւը երկու հազարի կը հասնէր:
Աթէշեան նաեւ նշած է, որ Սասնոյ մէջ հայկական ծիսակատարութիւններ իրականացնելու շնորհիւ, Թուրքիան աւելի ազատ երկիր մը դարձած է:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը յիշած է, որ մինչեւ 1914, Թուրքիոյ մէջ կային 2170 եկեղեցիներ, սակայն ներկայիս կանգուն կը մնայ անոնցմէ միայն 45ը:

http://asbarez.com/arm/172235/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ