Փասատինայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի նախագիծը վաւերացուեցաւ

ՓասատինաՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Փասատինա ՍթարՆիուզ».- Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդը երկուշաբթի, սեպտեմբեր 9ին միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերու յիշատակին նուիրուած յուրշարձանի կառուցման նախագիծը: Յուշարձանը պիտի կանգնեցուի Փասատինայի «Մեմորիըլ» զբօսայգիին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ:
Քուէարկութենէն առաջ այս հարցով ելոյթ ունենալու դիմում կատարած են 36 անձեր, որոնց գերակշռող մեծամասնութիւնը յուշարձանը կառուցելու ի նպաստ արտայայտուած է:
Նաեւ, 1093 հոգի խնդրագիր-դիմում ստորագրած է՝ աջակցելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին առիթով քաղաքին մէջ յուշարձան հաստատելու գաղափարին: «Շատեր լաւապէս ծանօթ չեն Ապրլի 24ի հետեւանքներուն՝ Թուրքիոյ կառավարութեան վարած շարունակական ժխտողական քաղաքականութեան պատճառով: Այս յուշարձանը պէտք չէ միայն ոգեկոչէ անցեալի իրադարձութիւնները, այլ նաեւ պէտք է փարոս մը ըլլայ ապագայ սերունդներուն համար, որպէսզի անոնք չմոռնան ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք անարդարութեան զոհ դարձած են», ըսած է Փասատինայի նախկին ոստիկանապետ Պարնի Մելիքեան, որ անդամ է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը կառուցելու նպատակով կազմուած յանձնախումբին:
Մինչ որոշ վեթերաններ յայտնած են, թէ «Մեմորիըլ» զբօսայգիին մէջ պէտք է ըլլան միայն ամերիկացի զինուորական զոհերու նուիրուած յուշարձաններ, քննարկումներու աւարտին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը կառուցելու որոշումին ի նպաստ քուէարկած են քաղաքապետական խորհուրդի բոլոր անդամները: Քննարկումին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ի նպաստ արտայայտուած են նաեւ այլ վեթերաններ:
«Կը կարծեմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանը կենսական նշանակութիւն ունի համայնքին համար», ըսաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Թերի Թորնեք:
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին համապատասխան արձանագրութեամբ նշեալ յուշարձանի նախագիծին հեղինակն է Քեթրին Մենարտ: Նախագիծին համաձայն՝ յուշարձանը պիտի ըլլայ 16 ոտք բարձրութեամբ եւ բոլորակաձեւ (28 ոտք տրամագիծով) յարդակով եռանկիւն ցայտաղբիւր մը, որմէ 21 երկվայրկեան անգամ մը մէկ կաթիլ ջուր պիտի ցայտի: Այդ արագութեամբ, մէկ տարուան ընթացքին աղբիւրին մէջ 1.5 միլիոն կաթիլ ջուր պիտի հաւաքուի՝ խորհրդանշելով Ցեղասպանութեան զոհերը:

http://asbarez.com/arm/171853/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ