Թուրքիոյ 6-7 սեպտեմբեր 1955 ամօթի 58-րդ տարին

6-7 EylulՏօքթ. Սարգիս Ատամ

Թուրքիոյ Հանրպետութեան հռչակման սկզբնային  շրջաններուն Օսմանեան կայսրութեան Իթթիհատ վէ Թէրրաքի Ճէմիեյթի (Միութեան ու Յառաջադիմութեան կուսակցութիւն), մտայնութեան հետեւորդ կուսակցութեան մը կողմէ Թուրքիոյ 3ոքրամասնութեան  համար պատրաստուած «Ազընլըքլար Րաբօրու»-ին (Փոքրամասնութեան զեկուցումի) մէջ յոյներու վերաբերեալ ներառնուած է հետեւալ տողերը. «Այսօր Անատօլուի մէջ բնաւ յոյն չի մնացածի չափ յոյն կայ, եւ անոնք ապագային որեւէ տեղ մը վտանգ հասցնելու ի վիճակի չեն, սակայն, Իսթանպուլի յոյներու համար, մինչեւ Իսթանպուլի պաշարման 500-րդ տարելիցին խիստ միջոցառումներ ձեռնարկելը շատ կարեւոր անհրաժեշտութիւն մըն է: Իսթանպուլը առանց յոյն բնակչութեան քաղաք մը դարձնելու նպատակաւ»:

Այս մտածելակերպն իր նպատակին հասնելու համար պատրաստած կարգ մը իրադարձութիւններ եւ  միջոցներ որոնցմէ մին է, նաեւ 6-7 սեպտեմբեր 1955 իրադարձութիւնը: Օսմանեան Միութիւն ու Յառաջադիմութիւն կուսակցութեան նպատակն էր երկրի փոքրամասնութեան սեփականութեան տէր ըլլալ, անոնք կալուած ունենալէ եւ ունեվորութիւնէ զրկել եւ կայսրութեան համար «Ազգային Սեփականութեան Դրամագլուխ» մը ստեղծել: Այս նպատակաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան 1915 ի Հայոց մեծ եղեռնը, 1924-ին բնակչութեան փոխանակման մասին պայմանագիրը, 1942-1944 թուականներու միջեւ «Ունեվորութեան Տուրք»ը եւ 6-7 սեբտեմբեր 1955ի իրադարձութիւնը: Այս անմարդկային ողբերգութիւնները ու տառապելի ցաւերը օրուայ Թուրքիոյ որոշ դասակարգին նպատակներուն  հասնելու համար անկիւնադարձային լծակներ եղան:
Համաշխարհային Բ. պատերազմէ յետոյ միջազգային քաղաքական ասպարեզի մէջ քաղաքական որոշակի կշիռներ ստեղծուեցան: Կիպրոսի մէջ, Կիպրայոյներու նախաձեռնութեամբ, անգլիական գաղութատիրութեան դէմ մղուած անկախութեան պայքարը ծնունդ տուաւ Կիպրոսի հարցին, որուն դէմ անգլիացները, Կիպրոսի մէջ բնակչութեան տեսակէտով յոյներէ աւելի քիչ բնակչութիւն ունեցող թուրքերը գրգռելով, դէմ պայքարելու համար շարժման անցուծին: Այս իրավիճակը պրկեց երկու ժողովուրդի միջեւ փոխյարաբերութիւնները եւ ստեղծեց լարուած մթնոլորտ մը, որը գագաթնակէտին հասաւ: Այս կացութեան վրայ Յունաստան, Թուրքիա, Անգլիա պարտաւորուեցան խորհրդակցութեան համար դիւանագիտական եռակի համաժողովի մը շուրջ հաւաքուիլ:
Այս պրկուած մթնոլորտի տակ Սէլանիքի մէջ Աթաթուրքի ծնած տունի ռումբով հարձակումի լուրը միջավայրն ալ աւելի պրկելով`  6-7 սեպտեմբեր 1955-ի իրադարձութեան կայծը եղաւ:
Յոյներու տուները ու գործատեղիները, նախապէս կարմիր գոյնով խաչաձեւ նշուելով, մասնաւորապէս քանդելու ու թալանելու համար  մատնշուեցան, փոքրամասնութեան գերեզմանները, եկեղեցիները, դպրոցները, գործարանները, աշխատավայրերը, սրբավայրերը քանդուեցան ու թալանուեցան, կանայք հարձակումի ենթարկուելով` բռնաբարուեցան: Բոլոր այս իրադարձութիւններուն իրաւապահ մարմիները աչք գոցեծին: Նոյնիսկ թալանողներու  մէջ կային նաեւ պաշտօնական համազգեստով անձեր, որոնք հաւանաբար պաշեօնեաներ էին: Նոյն գիշէր ուշ ատեն Ռազմական դրութիւն յայտարարուեցաւ, սակայն ամինջապէս յաջորդ առտու այս դրութիւն վերձուեցաւ:
Այս իրադարձութեան տուրքը շատ ծանր եղաւ: Ըստ  www. odatv.com-ի «Ոմ գործն էր 6-7  սեպտեմբերը» վերնագրեալ յօդուածի  տուեալներու,  73 եկեղեցի, 1 գործարան, 8 սրբավայր, 1 սինակօկ, 2 վանք, 5538  անշարժ գոյք, 1004 աշխատավայր, 26  դպրոց, 5 սփօրի ակումբ, 2 գերեզման աւերակի վերածուեցաւ, աւելի քան 400 կանայք բռնաբարուեցան, աւելի քան 30 հոգի ծանր ձեւով վիրաւորուեցան եւ 3 հոգի ալ մահացան: Բացի Իսթանպուլի այս ծանր աղիւսեակի, Իզմիր քաղաքի մէջ ալ բազմաթիւ եկեղեցիներ, սրբավայրեր ու գործատեղիներ քանդուեցան: Բոլոր այս դեպքերէն վերջ տեղի ունեցան ձեռբակուլութիիւններ, սակայն կարճ ժամանակ մը վերջ բոլորն ալ ազատ արձակուեցան եւ այս ամօթը, երկար տարիներ  «Ժողովրդական զգացմունքային պատասխան» եւ «Ազգային Առացում» անուանելով փորձուեցաւ մոռացութեան յանձնել:
Իր անցեալի մէջ ապրած ռազմական հարուածներու  եւ անոր մտայնութեան հետ հաշուեկցելու սկսող ժամակակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան  ժողովուրդարութեան հայեցակարգը, յանուն մարդկութեան, արդիականութեան ու ժողովուրդավարութեան, մեծ ամօթ  6-7 սեպտեմբեր 1955-ի իրադարձութեան հետ ալ  պէտք է որ հաշուեկցի:
Շատ դժուար է որ ժողովուրդ մը  իր անցեալի մէջ սեւ էջեր, թերութիւններ, ամօթներ չունենայ, սակայն ես կը խորհիմ, թէ կարեւորն այն կէտն է, որ յանուն այդ սեւ էջերուն տուած ցաւերը ու տարապանքները մեղմացնելուն, մեր անցեալը ճիշդ կարդալով ու լաւ մեկնաբանելով` հաշուկցենք անցեալի  հետ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ