Հայկական հարցին արմատը ուղղակի դրամ է

ՄԱՐՄԱՐԱ«Սապահ»-ի այսօրուան թիւին մէջ յայտնի քրոնիկագիր Էնկին Արտըչ շատ ուժեղ յօդուած մը ունի հայկական հարցի մասին։ “Հայկական խնդրի արմատը դրամ է” խորագրեալ այս յօդուածը, ինչպէս խորագրէն ալ յայտնի կը դառնայ, կ՚ընդգծէ այն իրողութիւնը, թէ 1915-էն վերջ Օսմանեան եւ Թուրքիոյ քաղքենիութիւնը հիմնուեցաւ փոքրամասնութիւններու սպանդէն եւ աքսորէն գոյացած թալաններու վրայ։

Էնկին Արտըչ դիտել կուտայ, որ հայկական հարցի մէջ հարցը ոչ թէ հողային խնդիր է, այլ ուղղակի դրամական խնդիր։ Թուրքիոյ մէջ 1914-ին մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար հայ կայ եղեր, իսկ 1927-ին մնացեր է հազիւ 77 հազար։ Ասիկա յստակ է։ Չենք հարցներ, թէ այս մարդիկը ո՞ւր գացին, յայտնի է` ուր գացին, ոմանք` միւս աշխարհ, ոմանք` Սուրիա եւ Լիբանան, ոմանք ալ հոնկէ Ֆրանսա, Ամերիկա եւ Գանատա։ Այս մարդիկը Անատօլուի մէջ թէ հողագործ, թէ խանութպան եւ թէ արհեստաւոր էին։ Ամբողջ Անատօլուի վրայ տարածուած ապրանք եւ կալուած ունէին, դրամատուներուն մէջ` դրամ, գործատեղիներ, խանութներ, աշխատանոցներ, տուներ, դաշտեր, անասուններ, այգիներով շրջապատուած կալուածներ։ Ասոնց մասին որեւէ լուրջ ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած։ Ուստի օսմանեան տնտեսութեան պատմութիւնը գրի առնուած է` առանց որ մէկը անդրադառնայ ոչ իսլամներու տնտեսութեան։

Էնկին Արտըչ, այս խորհրդածութիւնները ընելով, դիտել կուտայ, թէ իրեն ծանօթ տնտեսագէտներէն ոչ մէկը, նոյնիսկ իր լուսահոգի տէքանը, երբեք չեն անդրադարձած տնտեսական այս նիւթին։ Չենք կարծեր, որ չէին գիտեր, պարզապէս վախցած ըլլալու էին, չէին ուզած իրենց գլխուն գործ բանալ` այս խնդրին մասին խօսելով։  Այս պատճառաւ մեզի շարունակ պատմեցին, որ օսմանեան կայսրութեան մէջ քաղքենի դասակարգ չկար, իսկ փոքրամասնութիւնները «մեծահարուստ դաւաճաններ» էին։ Այսպէս կը հայհոյէին փոքրամասնութիւններուն։

Իրականութիւնն այն է որ հայկական ապրանքները տեղահանութենէն ետք Անատօլուի ժողովուրդին կողմէ թալանուեցան կամ բաժնուեցան։ Տուները, արտերը ձեռք փոխեցին։ Ոմանք մեկնողներուն ապրանքներուն վրայ ձեռք դրին, ուրիշներ ալ, ուղղակի տէրերը սպաննելով, անոնց ապրանքին տէր դարձան։ Այս զարգացումը անշուշտ շատ յարմար էր աւելի վերջ Իթթիհատականներու ժառանգորդը հանդիսացող Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութեան քաղաքականութեան, որ էր փոքրամասնութիւններու դրամագլուխը փոխանցել մահմետական թուրքերուն եւ ստեղծել սեփական քաղքենի դասակարգ։ Աւելի վերջ ունեւորութեան տուրքի խայտառակութիւնն ալ ասոր նոր մէկ հանգրուանը պիտի ըլլար։

1915-ին հարստացող ժողովուրդը միշտ վախցաւ, որ օր մը իրենցմէ հաշիւ պիտի պահանջուէր։ Այս պատճառաւ անոնք միշտ նեցուկ կանգնեցան Մուսթաֆա Քէմալին, որ զիրենք պիտի պաշտպանէր, եւ որուն ձեռքը, սակայն, մաս-մաքուր էր այս խնդիրներուն մէջ։

Էնկին Արտընչ սապէս կը վերջացնէ յօդուածը.

«Երբեմն հարցուցած եմ կառավարութեան զօրակցող լրագրող ընկերներու. «Իթթահատականներու գործած այս խոշոր սխալին ինչո՞ւ տէր կը կանգնիք, խե՞նթ էք դուք»։ Անոնք գոհացուցիչ պատասխան մը չէին կրցած տալ։ Ուստի ես պատասխանեմ այդ հարցումին.

«Որովհետեւ հիմա, երբ տնտեսութիւնը աղուոր կը քալէ, չենք ուզեր միլիառաւոր տոլարներու հատուցում մը վճարել։ Ասոր համար է, որ կը զօրակցինք կառավարութեան»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ