Քրտական կողմը կը պնդէ որ կառավարութիւնը տպասուած քայլերը տակաւին չէ առած
Մօտաւորապէս ինը ամիսներէ ի վեր քիւրտ անջատողական ուժերու կողմէ կատարուած յարձակումները դադրած են։ Ասիկա արդիւնքն է հաշտութեան գործընթացին, որ հաստատուեցաւ Ա-Գէ-Փէ կառավարութեան ու ՓՔՔ-ն ներկայացնող ուժերու միջեւ։ ՓՔՔ ընդունեց վար դնել զէնքերը եւ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս քաշել իր զինեալ ուժերը։ Ատոր փոխարէն կառավարութիւնն ալ պիտի իրականացնէ ժողովրդավարացման գործընթացը ու պիտի լուծէ քրտական խնդիրը։
Առաջին ամիսերուն գործընթացը բաւական լաւ ընթացաւ. ՓՔՔ-ական մարտիկներ սկսան դուրս ելլել Թուրքիայէն։ Թէեւ գործընթացը դանդաղ կը քալէր, բայց կը քալէր։ Ասիկա առաջին հանգրուանն էր։ Յետոյ քրտական կողմը սկսաւ յայտնել, թէ կարգը եկած էր երկրորդ հանգրուանին, որու ընթացքին կառավարութիւնն ալ պէտք է իր քայլերը առնէր։ Կը թուի, թէ այս երկրորդ հանգրուանը տակաւին չէ իրականացած, ու քրտական կողմը դժգոհ է։ Պէ-Տէ-Փէ ու ՓՔՔ-ի միւս ճիւղը հանդիսացող Քա-Ճէ-Քա կազմակերպութիւնը քանիցս յայտարարեցին, որ կառավարութիւնը կ՚ուշանար իրմէ սպասուած քայլերը առնելու։ Հետաքրքրական էր, որ մինչ քրտական կողմը շարունակ կը խօսէր, կառավարութիւնը կը լռէր ու կը խուսափէր որեւէ բացատրութիւն տալէ։ Կառավարութիւնը իրականութեան մէջ ի՞նչ խոստացած էր քիւրտերուն, որ անոնք հիմա դուրս կը քաշէին իրենց զինեալ ուժերը։
Երէկ վերջապէս քրտական կողմը ցոլացուց իր յուսախաբութիւնը։ Քա-Ճէ-Քա պաշտօնապէս հաղորդեց, որ զինեալ ուժերը Թուրքիայէ դուրս հանելու գործընթացը կը կեցնէ, քանի որ Ա-Գէ-Փէ կառավաորւթիւնը տակաւին որեւէ քայլ չէ առած ժողովրդավարացման ծրագրի ու քրտական հարցը լուծելու խնդրի մէջ։ Պէ-Տէ-Փէի համանախագահներն ու Քա-Ճէ-Քէի ներկայացուցիչները դիտել տուին, սակայն, որ ասիկա չի նշանակեր, որ հաշտութեան գործընթացը կասեցաւ ու կանգ առաւ վերջնականապէս։ Պարզապէս զինեալ ուժերը դուրս հանելու գործընթացն է, որ կը կենայ մինչեւ, որ կառավարութիւնը քայլ մը առնէ։
Պէ-Տէ-Փէցի Փէրվին Պուլտան ըսաւ, որ այս կացութեան միակ պատասխանատուն Ա-Գէ-Փէ կառավարութիւնն է, եւ հիմա իրենք դարձեալ պէտք է հանդիպում մը ունենան Իմրալըի մէջ Ապտուլլահ Էօճալանի հետ։
Քրտական կողմը դիտել տուաւ, որ միամտութիւն կ՚ըլլայ սպասել, որ գործընթացը կրնայ քալել միայն մէկ կողմի զոհողութիւններով ու զիջողութիւններով։ Կառավարութիւնը պէտք է ժամ առաջ քայլ առնէ քրտական հարցը լուծելու համար, բայց կը թուի, թէ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնը մօտալուտ ընտրութեան հաշիւները կ՚ընէ ու գործընթացը կը դանդաղեցնէ, կ՚ըսէ քրտական կողմը։
Leave a Reply