ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս Թուրքիոյ մէջ քրտական կազմակերպութիւններ եւ մասնաւորաբար Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար դէմքեր սկսած էին յաճախակի կերպով գործածելու «Քիւրտիստան» անունը։ Անոնք կը խօսէին ո՛չ միայն Իրաքի կամ Սուրիոյ «Քիւրտիստան»ներուն մասին, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ առկայ Քիւրտիստանի մը մասին՝ կեդրոն ունենալով Տիարպեքիրը։ Այդ քաղաքին մէջ նաեւ հիմնուած էր նոր միութիւն մը, որ ինքզինք կոչած էր Քիւրտիստանի երիտասարդական շարժումի միութիւն, եւ այս անունով քրտերէն ցուցատախտակ մըն ալ կախած էր միութեան դրան վերեւը։ Այդ ցուցատախտակին նկարը հրատարակուած էր կարգ մը թերթերու կողմէ։
Ուրբաթ, օգոստոս 30ին հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը առարկած է միութեան անուան դէմ եւ դիտել տուած է, որ «Քիւրտիստան» անունին գործածութիւնը յանցագործութիւն է՝ սահմանադրական օրէնքին համաձայն։ Նախարարութիւնը պահանջած է, որ միութիւնը փոխէ իր անունը ու ջնջէ «Քիւրտիստան» անունը։
Միութեան վարչութեան փոխնախագահ Ռոժէ Չակեր աւելի ուշ յայտարարեց, թէ միութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան այս հրահանգին դէմ պիտի դնէ ու անունը պիտի չփոխէ՝ աւելցնելով, թէ պատրաստ է հարցը դատավարութեան նիւթ դարձնելու։ «Եթէ Թուրքիոյ մէջ արդիւնք չստացուի, ապա Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին պիտի դիմենք», ըսաւ ան։
Թուրքիոյ մէջ «Քիւրտիստան» անունին օգտագործումը արգիլուած կը մնայ
•
Leave a Reply